ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Լուսին Քէօսէեան
Տէր եւ տիկին Մկօ եւ Ռիթա Քէօսէեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մայտա Քէօսէեան եւ զաւակունք
Տիկին Մարալ Տեմիրճեան
Տիկին Վիքթորիա Մելիքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Աղաւնի Հայրապետեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Ալիս Պալապանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Հուրի Պապոյեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Անդրանիկ եւ Քրիսթին Տեմիրճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ Քէօսէեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Խաչիկ Քէօսէեան եւ զաւակունք
Քէօսէեան եւ Տեմիրճեան ընտանիքներ
Մելիքեան եւ Պապոյեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, աներոջ, եղբօր եւ հարազատին`
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԷՕՍԷԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2015-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 18 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, շաբաթ, 19 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ, իսկ կիրակի, 20 դեկտեմբերին, հանգուցեալին բնակարանը` Պուրճ Համուտ, Սենթ Ռիթա փողոց:
—————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Սամուէլ Թէքէեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մորիս Թէքէեան
Տէր եւ տիկին Շարլ Թէքէեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ Թէքէեան եւ զաւակունք
Տիկին Վարդանուշ Ապի Սալեհ եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Աւօ եւ Կրէյս Մելքոնեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պօղոս Թէքէեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժոզեֆ Թէքէեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պետրոս Թէքէեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Տանիէլ Թէքէեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժան եւ Վարդանուշ Սարգիսեան եւ զաւակունք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԹԷՔԷԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1939-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 16 դեկտեմբեր 2015-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ հինգշաբթի, 17 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուրբաթ, 18 եւ շաբաթ, 19 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
—————————————————————————-
ՀՄԸՄ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ
ԺՈՂՈՎ
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, 18 դեկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Ներկաներուն թիւը մեծամասնութիւն պիտի նկատուի երեկոյեան ժամը 8:30-ին:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————-
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ ՖԱՆԱՐԻ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ
Կը նախագահէ եւ կը քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմի
Կը պատարագէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԹՈՐԳՈՄ ՎՐԴ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 20 դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
Առաջնորդ սրբազան հօր դիմաւորում` Լէյլաւանի մուտքին, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբով` առաւօտեան ժամը 9:00-ին:
ԾԱՆՕԹ.- Այն հայորդիները, որոնք կը ցանկան մատաղցու ոչխար նուիրաբերել կամ մատաղցու ոչխարի փոխարէն նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին հեռաձայնել 03/847485 եւ 03/157942 թիւերուն:
—————————————————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԲԵՆՕ ԹՈՆԴԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 20 դեկտեմբեր 2015-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԻՍԿՈՒՀԻ ԷՃԻՏԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 20 դեկտեմբեր 2015-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10։00-ին
—————————————————————————-
ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԸ
ՄԻՍՈՎ ԴԴՈՒՄՈՎ
ՄՈՒՍԱՔԱ + ԵՂԻՆՁ
Գին` 16.000 լիբ. ոսկի
Հեռ. 01-240214
www.badguer.com
—————————————————————————-
Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւնը
Ձեզ կը հրաւիրէ ունկնդրելու
ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ Ա. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԱԹՈՐԻՈՆ
ԵՒ ԻՆԸ ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՐԳԵՐ` ԻՆԸ ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՎ
Կատարողութեամբ`
«ԿՌՈՒՆԿ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ
Ղեկավարութեամբ`
ԴՈԿՏ. ԵԴՈՒԱՐԴ ԹՈՐԻԿԵԱՆԻ
Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Պետողլեան սրահ (Զալքա)` կիրակի, 20 դեկտեմբեր 2015, երեկոյեան ժամը 7:00-ին:
—————————————————————————-
Համազգային Լիբանանի Շրջանային վարչութիւն
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
Նախագահութեամբ`
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱԼԵՔՍ ԵՒ ՎԱԼԱՆԹԻՆԱ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆՆԵՐՈՒ
Կ՛երգեն
ՆՈՒՆԷ ԵՍԱՅԵԱՆ
ՅԱԿՈԲ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ երեքշաբթի, 5 յունուար երեկոյեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, «Լը Ռոյալ» պանդոկի «Փըրլ» սրահին մէջ:
Տոմսերը ստանալու համար դիմել Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» եւ «Աղբալեան» կեդրոններ, Համազգայինի գրախանութ եւ «Ճեքա» հաստատութիւն կամ հեռաձայնել 76-496696 թիւին:
—————————————————————————-
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւն
ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ ՆՈՒՆԷ ԵՍԱՅԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 8 յունուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
Թուագրուած տոմսերը ստանալու համար դիմել Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» եւ «Աղբալեան» կեդրոններ, Համազգայինի գրախանութ կամ հեռաձայնել 76-496696 թիւին:
—————————————————————————-
ՏՆՏԵՍ-ՊԱՀԱԿ Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Քաղաքի Հայ աւետարանական քոլեճը պէտք ունի լիբանանահպատակ, 30-55 տարեկանի միջեւ, ամուսնացեալ տնտես-պահակի մը: Հեռաձայնել ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:00-2:45, 01-349816 թիւին:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի Թոռնոյի վրայ վարպետ աշխատողի մը:
Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի հեռաձայնել 70/400377 թիւին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
—————————————————————————-
ՎԱՐՁՈՒ Է
Կահաւորուած յարկաբաժին մը` Ժել էլ Տիպի բարձունքին վրայ, 130 քառ. մեթր, գեղատեսիլ դիրք + վերելակ + 2 կառատուն, ամսական 650$: Դիմել` հեռ. 76-773771:
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՇԱԲԱԹ, 19 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
—————————————————————————-
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
5 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
ՆՈՒՆԷ ԵՍԱՅԵԱՆ
ՅԱԿՈԲ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԱԶԳԱՅԻՆ Լ. ԵՒ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
ՔՈԼԵՃԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
CHEESE & WINE
ՇԱԲԱԹ, 30 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016