Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2330

Յայտարարութիւններ ( 31 Մայիս 2019)

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը գուժէ իր նախկին վարչական անդամին`

ՎՐԷԺ ԹԱԶԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 29 մայիս 2019-ին:

————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը կը գուժէ իր երկար տարիներու Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին

ՎՐԷԺ ԹԱԶԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 29 մայիս 2019-ին:

————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի մեծ ընտանիքը կը գուժէ Այնճարի մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամներէն նախկին վարչական, Սկաուտ խորհուրդի անդամ, խմբապետ, մարզիչ, մարզիկ եւ զանազան այլ պաշտօններ ստանձնած եղբայր

ՎՐԷԺ ԹԱԶԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 29 մայիս 2019-ին:

————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Մարօ Թազեան
Տէր եւ տիկին Սագօ Թազեան եւ զաւակը` Վրէժ
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Թիւթէլեան եւ զաւակները` Կասիա եւ Հրակ
Տէր եւ տիկին Քրիստ Ադամեան եւ զաւակը` Կալի
Տիար Խաչիկ Թազեան եւ զաւակունք
Տիար Յովհաննէս Փանոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ Քէօշէեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժան Գատատօ եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Զարեհ Թովմասեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Սագօ Գազանճեան եւ զաւակունք
Թազեան եւ Գազանճեան ընտանիքներ
Թիւթէլեան եւ Ադամեան ընտանիքներ
Գույումճեան եւ Փանոսեան ընտանիքներ
Քէօշէեան եւ Գատատօ ընտանիքներ
Թովմասեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, մօրեղբօր, հօրեղբօր, քեռայրին եւ հարազատին`

ՎՐԷԺ ԹԱԶԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 29 մայիս 2019-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 31 մայիսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին, յետ թաղման արարողութեան, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ շաբաթ, 1 յունիսին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00 եւ կիրակի, 2 յունիսին հանգուցեալին Այնճարի բնակարանը, իսկ երկուշաբթի, 3 յունիսին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին «Պապիկեան» սրահին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղին:

————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն

ՍԵՐՈԲ ԻՍԿԵՆՏԵՐԵԱՆԻ
(ՊԱՂՏԱՏՑԻ ՍԵՐՈԲ)

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 28 մայիս 2019-ին:

————————————-

Image may be NSFW.
Clik here to view.
ՀՅԴ «Գ. ՆԺԴԵՀ» ԿՈՄԻՏԷԻ

ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ԼՍԱՐԱՆ-ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Նիւթ`

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՐՑԱԽ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԴԱՇԻՆՔ»

Զեկուցաբեր`

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ

Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 31 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Գ. Նժդեհ» ակումբի նորակառոյց սրահին մէջ:

ՀՐԱՒԷՐ

————————————-

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Կազմակերպութեամբ`
ՀՅԴ «ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ» ԿՈՄԻՏԷԻ ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ

Նախագահութեամբ`
ՄԱՐԱՇԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

Մայիսեան Յաղթանակներուն նուիրուած
ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ-ՓԱՌԱՏՕՆ

Կ՛երգեն`
ՆԵՐՍԻԿ ԵՒ ԱՐԱԲՕ ԻՍՊԻՐԵԱՆՆԵՐ
Ընկերակցութեամբ` «ՏԱՐՕՆ» նուագախումբին

Եւ Լիբանանէն`
ՍԵՐՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Ընկերակցութեամբ` ՍԵԴՕ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին խօսքը կը փոխանցէ`
ՏՈՔԹ. ԷԼԻ ԹԱՇՃԵԱՆ

Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 2 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկեալ, Պուրճ Համուտի «Աբրահամ Աշճեան» փողոցի «Արին» կեդրոնին կից:

————————————-

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը եւ
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւնը

ձեզ կը հրաւիրեն մասնակցելու`

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ
ԵՒ
ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԻ

Վախճանեալ
ՀԱՅՐ ԳԷՈՐԳ Ծ. ՎՐԴ. ԵՂԻԱՅԵԱՆԻ
(Միաբան Զմմառու)

Վախճանման քառասունքին առիթով

Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի, 2 յունիս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

————————————

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԱՐՄԵՆՈՒՀԻ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 2 յունիս 2019-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ԳՐԻԳՈՐ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 2 յունիս 2019-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Polo Travel կարիքը ունի գրասենեակի մէջ աշխատող օրիորդի մը: Դիմել` հեռ. 03-881944, e-mail.- Polotravel@hotmail.com

————————————-

ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ

Արշօ Թիւթիւնճեանի մահուան առիթով Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.

Տիկին Մարիա Աճեմեան 50.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Կարօ եւ Քարոլ Աճեմեան 50.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Ժաք եւ Արտա Էքմեքճի 100.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Վահէ եւ Արտա Խաչատուրեան 100.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Սեւան Պաղճեան 100.000 լ. ո., Մարգարեան ընտանիք 100.000 լ. ո., Հայկազեան համալսարանի տիկնանց օժանդակ մարմին եւ Պուք Քլապի 50.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Սեպուհ Պապահէքեան 100.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Թանիա Փափազեան 50.000 լ. ո., տոքթ. Սիլվա Վահանեան 100.000 լ. ո., տիկին Մարի Պոզիքեան 50.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Աւետիս Տեմիրճեան 150.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Աւօ եւ Քարլա Թիւթիւնճեան 100$, տէր եւ տիկին Քարլօ եւ Սիւզի Տեմիրճեան 30.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Րաֆֆի Եսայեան 50$, տիար Գրիգոր Նահապետեան 40.000 լ. ո., տիկին Գոհար Խաչատուրեան 300.000 լ. ո.:

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

«ԱՐՄԻՍ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՄԵՐԳ

ԿԻՐԱԿԻ, 2 ՅՈՒՆԻՍ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ «ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ

ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆ 2019

8 ԵՒ 9 ՅՈՒՆԻՍ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

– ԸՆԹՐԻՔ-

8 ՅՈՒՆԻՍ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳՈՒՍԱՆ» ՍԵՆԵԿԱՅԻՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲ

30 ՅՈՒՆԻՍ 2019


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2330

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>