Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Յայտարարութիւններ ( 13 Յունիս 2019)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Վիգէն Պասմաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարապետ Թահմաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գեղամ Բրուտեան եւ զաւակունք
Պասմաճեան եւ Թահմաճեան ընտանիքներ
Բրուտեան եւ Յակոբեան ընտանիքներ
Ճիպէլեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`

ԵՂԻՍԱԲԷԹ (ԱՆԻ) ՊԱՍՄԱՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՅԱԿՈԲԵԱՆ)

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 12 յունիս 2019-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 13 յունիս 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:

————————————-

ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
ԵՒ ՕԾՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Հանդիսապետութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

15-16 յունիս 2019-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ աբեղայական ձեռնադրութիւն եւ օծում պիտի կատարուի

Պատարագիչ եւ ձեռնադրիչ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
(Առաջնորդ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի)

Աբեղայութեան կարգ պիտի ստանան`

– ՃՈՐՃ ՍՐԿ. ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
– ՄՈՒՇԵՂ ՍՐԿ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
– ՇԱՀԷ ՍՐԿ. ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
– ՃՈՐՃ ՍՐԿ. ՊՐԻԽԱՆԵԱՆ

ՇԱԲԱԹ
Կոչման արարողութիւն`երեկոյեան ժամը 5:00-ին
ԿԻՐԱԿԻ
Սուրբ պատարագ`առաւօտեան ժամը 9:30-ին
Ձեռնադրութիւն`առաւօտեան ժամը 10:00-ին
Քարոզ`առաւօտեան ժամը 11:00-ին

ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ

————————————-

————————————-

ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ

ԱԶԴԱՐԱՐԱԳԻՐ

Լիբանանի հայոց թեմի Դատաստանական խորհուրդը 15 մարտ 2019-ին արձակեց պարոն Վաչէ Ստեփան Քէօֆթէեանի եւ տիկին Սիլվա Արմենակ Գարատլեանի ամուսնալուծման դիմումին վերաբերեալ թիւն 11/19 վճիռը:

Սոյն կոչնագիրը համազօր է վճիռի հաղորդման, որով այս թուականէն սկսեալ, ենթակաները ունին 40 օր` իբրեւ վերադատ ատեանին դիմելու ժամանակամիջոց:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ ստանալու համար, կը խնդրուի դիմել Ազգային առաջնորդարանի Դատաստանական խորհուրդի գրասենեակ:

Ի դիմաց`
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ

————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ

«ԿԱԼԱ» ԸՆԹՐԻՔ

21 ՅՈՒՆԻՍ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳՈՒՍԱՆ» ՍԵՆԵԿԱՅԻՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲ

30 ՅՈՒՆԻՍ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ

60-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՑԿԵՐՈՅԹ

24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>