Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Յայտարարութիւններ ( 19 Յունիս 2019)

$
0
0

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը շրջանի բնակիչներուն ուշադրութեան կը յանձնէ, թէ ընդհանուր ապահովութեան, մաքրութեան եւ կենսոլորտի պահպանումին համար որոշած է հետեւեալը.

Ա.- Քաղաքացիներէն եւ շրջանի բնակիչներէն կը պահանջուի սոյն գրութեան թուականէն մինչեւ երկու ամիս իրենց շէնքերու տանիքներէն վերցնել հեռատեսիլի «անթեն»-ները, աղբերը եւ բոլոր հին ու լքուած իրերը:

Բ.- Բնակիչներու այս աշխատանքը դիւրացնելու համար վերոյիշեալ երկու ամիսներուն ընթացքին, կիրակի օրերը առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00, քաղաքապետարանի բեռնակառքեր պիտի շրջին թաղերուն մէջ: Բնակիչներուն կը մնայ տանիքներէն իջեցնել այդ «անթեն»-ներն ու իրերը, եւ քաղաքապետարանի բեռնակառքերը կը ստանձնեն զանոնք փոխադրելու ու թափելու աշխատանքը:

Գ.- Երկու ամսուան ժամանակամիջոցի աւարտին, քաղաքապետարանի աշխատակազմը պիտի ստուգէ տանիքներուն վիճակը, եւ չմաքրուած տանիքներուն պատասխանատուները պիտի ստիպուին մաքրել ու հոգալ փոխադրութեան եւ թափելու ծախսերը:

Յոյս ունինք, որ քաղաքացիներն ու բնակիչները կ՛ընդառաջեն ու կը գործակցին այս նախաձեռնութեան հետ, ի խնդիր ընդհանուր ապահովութեան, մաքրութեան եւ կենսոլորտի պահպանումին:

ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Քաղաքապետ Պուրճ Համուտի

————————————-

ԴՊՐԵՎԱՆՔ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ

ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏՈՒԹԵԱՄԲ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

89-ՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ

Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 21 յունիս 2019, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, Պիքֆայա:

ՀՐԱՒԷՐ

————————————-

Ս. ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԵՒ Ս. ԳԱՅԵԱՆԵԱՆՑ
ԿՈՅՍԵՐՈՒ ՏՕՆ

Հանդիսապետութեամբ

ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ
Լիբանանի հայոց առաջնորդ

Շաբաթ, 22 յունիս 2019, երեկոյեան ժամը 6:00, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ժամերգութիւն, սուրբ կոյսերու մասունքով թափօր, սուրբ պատարագ եւ ջրօրհնէք

Պատարագիչ եւ քարոզիչ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՆԱՆԻԱ Ծ. ՎՐԴ. ԳՈՒՃԱՆԵԱՆ

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ հայորդիները` մասնակցելու եկեղեցական արարողութիւններուն եւ սրբուհիներուն բարեխօսութեամբ ստանալու Աստուծոյ օրհնութիւնը:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

————————————-

ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի Անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 24 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:

ԾԱՆՕԹ.- Ներկաներուն թիւը մեծամասնութիւն պիտի նկատուի երեկոյեան ժամը 9:00-ին:

————————————-

ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Կիպրոսի մէջ կալուածի, բնակարանի առք ու վաճառքի, ինչպէս նաեւ կեցութեան արտօնագիրի եւ իրաւաբանական հարցերու կարգաւորման համար հեռաձայնել + 35799488915 թիւին:

————————————-

ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Անթիլիաս-Մըզհեր կահաւորուած, 3 ննջասենեակ, հիւրասենեակ, 2 պատշգամ, 3-րդ յարկ, ծովահայեաց: Ամսական 700$: Հեռ. 03-210051:

————————————-

ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Պուրճ Համուտի մէջ, Ա. յարկ, տարածք 120 քառ. մեթր` 3 սենեակ, սրահ եւ յարակից բաժիններ: Կարելի է օգտագործել գրասենեակներու, պահեստի եւ այլ նպատակներով:

Դիմել` հեռ. 01-264505 եւ 03-132843, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00, երկուշաբթիէն ուրբաթ օրեր:

————————————-

ՈՒՍՈՒՑԻՉԻ ԿԱՐԻՔ

Քաղաքի Հայ աւետարանական քոլեճը կարիքը ունի վկայեալ ուսուցիչներու` զանազան նիւթերու մէջ: Հետաքրքրուողներ իրենց «Սի. Վի.»-ն կրնան ղրկել principal@aecbeirut.edu.lb հասցէին:

————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ

«ԿԱԼԱ» ԸՆԹՐԻՔ

21 ՅՈՒՆԻՍ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳՈՒՍԱՆ» ՍԵՆԵԿԱՅԻՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲ

30 ՅՈՒՆԻՍ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ

60-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՑԿԵՐՈՅԹ

24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Trending Articles