Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (1 Յուլիս 2019)

$
0
0
ՀԱՅ ՊԱՐԻ ԵՐԵԿՈՅ

Կազմակերպութեամբ`
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Տեղեկատուական Գրասենեակին

Մասնակցութեամբ`
«Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան «Արեգ» պարախումբին
Համազգայինի «Քնար» պարախումբին
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբին

2 յուլիս 2019, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ:

Հրաւիրուած են մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները:

————————————-

«ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ
2-4 ՅՈՒԼԻՍ, ԱՆԹԻԼԻԱՍ

Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Կազմակերպութեամբ`
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

————————————-

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃԷՆ
21 ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԿԸ ՅԱՋՈՂԻՆ ՊՐԷՕՎԷԻ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ

Քոլեճի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ պրէօվէի քննութեան ներկայացած իր 22 աշակերտներէն 21-ը յաջողած են:

Ասատուրեան Փաթիլ, Առաքելեան Քրիստափոր, Մարտիրոսեան Լիակ (լաւ յիշատակութեամբ) Արապօղլեան Տաթեւ, Ատուրեան Նարեկ, Նաքքաշեան Նարեկ, Շաննագեան Նարեկ, Տեկիրմենճեան Ռիթա, Մկրտիչեան Անասթազիա, Գարակաւորեան Քնար, Մխիթարեան Յարութ, Քընտարժի Նոել, Թաթեան Արմէն, Քեսմէեան Կալի, Արապեան Քամի, Չաւտարեան Չիովանի, Գարախանեան Յակոբ, Քենտիրճեան Սիրակ, Ունճեան Լիւսի, Շահպազեան Սելինա, Ճեհիզեան Շանթ:

Վարժարանի տնօրէնութիւնը կը շնորհաւորէ աշակերտները, ուսուցիչներն ու ծնողները:

Վարձքը կատա՛ր բոլորին:

————————————-

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ

ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ` ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ
ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊՐԷՕՎԷԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ 2018-2019 տարեշրջանի աւարտական դասարանի ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններուն ներկայացած 30 աշակերտները յաջողած են (100 առ հարիւր): 20 աշակերտներ արժանացած են յիշատակութեան (4 շատ լաւ, 3 լաւ, 13 բաւական լաւ):

Ստորեւ աշակերտներուն անուանացանկը.

ԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԷՆ. Յակոբեան Փաթիլ, Աթթարեան Ռիթա (բաւական լաւ), Պուժիքեան Էնճըլա, Տէր Խաչատուրեան Գալին, Խաչատուրեան Լէա (շատ լաւ), Մերտխանեան Նարօտ (բաւական լաւ), Միսիրեան Կալի (շատ լաւ), Աւետիս Արի, Տեքերմենճեան Անթոնի (բաւական լաւ), Գալայճեան Լեւոն (բաւական լաւ), Գալեմքէրեան Վարանդ, Գաբրիէլեան Աբրահամ-Անթոնի, Գարաճեան Երուանդ (բաւական լաւ), Հաշէօլեան Վարդգէս-Վարագ, Գրիգորեան Կարօ, Մեսրոպեան Նարեկ (լաւ), Միքայէլեան Սիմոն (լաւ), Թաշճեան Կարօտ, Չաքրեան Վարագ-Կայծ, Եափուճեան Աւետիս (բաւական լաւ):

ԳՐԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԷՆ. Աճէմեան Մարի-Քրիսթել (լաւ), Պաքալեան Վանա (շատ լաւ ), Տէյիրմենճեան Սելին (բաւական լաւ), Խաշօլեան Կալի (բաւական լաւ), Քիւրքճեան Նարէ (բաւական լաւ), Փաչանեան Պեթի (շատ լաւ), Զաքարեան Մեղրի (բաւական լաւ), Չաթալեան Սեւակ (բաւական լաւ), Գալեմքէրեան Հրանդ (բաւական լաւ), Թորոսեան Հրակ (բաւական լաւ):

2018-2019 տարեշրջանի Պրէօվէի պետական քննութիւններուն Թ. դասարանի
25 աշակերտներէն 24-ը յաջողած են 9 լաւ յիշատակութեամբ:

Ստորեւ` աշակերտներուն անուանացանկը.

Ակոբ Օղլի Մարիա, Այնթապլեան Նանար, Պուտաքեան Լէա, Գափլանեան Մարիա (լաւ), Խաչատուրեան Լորի, Մաքտեսեան Լիլա, Սեմերճեան Ռիթա (լաւ), Թրթռեան Ցօղիկ (լաւ), Թիքիճեան Օրօր, Եահնիեան Լորի, Զարմէնեան Փաթիլ, Աննայեան Ռալֆ Յովհաննէս, Արբաճեան Աբրահամ, Ասատուրեան Արտակ, Պալապանեան Վարագ, Հանտեան Արամ (լաւ), Գապաքեան Քրիստափոր (լաւ), Գասապեան Սերոբ, Խանճեան Մայքլ, Քիւրքճեան Հրանդ, Լախեան Հրակ (լաւ), Մանուկեան Վառակ-Նարեկ (լաւ), Նաճարեան Շահան (լաւ), Եղիայեան Արմէն (լաւ):

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

————————————-

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ

2019-2020 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի 2019-2020 տարեշրջանի արձանագրութիւնները սկսած են եւ կը շարունակուին մինչեւ յուլիսի վերջ:

4-էն 30 յուլիս գրասենեակները բաց կ՛ըլլան երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը միայն: Իսկ 2 սեպտեմբերէն սկսեալ անոնք բաց են ամէն օր, ժամը 8:00-էն 12:00:

Քոլեճս յառաջիկայ տարեշրջանին նաեւ պիտի գործէ իր բոլոր բաժանմունքներով` ԺԲ. կենսաբանագիտութիւն, ընկերատնտեսագիտութիւն եւ ընդհանուր գիտութիւն, իսկ մանկամսուրը իր երկու բաժիններով կ՛ընդունի 3 ամսականէն մինչեւ 3 տարեկան փոքրիկները:

Նորեկ աշակերտները պարտին իրենց հետ ունենալ`

Անձնաթուղթի լուսապատճէն 2 լուսանկար
Նախորդ վարժարանէն վիճակացոյց
Փոխանցման գիր եւ պետական թիւի վաւերացուած հաստատագիր:

Նշենք, որ քոլեճին մէջ, յաջորդական 5-րդ տարին ըլլալով, կը գործէ Մանկավարժական խորհրդատուութեան բաժանմունքը, ուր գործող հոգեբան խորհրդատուն, ուղղախօսութեան մասնագէտը, հոգեշարժողութեան մասնագէտը եւ ուղղավարժը պատրաստ են օժանդակելու կրթական դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներուն:

ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

————————————-

ՍՏԱՑԱՆՔ

THE ARMENIAN CHURCH IN THE HOLY LAND

HARRY HAGOPIAN

Printed by the Russell press

***

KEEPING FAITH WITH HOPE.
THE CHALLENGE OF ISRAEL-PALESTINE

HARRY HAGOPIAN

Ekklesia

London, 2019

————————————-

ՀԻՒԱՆԴԱՊԱՀՈՒՀԻԻ ԿԱՐԻՔ

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը կարիքը ունի վկայեալ հիւանդապահուհիի մը:

Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի անձամբ ներկայանալ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն եւ կամ իրենց «Սի. Վի.»-ները նամակով ղրկել arcl-absmc@hotmail.com   հասցէին:

Հեռ. 01/253793-4-5

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

————————————-

ՎԱՐՁՈՒ Է

Պուրճ Համուտի մէջ, Ա. յարկ, տարածք 120 քառ. մեթր` 3 սենեակներ, սրահ եւ յարակից բաժիններ: Կարելի է օգտագործել գրասենեակներու, պահեստի եւ այլ նպատակներով:

Դիմել` հեռ. 01-264505, 03-132843, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00, երկուշաբթիէն ուրբաթ:

————————————-

 ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆՆԵՐ

Պուրճ Համուտի մէջ: Հեռաձայնել 01-242898 թիւին:

————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հաստատութիւն մը կարիքը ունի ինքնաշարժի վարորդի մը: 25-էն 45 տարեկան: Հեռ. 03-244967:

————————————-

ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Ժէլ Էլ Տիպ, 130 քառ. մեթր:
Սին Էլ Ֆիլ, 70 քառ. մեթր:

Հեռ. 76-944642:

————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ

60-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՑԿԵՐՈՅԹ

24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>