ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Անժելա Խտըշեան
Օրդ. Նազելի Խտըշեան (Անգլիա)
Տիկին Ծովինար Խտըշեան եւ դուստրը` Ճեսիքա (Անգլիա)
Տիար Զաւէն Խտըշեան
Տէր եւ տիկին Խաժակ եւ Սեդա Խտըշեան եւ զաւակները` Գալուստ եւ Նանար
Տիկին Սիւզի Խտըշեան եւ դուստրը` Նաթալի
Տիկին Վիքի Խտըշեան եւ զաւակը` Հրայր
Տէր եւ տիկին Գէորգ Խտըշեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Մհեր Խտըշեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Սուրէն Խտըշեան եւ զաւակունք
Յարութիւնեան (Հայաստան) եւ Գայսերլեան ընտանիքներ
Ծառուկեան եւ Գեդցեմանեան ընտանիքներ (Միացեալ Նահանգներ)
Չափարեան եւ Մարկոսեան ընտանիքներ
Փայասլեան եւ Պէրպէրեան ընտանիքներ (Միացեալ Նահանգներ)
Գազարեան (Միացեալ Նահանգներ) եւ Հատտատ ընտանիքներ
Ժիւլինէ ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին`
ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԽՏԸՇԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1937-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 28 դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 2:00-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ չորեքշաբթի, 30 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, ինչպէս նաեւ շաբաթ, 2 յունուար 2016-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մարալ Քերքեզեան-Տուտաքեան եւ դուստրը` Արին
Տիկին Մատլեն Տուտաքեան եւ դուստրը` Շուշիկ
Տէր եւ տիկին Պերճ եւ Ռիթա Չերքեզեան եւ զաւակունք
Արժ. Տ. Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քերքեզեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Լուսինէ Քերքեզեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սեւակ եւ Սիլվա Տեմիրճեան
Տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Արաքսի Սվաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Զոհրապ եւ Արփի Սվաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Աբիկ եւ Անի Սվաճեան եւ զաւակունք
Տիար Խաչիկ Տուտաքեան եւ զաւակունք
Տիար Վահէ Տուտաքեան եւ զաւակունք
Օրիորդներ Անի եւ Շուշիկ Տէրտէրեաններ
Տէր եւ տիկին Փոլ եւ Սօսի Գունտաքճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Հերա Փոլիսաճեան եւ զաւակունք
Տիկին Արաքսի Չերքեզեան եւ դստերք
Տուտաքեան եւ Քերքեզեան ընտանիքներ
Սվաճեան եւ Չերքեզեան ընտանիքներ
Տէրտէրեան եւ Տեմիրճեան ընտանիքներ
Գունտաքճեան եւ Փոլիսաճեան ընտանիքներ
Սրինկոյեան ընտանիք
«Նաժժար» հաստատութեան տնօրէնութիւն եւ պաշտօնեաներ
«Մագին» ընկերութեան պաշտօնեաներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, զաւկին, եղբօր, փեսային, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ՅԱԿՈԲ ՏՈՒՏԱՔԵԱՆԻ
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 28 դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 5:30-ին, սրտի կաթուածի հետեւանքով:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 29 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ, չորեքշաբթի, 30 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:
Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Աղքատախնամ մարմինին:
ԾԱՆՕԹ.- Յուղարկաւորները կրնան գործածել Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի կառատունը:
—————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Սիմա Տաղլեան եւ դստերք
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Անի Տաղլեան եւ զաւակը` Վիգէն
Տէր եւ տիկին Ներսէս եւ Քաթիա Տաղլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Միքայէլ եւ Ճորճեթ Խաչեր
Տէր եւ տիկին Անդրանիկ եւ Մարինա Հալլաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Սիլվա Խաչեր եւ դստերք
Տաղլեան եւ Խաչեր ընտանիքներ
Հալլաճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց զաւկին, եղբօր, եղբօրորդւոյն, զարմիկին եւ հարազատին`
ՎՐԷԺ ՏԱՂԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1987-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 6:30-ին, իր բնակարանին մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 29 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին չորեքշաբթի, 30 եւ հինգշաբթի, 31 դեկտեմբերին, հանգուցեալին բնակարանը` Զալքա, «Պետիրեան» շէնք, 6-րդ յարկ:
—————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սուատ Հանա-Քէքէճեան եւ զաւակները` Սիլվա, Կարինէ եւ Անի
Տիկին Մարի Էմիրխանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հրանդ Քէքէճեան եւ զաւակունք
Տեարք Մարտօ, Արա եւ Վարդան Քէքէճեաններ
Տէր եւ տիկին Կարօ Քէքէճեան եւ զաւակունք
Քէքէճեան եւ Հանա ընտանիքներ
Էմիրխանեան եւ Գրիգորեան ընտանիքներ
Ստեփանեան եւ Այտընեան ընտանիքներ
Բարսեղեան եւ Փիլիպոսեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, քեռիին, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԷՔԷՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 30 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին հանգուցեալին բնակարանը` Պուրճ Համուտ, Արաքս փողոց, չորեքշաբթի, 30 եւ հինգշաբթի, 31 դեկտեմբերին:
—————————————————————————
ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ
Կ՛ուզենք յայտնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ Նոր տարուան գիշերը` հինգշաբթի, 31 դեկտեմբեր 2015-ի կէս գիշերին, յատուկ արարողութիւն պիտի կատարուի Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի: Իսկ Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի յաջորդ օր` ուրբաթ, 1 յունուարին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
Պատարագէն անմիջապէս ետք, վեհափառ հայրապետը դահլիճին մէջ Նոր տարուան շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի եւ այս առիթով հայրական պատգամը պիտի յղէ մեր ժողովուրդին:
Նոր տարուան առիթով, հինգշաբթի, 31 դեկտեմբերին, վեհափառ հայրապետը պատգամ մը պիտի յղէ մեր ժողովուրդին կաթողիկոսարանի կայքին ճամբով:
Դարձեալ Նոր տարուան առիթով վեհափառ հայրապետը հարցազրոյց մը պիտի ունենայ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի հայկական բաժինին հետ, ուրբաթ, 1 յունուար, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին:
Կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը Նոր տարին դիմաւորելու Աստուծոյ ուղղուած գոհաբանական աղօթքով եւ լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամները:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————————————————-
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
2016 ՏԱՐԻՆ ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ
«ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ»
Թեմիս բարեջան առաջնորդ` Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանի տնօրինումով, կիրակի,3 յունուար 2016-ին, Լիբանանի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. պատարագի ընթացքին պիտի կարդացուի ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին պատգամը, որով տարին պաշտօնապէս կը հռչակուի «Ծառայութեան տարի»:
Սիրով կը հրաւիրենք լիբանանահայութիւնը մեր եկեղեցիներուն մէջ լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
—————————————————————————-
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Հալաճեան ընտանիքի անդամները շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, հեռաձայնով, նուիրատուութեամբ կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց մօր եւ մեծ մօր` ՍՈՆԻԱ ՀԱԼԱՃԵԱՆի (ծնեալ` ԲԻՐԱՆԵԱՆ) մահուան սուգին:
—————————————————————————-
ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԸ
ՃԻՏԱՊՈՒՐ
+ ԱՂՑԱՆ
Գին` 17.000 լիբ. ոսկի
Հեռ. 01-240214
www.badguer.com
—————————————————————————-
Համազգային Լիբանանի Շրջանային վարչութիւն
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
Նախագահութեամբ`
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱԼԵՔՍ ԵՒ ՎԱԼԱՆԹԻՆԱ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆՆԵՐՈՒ
Կ՛երգեն
ՆՈՒՆԷ ԵՍԱՅԵԱՆ
ՅԱԿՈԲ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ երեքշաբթի, 5 յունուար երեկոյեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, «Լը Ռոյալ» պանդոկի «Փըրլ» սրահին մէջ:
Տոմսերը ստանալու համար դիմել Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» եւ «Աղբալեան» կեդրոններ, Համազգայինի գրախանութ եւ «Ճեքա» հաստատութիւն կամ հեռաձայնել 76-496696 թիւին:
—————————————————————————-
Նախաձեռնութեամբ`
«ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ» ԹԱՏԵՐԱՍՐԱՀԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Հովանաւորութեամբ`
ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ
ՅՈՒՆԱՐԷՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ԵՐԵԿՈՅ
Կատարողութեամբ 2015-ի EUROVISION-ի աստղերէն` կիպրահայ հանրածանօթ երգիչ
ՅՈՎԻԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆի
Ընկերակցութեամբ` ՍԵԴՕ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆի եւ իր նուագախումբին
Մասնակցութեամբ` պուզուքիստ ՔՈՍԹԱՍ ՏԵՍՓՈԹԻՍի
Տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի` 7 յունուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
Սակ` 15,000 լ.ո.
ԾԱՆՕԹ.- Տոմսերը կրնաք ստանալ Համազգայինի գրախանութէն, ԱՖՀԻԼ-էն եւ ելոյթի օրը` կիշէէն:
—————————————————————————-
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւն
ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ ՆՈՒՆԷ ԵՍԱՅԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 8 յունուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
Թուագրուած տոմսերը ստանալու համար դիմել Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» եւ «Աղբալեան» կեդրոններ, Համազգայինի գրախանութ կամ հեռաձայնել 76-496696 թիւին:
—————————————————————————-
ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ
ՄԱՐԶԻԿ
34-ՐԴ ՏԱՐԻ, ԹԻՒ 394-395
«Մարզիկ»-ի այս թիւով տեսնել`
- Խմբագրական-Պատմական առաքելութեամբ
- Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյնի խօսքը` ՀՄԸՄ-ի 11-րդ Պատգամաւորական ժողովի մասնակիցներուն
- ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամը ՀՄԸՄ-ի 11-րդ Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին
- Մեր գործը ազգի կազմակերպումն է – Հրանդ Մարգարեան
- Մեր ուժին աղբիւրը հայութեան եւ Հայաստանին ծառայելու մեր ուխտն է – Գառնիկ Մկրտիչեան
- Հայրենասիրութիւնը մեզ պահելու է յաւերժ – Հրաչ Շմաւոնեան
- ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 11-րդ Ընդհանուր ժողովի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը
- Յարգանքի տուրք` Մեծ եղեռնի նահատակաց յիշատակին
- Միութեան 11-րդ Պատգամաւորական ժողովը կ՛որոշէ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակը դիմաւորել կազմակերպական հզօրացման եւ տարածման առաջադրանքով
- Հայ մշակութային Արարատ կազմակերպութեան ուղերձը` ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական ժողովին
- Անդամական ընդհանուր պատկեր ՀՄԸՄ-ի 104 մասնաճիւղերու
- Մեր մեծերը – Մեծագոյն բացական – Նոր շարքը – Դարձեալ Վիգէններ – Նախորդները
- ՀՄԸՄ-ի արդի պատմութեան 11 Կեդրոնական վարչութիւնները
- ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ծրագիրներու զօրակցութեան փառաւոր ճաշկերոյթ-պարահանդէս
- «Վարուժան եւ Սոնա Գազանճեան» կեդրոնի բացում` Աբովեանի մէջ
- ՀՄԸՄ – ՀԱՍԿ-ի «Հայկ Յովսէփեան» բանակավայրին վերաբացումը Էրեբունիի մէջ
- «Պատմութիւն ՀՄԸՄ-ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղին (1927-2012)» գիրքին ներկայացումը Երեւանի մէջ
—————————————————————————
ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՇԵՐՏ
Զուք Մուսպեհի շրջան, 1255 քառ. մեթր։ Դիմել՝ հեռ. 03-309738
—————————————————————————
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտի մէջ, 2 ննջասենեակ, հիւրասրահ եւ յարակից մասեր, 2 պատշգամ + վերելակ + կառատուն, 5-րդ յարկ: Դիմել` հեռ. 03-696707 եւ 03-997406:
—————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Միս ներածող եւ արտածող հաստատութիւն մը կարիքը ունի օգնական հաշուապահուհիի մը, որ ստանձնէ մթերապահութեան` «stock keeper»-ի աշխատանքը: Դիմել` հեռ. 70-787821:
—————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Ոսկերչական հաստատութիւն մը կարիքը ունի սկսնակ եւ փորձառու ոսկերիչներու (սետեքեր) եւ «կրիֆ»-ի վրայ աշխատող գործաւորներու: Դիմել` հեռ. 76-406905:
—————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի Թոռնոյի վրայ վարպետ աշխատողի մը:
Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի հեռաձայնել 70/400377 թիւին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
—————————————————————————-
ՎԱՐՁՈՒ Է
Կահաւորուած յարկաբաժին մը` Ժել էլ Տիպի բարձունքին վրայ, 130 քառ. մեթր, գեղատեսիլ դիրք + վերելակ + 2 կառատուն, ամսական 650$: Դիմել` հեռ. 76-773771:
—————————————————————————-
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
5 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
ՆՈՒՆԷ ԵՍԱՅԵԱՆ
ՅԱԿՈԲ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԱԶԳԱՅԻՆ Լ. ԵՒ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
ՔՈԼԵՃԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
CHEESE & WINE
ՇԱԲԱԹ, 30 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «Ն. ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
20 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016