ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
Ի ՏԷՐ ՀԱՆԳԵԱԼ ՍՊԱՍԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
Խաչվերացի մեռելոցին, երկուշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2019, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մատրան մէջ, հաւաքական հոգեհանգիստ պիտի կատարուի Լիբանանի թեմին մէջ ծառայած վախճանեալ հոգեւորականներուն եւ հանգուցեալ ժողովականներուն համար:
Հոգեհանգիստին պիտի նախագահէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց
Հոգեհանգիստին պիտի մասնակցի թեմիս քահանաներու դասը:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
————————————-
ԿՈՉ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՆԱԽԿԻՆ ՍԱՆԵՐՈՒՆ
2020-ին պիտի տօնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի հիմնադրութեան 90-ամեակը:
Կոչ կ՛ուղղենք դպրեվանքի նախկին սաներուն, որ Ազգային առաջնորդարան փոխանցեն իրենց անուն-մականունը եւ ամբողջական հասցէն, որպէսզի զիրենք եւս ներառենք դպրեվանքի 90-ամեակի հանդիսութեան մէջ:
Այս գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար կը յանձնարարենք կապ պահել հոգշ. Տ. Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանին հետ (հեռախօս` 01-258300 կամ 71-866120, ե-նամակ` koudjanian@gmail.com):
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
————————————-
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ԴԱՍԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
2019-2020 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ
Կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնի դասաւանդութիւնները պիտի վերսկսին 9 հոկտեմբեր 2019-ին: Դասընթացքները տեղի կ՛ունենան շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, յետմիջօրէի ժամը 5:30-8:00, եւ կը շարունակուին մինչեւ 29 մայիս 2020:
Այս տարեշրջանին համար նախատեսուած են նոր դասանիւթեր, որոնք պիտի դասաւանդուին որակաւոր հիւր դասախօսներու կողմէ:
Ութ ամիսներու վրայ երկարող այս անվճար դասընթացքին հետեւողները պարտին ունենալ նուազագոյնը երկրորդական վարժարանի համապատասխան վկայական:
Նոր ուսանողները արձանագրութեան կամ յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար պարտին ներկայանալ կաթողիկոսարանիս Կրթական-հայագիտական բաժանմունքի քարտուղարութեան, երկուշաբթի, 9 սեպտեմբերէն մինչեւ ուրբաթ, 4 հոկտեմբեր 2019, առաւօտեան ժամը 8:30-12:00: Նախորդ տարեշրջանի ուսանողները` նմանապէս, վերահաստատելու համար իրենց մասնակցութիւնը: Ուշացողները նկատի պիտի չառնուին: Հեռաձայն թիւ` 04/410001:
ԿՐԹԱԿԱՆ – ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
————————————-
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԷՃ
2019-2020 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի 2019-2020 տարեշրջանի արձանագրութիւնները ընթացքի մէջ են: Քոլեճիս գրասենեակները բաց են ամէն օր, առաւօտեան ժամը 8:30-էն կէսօրէ ետք ժամը 1:00:
Թ. եւ ԺԲ. (SE- LS-GS) դասարաններու դասաւանդութիւնը կը սկսի երեքշաբթի, 17 սեպտեմբերին: Մնացեալ բաժիններու` նախակրթարան, միջնակարգ, երկրորդական դասարաններու դասաւանդութիւնը կը սկսի հինգշաբթի, 26 սեպտեմբերին, մանկապարտէզը` երկուշաբթի, 30 սեպտեմբերին:
Մանկամսուրը իր երկու բաժիններով արդէն կը գործէ: Կ՛ուզենք յիշեցնել, որ մանկամսուր կ՛ընդունուին երեք ամսականէն մինչեւ 3 տարեկան մանուկներ:
Նորեկ աշակերտները պարտին իրենց հետ ունենալ`
Անձնաթուղթի լուսապատճէն,
2 լուսանկար,
Նախորդ վարժարանէն վիճակացոյց
Փոխանցման գիր եւ պետական թիւի վաւերացուած հաստատագիր:
Նշենք, որ քոլեճին մէջ յաջորդական 5-րդ տարին ըլլալով կը գործէ Մանկավարժական խորհրդատուութեան բաժանմունքը իր լրիւ կազմով` հոգեբան խորհրդատու, ուղղախօսութեան, հոգեշարժութեան եւ ուղղավարժութեան մասնագէտներով, որոնք պատրաստ են օժանդակելու կրթական դժուարութիւն ունեցող աշակերտներուն:
Նորութիւն
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ քոլեճիս մէջ պիտի գործադրուի կրթական «Օտար ծրագիր» (մանհաժ աժնապի)` հայ օտարահպատակ աշակերտներու համար, որոնք ԺԲ. դասարանը աւարտելէ ետք կը ստանան երկրորդականի (high school) վկայական:
Այդ վկայականով անոնք Լիբանանի մէջ թէ այլուր կրնան իրենց համալսարանական ուսումը շարունակել (freshman):
Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ 2019-2020 տարեշրջանին մեր քոլեճի նախակրթարանի բոլոր դասարաններու մէջ ալ Ֆրանսերէն պիտի դասաւանդուի իբրեւ 4-րդ լեզու:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————-
2019-2020-Ի ՎԵՐԱՄՈՒՏ
ՄԻՇՏ ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏԻՆ ԿՈՂՔԻՆ` ՀՈԳԱԾՈՒ
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՍԵՐՏՈՒԱԾ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿՈՎ
Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը որոշած է շարունակել կրթական իր առաքելութիւնը` հայահոծ շրջաններուն մէջ միացեալ աշխատանքով: Առ այդ` 2019-2020 կրթական տարեշրջանին համար կը միացուին Նոր Ամանոսի Հայ աւետարանական Փ. Եւ Է. Թորոսեան վարժարանի եւ Պուրճ Համուտի Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի աշխատանքները` վերջինիս շրջափակին մէջ:
Ստորեւ Պուրճ Համուտի Հայ աւետարանական վարժարանի 2019-2020 տարուան վերամուտի մանրամասնութիւնները.-
Արձանագրութիւն
Արձանագրութիւնները սկսած են եւ Տէրը կամի պիտի շարունակուին սեպտեմբերին` երկուշաբթիէն ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 9.00-12.00:
ԾԱՆՕԹ.- Կ՛ընդունինք 1 տարեկան եւ 8 ամսու փոքրիկները` ծիլ դասարան:
Արեւելումի Օր
Երեքշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2019, առաւօտեան ժամը 9.00-12.00:
Վերամուտ`
. Միջնակարգ Գ. կարգի (պրէօվէ) դասաւանդութիւնները կը սկսին չորեքշաբթի, 11 սեպտեմբերին:
. 1-10-րդ կարգերու համար տարեշրջանը կը սկսի երեքշաբթի, 24 սեպտեմբերին: Նոյն օրը, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, առաջին պաշտամունքին հրաւիրուած են նաեւ ծնողները:
. Մանկապարտէզի կրթական տարեշրջանը կը սկսի հինգշաբթի, 26 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:
Նորեկ աշակերտներ
Նորեկ աշակերտները վիճակացոյցի եւ վաւերացուած «իֆետէ»-ի կողքին պարտին ներկայացնել բարի վարուց վկայագիր: Մուտքի քննութիւններ նորեկ աշակերտներու` ըստ հարկի:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————-
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ – ՌԱՈՒՏԱ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
2019-2020 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ
Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանը իր 11000 քառ. մեթր կանաչապատ կրթահամալիրով պատրաստ է լիբանանահայ աշակերտներ ընդունիլ` անոնց շնորհելով 3-րդ հազարամեակի չափանիշով ծրագրուած ուսում ու կրթութիւն, կիրարկելով ֆինլանտական մեթոտներ, զուգահեռ ամբողջացնելով լիբանանեան պետական կրթածրագիրը եւ սերմանելով հայկական ոգին:
Արձանագրութիւնները կը շարունակուին ամէն երկուշաբթիէն ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 9:00-2:00:
Յաւելեալ մանրամասնութեան համար զանգել 81 433257 եւ հետեւիլ «Ֆէյսպուք»-ի եւ «Ինսթակրամ»-ի մեր էջերուն:
————————————-
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ՅԱՆՈՒՆ ՄԵՐ ՆԵԱՐԴԵՐԻ».
ԳՐԱՌՈՒՄՆԵՐ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ԱՅՍՕՐՈՒԱՅ ԽՆԴԻՐՆԵՐԻ ՄԱՍԻՆ
Հեղինակ` Դաւիթ Գյուրջինեան
«Էդիթ Պրինտ» հրատարակչութիւն
Երեւան, 2019
*****
«ԿԱՄԱՐ»
Գրականութեան եւ գեղարուեստի անկախ պարբերաթերթ
Թիւ 31
Պէյրութ, 2019
————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Լիբանանի մէջ գործող հայկական ճաշարան մը կարիքը ունի լիբանանահայ խոհարարի մը` հայկական եւ լիբանանեան ճաշեր պատրաստելու համար, ինչպէս նաեւ լիբանանցի լիաժամ եւ կիսաժամ սպասարկողներու:
Դիմել հեռ. 03-484184