Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (16 Սեպտեմբեր 2019)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ԽՈՐ ՑԱՒՈՎ ԿԸ ԳՈՒԺԷ ԻՐ ՄՕՐ

ՏԻՐԱՄԱՅՐ ԼՈՒՍԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆի

(ծնեալ` Գոֆթիկեան, 1928-ին, Ալեքսանտրէթ)

մահը, որ պատահեցաւ այսօր` շաբաթ, 14 սեպտեմբեր 2019-ին:

Թաղման կարգը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 18 սեպտեմբեր 2019-ին,  Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

Վեհափառ հայրապետը ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի նոյն օրը, թաղման կարգէն անմիջապէս ետք եւ յետմիջօրէին ժամը 16:00-19:00, ինչպէս նաեւ յաջորդ օրը` հինգշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:00-12:00 եւ կէսօրէ ետք ժամը 16:00-19:00, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:

————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Տէր եւ տիկին Աւետիս Քէշիշեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Պօղոս Քէշիշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս Քէշիշեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիար Լեւոն Քէշիշեան
Տէր եւ տիկին Հրաչ Քէշիշեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Յովսէփ Քէշիշեան եւ զաւակունք

Քէշիշեան եւ Գոֆթիկեան ընտանիքներ Տողրամաճեան եւ Գալայճեան ընտանիքներ Մարգարեան ընտանիք եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`

ՏԻՐԱՄԱՅՐ ԼՈՒՍԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆի
(ծնեալ` Գոֆթիկեան, 1928-ին, Ալեքսանտրէթ)

մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 14 սեպտեմբեր 2019-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 18 սեպտեմբեր 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, ուրկէ ննջեցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Հանգուցեալին զաւակներուն կողմէ ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին նոյն օրը թաղումէն ետք մինչեւ ժամը 13:00 եւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-8:00, ինչպէս նաեւ հինգշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-1:00 եւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-8:00, Ֆանարի ակումբի սրահին մէջ:

Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել «Թռչնոց բոյն»-ին կամ Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոցին:

————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տիար Բիւզանդ Պետոյեան եւ զաւակները` Ազատ եւ Սառա
Տիար Կարապետ Հուսամեան
Տէր եւ տիկին Ճորճ եւ Սոնա Պուխէյր եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Համբիկ Հուսամեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս Հուսամեան եւ զաւակունք
Պետոյեան եւ Հուսամեան ընտանիքներ
Պապիկեան եւ Քարամ ընտանիքներ
Սարրաֆ եւ Մկըրեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, քրոջ եւ հարազատին`

ԱՐՓԻ ՊԵՏՈՅԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Հուսամեան)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 15 սեպտեմբեր 2019-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 16 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, իսկ երեքշաբթի, 17 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:

Ծանօթ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել «Ազդակ»-ի ֆոնտին:

————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Վարուժան Նանիքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Նետիմ եւ Նորա Զախուր եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մինաս եւ Կալինա Թափանեան եւ զաւակունք
Տիկին Վիոլեթ Չոպանեան եւ զաւակունք
Տիկին Անահիտ Արթին եւ զաւակունք
Նանիքեան եւ Գալճեան ընտանիքներ
Զախուր եւ Թափանեան ընտանիքներ
Չոպանեան եւ Արթին ընտանիքներ
Տիլահանթէ եւ Սալամէ ընտանիքներ
Ռոտրիկեզ եւ Ուանկ ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, զոքանչին, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին`

ԺՈՒԼԻԵԹ ՆԱՆԻՔԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Գալճեան)

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 12 սեպտեմբեր 2019-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ կիրակի, 15 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունի իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին երկուշաբթի, 16 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

————————————-

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ – ՌԱՈՒՏԱ

ՎԵՐԱՄՈՒՏ
2019-2020 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ

Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանը իր 11000 քառ. մեթր կանաչապատ կրթահամալիրով պատրաստ է լիբանանահայ աշակերտներ ընդունիլ` անոնց շնորհելով 3-րդ հազարամեակի չափանիշով ծրագրուած ուսում ու կրթութիւն, կիրարկելով ֆինլանտական մեթոտներ, զուգահեռ ամբողջացնելով լիբանանեան պետական կրթածրագիրը եւ սերմանելով հայկական ոգին:

Արձանագրութիւնները կը շարունակուին ամէն երկուշաբթիէն ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 9:00-2:00:

Յաւելեալ մանրամասնութեան համար զանգել 81 433257 եւ հետեւիլ «Ֆէյսպուք»-ի եւ «Ինսթակրամ»-ի մեր էջերուն:

————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 21 ՆՈՅԵՄԲԵՐ

————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ

60-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՑԿԵՐՈՅԹ

24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles