Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2305

Յայտարարութիւններ (5 Յունուար 2016)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Օրդ. Սօսի Ինճէեան
Տիկին Մարի Գըլճեան
Տէր եւ տիկին Միհրան եւ Իսկուհի Տեմիրճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ճորճիկ Գըլճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սագօ Գըլճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս Խոտանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պետիկ Խոտանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գօգօ Խոտանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վազգէն Խոտանեան եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Ռուբէն Տէր Ղուկասեանի ընտանիք
Տէր եւ տիկին Արա Ատրունի եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժան Վարդանեան եւ զաւակունք
Տիկին Սեդա Տատեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Յակոբեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վահէ Սուլթանեան եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Յովհաննէս Պչաքճեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Սարգիս Ադդարեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Իսկէն Ադդարեանի ընտանիք
Ինճէեան եւ Գըլճեան ընտանիքներ
Տեմիրճեան եւ Խոտանեան ընտանիքներ
Տէր Ղուկասեան եւ Ատրունի ընտանիքներ
Վարդանեան եւ Յակոբեան ընտանիքներ
Տատեան եւ Սուլթանեան ընտանիքներ
Պչաքճեան եւ Ադդարեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԶԱՏՈՒՐ ԻՆՃԷԵԱՆԻ
(Ճանչցուած` Ապու Զատուր անունով)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 3 յունուար 2016-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 6 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

—————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Քլոտ եւ Իրան Սեմերճեան եւ զաւակները` Փասքալ եւ Ժոզէ
Տէր եւ տիկին Փոլ եւ Լիլիան Ռուքէ եւ զաւակները` Օլիվիէ եւ Ռոման
Օրդ. Ժոսլին Սեմերճեան
Սեմերճեան եւ Թոհմէ ընտանիքներ
Ռուքէ ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին եւ հարազատին`

ՍԱԼՄԱ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՏԻՊ)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 3 յունուար 2016-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երկուշաբթի, 4 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Նաքքաշի Մար Մանսուր եկեղեցւոյ մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին հանգուցեալին բնակարանը` Այն Աար, 7-րդ փողոց, տան թիւ` 18, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

—————————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի տնօրէնութիւնը, անձնակազմը, ուսուցչակազմը եւ հոգաբարձութիւնը կը գուժեն իրենց վաստակաւոր ուսուցչուհիին

ԶԱՐՈՒՀԻ ԳՈՒՃԱՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ, Պասիթ, 1939-ին)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 3 յունուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Զահլէի Թալշիհա հիւանդանոցին մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

 

—————————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տիար Անդրանիկ Գուճանեան
Գերապայծառ հ. Պօղոս Թ. Ծ. վրդ. Գուճանեան, աբրահայր Վիեննայի Մխիթարեան վանքի
Արժ. Տ. Արսէն Ա. քհնյ. Քէշիշեան
Տիար Յակոբ Քերքեզեան
Տիկին Սոնա Ճամպազեան-Գուճանեան
Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Վեհանուշ Հաւաթեան
Տիկին Աստղիկ Գուճանեան-Թասլաքեան
Գուճանեան եւ Քենտիրճեան ընտանիքներ
Թասլաքեան եւ Քերքեզեան ընտանիքներ
Քէշիշեան ընտանիք
Տիկին Յասմիկ Գուճանեան-Թասլաքեան
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ եւ հարազատին`

ԶԱՐՈՒՀԻ ԳՈՒՃԱՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ, Պասիթ, 1939-ին)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 3 յունուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Զահլէի Թալշիհա հիւանդանոցին մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ երեքշաբթի, 5 յունուարի կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Այնճարի գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին յետ թաղման արարողութեան եկեղեցւոյ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ յաջորդող օրերուն` հանգուցեալին բնակարանին մէջ:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել ԼՕԽ-ի Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղին:

—————————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Մարօ Քիւրիւմեան-Տաղլեան
Տէր եւ տիկին Ճիմի եւ Ալիք Տաղլեան
Օրդ. Նենսի Տաղլեան
Տէր եւ տիկին Ռոպեր Տաղլեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Տաղլեան եւ ընտանիք
Տաղլեան եւ Քիւրիւմեան ընտանիքներ
Տատուրեան եւ Ներսէսեան ընտանիքներ
Շնորհօքեան եւ Ապաճեան ընտանիքներ
Քեվանեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր եւ հարազատին`

ԺԱՆ ՏԱՂԼԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 3 յունուար 2016-ին:

Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 6 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 2:30-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ, Մեքսիք փողոց, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի ընտանեկան դամբարանին մէջ, Ֆըրն Շըպպեք:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ հինգշաբթի, 7 յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:

—————————————————————————-

ԲԱԽՏԱՒՈՐՈՒԱԾ

Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Անիթա Սահակեան

բախտաւորուած են առջինեկ մանչ զաւակով մը`

ՀԱՅ ԱՐԻ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

24 դեկտեմբեր 2015
Պէյրութ

—————————————————————————-

ՀԱՅ­ՐԱ­ՊԵ­ՏԱ­ԿԱՆ Ս. ՊԱ­ՏԱ­ՐԱԳ
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕ­ՆԻՆ ԱՌԻ­ԹՈՎ ԱՆ­ԹԻԼ­Ի­Ա­ՍԻ ՄԷՋ

Չո­րեք­շաբ­թի, 6 յուն­ուար 2016-ին, Ս. Ծննդեան եւ Աստ­ուա­ծա­յայտ­նու­թեան տօ­նին առի­թով հայ­րա­պե­տա­կան հան­դի­սա­ւոր Ս. եւ ան­մահ պա­տա­րագ պի­տի մա­տուց­ուի Ան­թիլ­ի­ա­սի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Մայր տա­ճա­րին մէջ:

Պի­տի պա­տա­րա­գէ եւ հայ­րա­պե­տա­կան
իր պատ­գա­մը ուղ­ղէ`

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ

Ժա­մեր­գու­թիւն` ժա­մը 8:00-ին
Ս. պա­տա­րագ` ժա­մը 10:00-ին
Քարոզ` ժա­մը 11:00-ին
Ջրօրհնէք` ժամը 11:30-ին

Սուրբ պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւնը պի­տի կա­տար­ուի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նիս «ՇՆՈՐ­ՀԱ­ԼԻ» երգ­չա­խում­բին կող­մէ, ղե­կա­վա­րու­թեամբ` հոգշ. Տ. Գա­րե­գին աբղյ. Շխրտըմ­եա­նի:

Սի­րով կը հրա­ւիր­ուի հա­ւա­տաց­եալ ժո­ղո­վուր­դը ներ­կայ գտնուե­լու Ս. պա­տա­րա­գին, լսե­լու վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին պատ­գա­մը եւ հա­ղորդ­ուե­լու Ս. Ծնուն­դի խոր­հուր­դով:

ԴԻՒԱՆ ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈ­ՍԱ­ՐԱ­ՆԻ

Ծա­նօթ.- Սուրբ պա­տա­րա­գէն ետք, վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ պի­տի ըն­դու­նի վե­հա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ, մին­չեւ ժա­մը 1:30, եւ կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 4:00-7:00: Իսկ յա­ջորդ օր` հինգ­շաբ­թի, առա­ւօտ­եան ժա­մը 10:00-էն մին­չեւ յետ­մի­ջօ­րէի ժա­մը 1:00:

Յայտ­նենք, որ ԽԹՄԱՆ ԵՐԵ­ԿՈ­Յին` երեք­շաբ­թի, 5 յուն­ուար 2016-ին, ՃՐԱ­ԳԱ­ԼՈՅ­Ցի Ս. պա­տա­րա­գը պի­տի մա­տուց­ուի երե­կոյ­եան ժա­մը 4:00-ին: Իսկ հինգ­շաբ­թի, 7 յուն­ուա­րին, ՄԵ­ՌԵ­ԼՈ­ՑԻ ՅԻ­ՇԱ­ՏԱ­Կին, դարձ­եալ Ս. պա­տա­րագ պի­տի մա­տուց­ուի Մայր տա­ճա­րին մէջ, առա­ւօտ­եան ժա­մը 10:00-ին:

—————————————————————————-

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Ծննդեան տօնին առիթով չորեքշաբթի, 6 յունուար 2016-ին, հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ:

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 7:30-ին
Պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 10:30-ին
Ջրօրհնէք` ժամը 11:30-ին

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու սուրբ պատարագին` վերանորոգուելու Ս. Ծննդեան խորհուրդով եւ լսելու առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը:

Այնուհետեւ, Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեան Ս. Ծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի Քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, պատարագի աւարտէն ետք մինչեւ ժամը 1:00, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն 6:00:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

—————————————————————————-

ՏՕՆ ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ
ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Այս շնորհաբեր տօնին առիթով` չորեքշաբթի, 6 յունուար 2016-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`

ԳԵՐՊ. Տ. ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 7:30-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 10:30-ին
Ջրօրհնէք` ժամը 11:30-ին

Սիրով կը հրաւիրենք մեր բարեպաշտ ժողովուրդը մասնակից դառնալու սոյն արարողութեան` հոգեփոխուելու համար օրուան խորհուրդով:

Յայտնենք, որ Խթման երեկոյին` երեքշաբթի, 5 յունուար 2016-ին, ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ժամերգութիւնը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին, իսկ Ս. պատարագը պիտի մատուցուի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին:

ԾԱՆՕԹ.- Ս. Ծննդեան ուրախ առիթով անակնկալ մը պատրաստուած է փոքրիկներուն համար:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————————————————-

Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 6 յունուար 2016-ին, Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`

ՀՈԳՇ. Տ. ՍԵՒԱԿ ԱԲՂՅ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
Ս. պատարագ` ժամը 10:00-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Ջրօրհնէք` ժամը 11:30-ին

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին, լսելու հայր սուրբին պատգամը եւ հաղորդուելու Քրիստոսի Ծննդեան խորհուրդով:

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————————————————-

Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ
ԷՇՐԵՖԻԷ

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ

Երեքշաբթի, 5 յունուար 2016

– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 7:30-ին:
– Կէսօրէ ետք, սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 4:00-ին:
– Ընթերցուածներու ընթերցում` ժամը 4:30-ին:
– Ճրագալոյցի Ս. պատարագ` ժամը 5:00-ին:

– Կէս գիշերուան ժամը 12:00-ին, Ս. Ծնունդի Աւետարանի ընթերցում եւ Ծննդեան շարականներու երգեցողութիւն:

Չորեքշաբթի, 6 յունուար 2016

– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 7:30-ին:
– Ս. պատարագ` ժամը 10:00-ին:
– Ջրօրհնէք` ժամը 11:00-ին: ժամը 11:00-ին:

«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ:
Ձեզի եւ մեզի` մեծ աւետիս:

Ս. պատարագը կը մատուցէ եւ յաւուր պատշաճի կը քարոզէ`

ՀՈԳՇ. Տ. ՎԱՀՐԻՃ ԱԲՂՅ. ՂԱՐԱԽԱՆԵԱՆ

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ    

—————————————————————————-

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 6 յունուար 2016-ին, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՆՇԱՆ ՎՐԴ. ԼԱԽՈՅԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 7:30-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 10:30-ին
Ջրօրհնէք` ժամը 11:30-ին

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու Ս. Ծննդեան խորհուրդով:

ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————————————————-

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ
ԺՈՒՆԻԷԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ուրախութեամբ կը յայտարարենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ 6 յունուար 2016-ին Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնին առիթով տեղի պիտի ունենայ Ս. եւ անմահ պատարագ:

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՐՏԱՒԱԶԴ ԱԲՂՅ. ՇԱՐՈՅԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 7:30-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Ջրօրհնէք` ժամը 11:30-ին

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու հոգեպարար Ս. արարողութեան` հաղորդուելու համար օրուան խորհուրդով:

ԾԱՆՕԹ.- Ս. պատարագէն ետք, ընկերակցութեամբ «Ուրախ տարեդարձ» խումբին, եկեղեցւոյս տիկնանց միութիւնը փոքրիկներուն պիտի բաժնէ նուէրներ եւ տեղի պիտի ունենայ ճաշի տօնավաճառ` եկեղեցւոյ բակը:

ԺՈՒՆԻԷԻ, ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ, ԶԱԼՔԱՅԻ
ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ

—————————————————————————-

ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՏՕՆ ԾՆՆԴԵԱՆ
ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ
ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Չորեքշաբթի, 6 յունուար 2016-ին, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՌՈՒԲԷՆ ԱԲՂՅ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Ջրօրհնէք` ժամը 11:30-ին

Սիրով կը հրաւիրենք մեր բարեպաշտ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու Ս. Ծնունդի խորհուրդով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ   

—————————————————————————-

Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի

Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ ՀԱՅԱՇԷՆԻ ՄԷՋ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ Ս. Ծնունդի տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի չորեքշաբթի, 6 յունուար 2016-ին, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ:

Պիտի պատարագէ, քարոզէ եւ Ջրօրհնէքը կատարէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՇՆՈՐՀՔ ՎՐԴ. ԱՇԸԳԵԱՆ

Հրաւիրուած են մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները` ներկայ գտնուելու այս սուրբ առիթին եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————————————————-

Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆԸ`
ՖԱՆԱՐԻ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 6 յունուար 2016-ին, Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Ֆանարի մատրան մէջ պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`

ՀՈԳՇ. Տ. ԹԱԹՈՒԼ ԱԲՂՅ. ԳԱՐՏԱՆԱՔԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան ժամը 8:00-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Ջրօրհնէք` ժամը 11:30-ին

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան, հաղորդուելու օրուան խորհուրդով եւ միասնաբար տօնելու Ս. Ծնունդը:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՖԱՆԱՐԻ ՄԱՏՐԱՆ  

—————————————————————————-

Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցի-Զալքա

ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ
ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը սիրով ձեզ կը հրաւիրէ մասնակցելու սուրբ եւ անմահ պատարագին, զոր պիտի մատուցէ`

ԱՐՀԻ. Հ. ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ
Օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի թեմի

Յաւարտ սուրբ պատարագի` ջրօրհնէք:

Տեղի կ՛ունենայ չորեքշաբթի, 6 յունուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Զալքա:

—————————————————————————-

ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահն ու Կեդրոնական մարմինը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունին չորեքշաբթի, 6 յունուար 2016, կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ ընդունելութեանց դահլիճին մէջ, Մեքսիք փողոց, Պէյրութ:

ՄԱՀԱԵ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ԴԻՒԱՆ

—————————————————————————-

baguèr1

ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԸ

ՃԵՐՄԱԿ ԼՈՒԲԻԱ ՍՏԵՊՂԻՆՈՎ
+ ԾԱԼԻԿ

Գին` 16.000 լիբ. ոսկի

Հեռ. 01-240214
www.badguer.com

—————————————————————————-

ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆ

ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Բուժարանիս խնամակալութիւնը եւ տնօրէնութիւնը, տօնական այս օրերուն, բուժարանին մէջ ապաստան գտած մամիկներն ու պապիկները ուրախացնելու համար, զանազան ձեռնարկներ կը կազմակերպեն:

Տրուած ըլլալով, որ կարգ մը ապաստանեալներու պարագաները, երթեւեկի դժուարութեանց պատճառով, չեն կրնար այցելել իրենց հարազատներուն, խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը որոշեցին յատուկ կարգադրութիւն մը ընել` հետեւեալ ձեւով:

Հինգշաբթի, 7 յունուար 2016-ին, ապաստանեալներու պարագաներուն տրամադրութեան տակ պիտի դրուին բուժարանին երկու մինի պասերը: Փափաքող ենթակաները ճամբայ պիտի ելլեն առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ապա Պէյրութ պիտի վերադառնան կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին: Երթուդարձը` անվճար:

Մեկնում` Պուրճ Համուտ, Վարդանանց եկեղեցիին առջեւէն, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ

ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ

ԾԱՆՕԹ.- Անհրաժեշտ է տեղեակ պահել մինչեւ երեքշաբթի, 5 յունուար 2016: Տեղերը ապահովելու համար կը խնդրուի հեռաձայնել Պէյրութի գրասենեակ` 01-248851, Բուժարան-Ազունիէ 05-220406, ext. 0:

—————————————————————————-
 Համազգային Լիբանանի Շրջանային վարչութիւն

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

Նախագահութեամբ`
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱԼԵՔՍ ԵՒ ՎԱԼԱՆԹԻՆԱ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆՆԵՐՈՒ

Կ՛երգեն

ՆՈՒՆԷ ԵՍԱՅԵԱՆ
ՅԱԿՈԲ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Տեղի կ՛ունենայ երեքշաբթի, 5 յունուար երեկոյեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, «Լը Ռոյալ» պանդոկի «Փըրլ» սրահին մէջ:

Տոմսերը ստանալու համար դիմել Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» եւ «Աղբալեան» կեդրոններ, Համազգայինի գրախանութ եւ «Ճեքա» հաստատութիւն կամ հեռաձայնել 76-496696 թիւին:

—————————————————————————-

Նախաձեռնութեամբ`
«ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ» ԹԱՏԵՐԱՍՐԱՀԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Հովանաւորութեամբ`
ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ

ՅՈՒՆԱՐԷՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ԵՐԵԿՈՅ

Կատարողութեամբ 2015-ի EUROVISION-ի աստղերէն` կիպրահայ հանրածանօթ երգիչ

ՅՈՎԻԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆի

Ընկերակցութեամբ` ՍԵԴՕ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆի եւ իր նուագախումբին

Մասնակցութեամբ` պուզուքիստ ՔՈՍԹԱՍ ՏԵՍՓՈԹԻՍի

Տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի` 7 յունուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Սակ` 15,000 լ.ո.

ԾԱՆՕԹ.- Տոմսերը կրնաք ստանալ Համազգայինի գրախանութէն, ԱՖՀԻԼ-էն եւ ելոյթի օրը` կիշէէն:

—————————————————————————-

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւն

ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ ՆՈՒՆԷ ԵՍԱՅԵԱՆ

Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 8 յունուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Թուագրուած տոմսերը ստանալու համար դիմել Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» եւ «Աղբալեան» կեդրոններ, Համազգայինի գրախանութ կամ հեռաձայնել 76-496696 թիւին:

—————————————————————————-

ՍՏԱՑԱՆՔ

«ԿԱՆԽՈՐՈՇՈՒԱԾ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ»

ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆ ԳԷՈՐԳ ՄԵՍՐՈՊԻ

«ԹՐՔԱՀԱՅԵՐՆ ՈՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ»
ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐՈՒ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐՈՎ

Թղթակազմ եւ լաթակազմ

Հեղինակ` ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻ

Հրատարակութիւն` Ե. Հ. Ք.

Տպարան` DESIGN KESDENIAN

Պէյրութ-2015

—————-

«ԴԻՄԱՔԱՆԴԱԿ»
ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 125-ԱՄԵԱԿ

Հեղինակ` ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Խմբագիր` ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Տպարան` Զաւէն եւ Որդիք

—————————————————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հաստատութիւն մը կարիքը ունի թոռնոյի վրայ աշխատող վարպետի մը եւ վարպետ ոսկերիչներու (սետեքեր):

Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի հեռաձայնել 03/844096 թիւին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

—————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՇԵՐՏ

Զուք Մուսպեհի շրջան, 1255 քառ. մեթր։ Դիմել՝ հեռ. 03-309738

—————————————————————————

ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Պուրճ Համուտի մէջ, 2 ննջասենեակ, հիւրասրահ եւ յարակից մասեր, 2 պատշգամ + վերելակ + կառատուն, 5-րդ յարկ: Դիմել` հեռ. 03-696707 եւ 03-997406:

—————————————————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Միս ներածող եւ արտածող հաստատութիւն մը կարիքը ունի օգնական հաշուապահուհիի մը, որ ստանձնէ մթերապահութեան` «stock keeper»-ի աշխատանքը: Դիմել` հեռ. 70-787821:

—————————————————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Ոսկերչական հաստատութիւն մը կարիքը ունի սկսնակ եւ փորձառու ոսկերիչներու (սետեքեր) եւ «կրիֆ»-ի վրայ աշխատող գործաւորներու: Դիմել` հեռ. 76-406905:

—————————————————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հաստատութիւն մը կարիքը ունի Թոռնոյի վրայ վարպետ աշխատողի մը:

Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի հեռաձայնել 70/400377 թիւին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

—————————————————————————-

ՎԱՐՁՈՒ Է

Կահաւորուած յարկաբաժին մը` Ժել էլ Տիպի բարձունքին վրայ, 130 քառ. մեթր, գեղատեսիլ դիրք + վերելակ + 2 կառատուն, ամսական 650$: Դիմել` հեռ. 76-773771:

—————————————————————————-

ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ

Յակոբ Սարգիսեանի մահուան առիթով, հետեւեալ նուիրատուութիւնները կատարուած են ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղին. տէր եւ տիկին Գրիգոր Յովհաննէսեան 30.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Եղիա Քելեշեան 30.000 լ. ո.:

 

—————————————————————————-

 

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԱԶԳԱՅԻՆ Լ. ԵՒ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
ՔՈԼԵՃԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

CHEESE & WINE

ՇԱԲԱԹ, 30 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016   

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016  

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ «Ն. ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

20 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016  

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2305

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>