Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (5 Հոկտեմբեր 2019)

$
0
0

 ՄԱՀԱԶԴ

Տիար Նազարէթ Մաքսուտեան եւ զաւակունք (Փարիզ եւ Մարոք)
Տիկին Ժանին Մաքսուտեան եւ զաւակունք
Տիար Ճօ Մաքսուտեան եւ զաւակունք (Փարիզ)
Մաքսուտեան եւ Սաումա ընտանիքներ
Աուատ եւ Գասապեան ընտանիքներ
Չիլինկիրեան եւ Հանի ընտանիքներ
Քասթուն եւ Շալիթա ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր, քեռայրին եւ հարազատին`

ՏՈՔԹ. ՌԵՄՈՆ ՆԱԶԱՐԷԹ ՄԱՔՍՈՒՏԵԱՆի

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2019-ին, Սարհալ հիւանդանոցին մէջ:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ շաբաթ, 5 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պշարրէի շրջանի Հասրուն գիւղը եւ ամփոփուի ընտանեկան դամբարանին մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութիւնը, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ս. Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Տեպպաս հրապարակ, ինչպէս նաեւ կիրակի, 6 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել եկեղեցւոյ:

————————————-

ՌԱՈՒՏԱՅԻ Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ
ՄԱՏՐԱՆ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ

Ս. Մատրանս անուանակոչութեան տօնին առիթով կիրակի, 6 հոկտեմբեր 2019-ին, Ռաուտայի Էհլանի դաշտին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. եւ անմահ պատարագ եւ մատաղօրհնէք:

Պիտի պատարագէ, քարոզէ եւ մատաղօրհնէքը կատարէ`

ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ

Առաւօտեան ժամը 9:30-ին ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ սկաուտներուն մասնակցութեամբ, Ռաուտայի թաղին մուտքին տեղի կ՛ունենայ առաջնորդ սրբազան հօր դիմաւորումը:

Ս. պատարագ`ժամը 10:00-ին
Քարոզ`ժամը 11:00-ին
Մատաղօրհնէք`ժամը 11:30-ին

ՇԱԲԱԹ, 5 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019-ԻՆ

Կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին պիտի կատարուի աղօրհնէք` ձեռամբ

ԳԵՐՊ. Տ. ԱՆԱՆԻԱ Ծ. ՎՐԴ. ԳՈՒՃԱՆԵԱՆԻ

Մատաղցու ոչխարներու զենումէն ետք Էհլանի շրջափակին մէջ պիտի կատարուի կրպակներու բացում` մասնակցութեամբ շրջանի միութիւններուն, իսկ երեկոյեան պիտի գործադրուի գեղարուեստական յատուկ յայտագիր` մասնակցութեամբ լիբանանահայ երգիչներու եւ իրենց նուագախումբերուն:

Սիրով հրաւիրուած է հաւատացեալ ժողովուրդը սոյն հոգեպարար արարողութեանց:

Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՄԱՏՐԱՆ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

————————————-

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

Վաղամեռիկ ՍԵՊՈՒՀ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆի մահուան ԺԸ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 6 հոկտեմբեր 2019-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

————————————-

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

Վաղամեռիկ ՍԵՊՈՒՀ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆի մահուան ԺԸ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 6 հոկտեմբեր 2019-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

«ՍԵՊՈՒՀ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ» ՖՈՆՏ

————————————-

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԽԱԺԱԿ ԽՏԸՇԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 6 հոկտեմբեր 2019-ին Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ԿԱՅԾԱԿ ԹԱՇՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 6 հոկտեմբեր 2019-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ԱՐՄԷՆ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆի (մահացած` Քանատա) մահուան քառասունքին առիթով,  հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 6 հոկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՕԳՆԱՅԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 6 հոկտեմբեր 2019-ին, Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

————————————-

 ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Գեղանկարիչ տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեանի թանկարժէք գեղանկարներու վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնը կը յետաձգուի  31 դեկտեմբեր  2019-ին:

————————————-

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

«Աքսոր Գասարճեան» հայ համալսարանականներու ֆոնտը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս 2019-2020 կրթական տարեշրջանին համար կրթանպաստ պիտի յատկացնէ հայ համալսարանականներու:

Դիմումնագիրները պիտի ամբողջացուին ուղղակի կայքէն` www.akf.education, համալսարանական ֆոնտի դիմումնագիրէն:

Մինչեւ 30 նոյեմբեր 2019 պէտք է դիմումնագիրները իրենց ամբողջական թղթածրարով ներկայացուած ըլլան:

Առաջին տարուան ուսանողները կրնան դիմել:

Ֆոնտէն յաջորդական երկու տարիներ օգտուողները չեն կրնար օգտուիլ:

Մանրամասնութեանց համար կապուիլ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակ, հեռ. 01-242556-57:

«ԱՔՍՈՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ»
ՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՖՈՆՏ

————————————-

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ


«ԴԷՊԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿ»…»

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեայ երթին նուիրուած
100 ստեղծագործութիւն, 100 դէմք

Հրատարակութիւն` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, խմբագիր` Վ. Աւագեան,  Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն:

————————————-

————————————-

ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ

«Թռչնոց բոյն»-ին կատարուած է հետեւեալ նուիրատուութիւնը.

Խաժակ Խտըշեանի մահուան քառասունքին առիթով`

Տէր եւ տիկին Շմաւոն Քէլէշեան 100$

————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԵՒ ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏՈՀՄԻԿ ԵՐԵԿՈՅ

2 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019

————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 21 ՆՈՅԵՄԲԵՐ

————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ

60-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՑԿԵՐՈՅԹ

24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019

————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

«ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»-Ի
ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ

29, 30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ ԵՒ 1 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019

————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան
Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբ

5 եւ 6 դեկտեմբեր 2019

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>