Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (8 Հոկտեմբեր 2019)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Նեսթա Աթիքեան-Սաղըրեան
Տէր եւ տիկին տոքթ. Հրաչ եւ տոքթ. Մայա Սաղըրեան եւ զաւակները` Էնտրու եւ Ալեքսանտրա
Տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Կասիա Սաղըրեան եւ զաւակը` Ուիլիամ
Տիկին Ազնիւ Սաղըրեան եւ զաւակունք
Սաղըրեան եւ Աթիքեան ընտանիքներ
Սարոֆիմ, Սարեան եւ Համամճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, աներոջ, մեծ հօր, եղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`

ԳԱՍՊԱՐ ԽՈՐԷՆ ՍԱՂԸՐԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2019-ին:

Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 9 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, քաղաքի Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ, Մեքսիք փողոց, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Հայ աւետարանական գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ պաշտամունքի, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ հինգշաբթի, 10 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00 եւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

Ծանօթ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել եկեղեցւոյ:

————————————-

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

«Աքսոր Գասարճեան» հայ համալսարանականներու ֆոնտը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս 2019-2020 կրթական տարեշրջանին համար կրթանպաստ պիտի յատկացնէ հայ համալսարանականներու:

Դիմումնագիրները պիտի ամբողջացուին ուղղակի կայքէն` www.akf.education, համալսարանական ֆոնտի դիմումնագիրէն:

Մինչեւ 30 նոյեմբեր 2019 պէտք է դիմումնագիրները իրենց ամբողջական թղթածրարով ներկայացուած ըլլան:

Առաջին տարուան ուսանողները կրնան դիմել:

Ֆոնտէն յաջորդական երկու տարիներ օգտուողները չեն կրնար օգտուիլ:

Մանրամասնութեանց համար կապուիլ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակ, հեռ. 01-242556-57:

«ԱՔՍՈՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ»
ՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՖՈՆՏ

————————————-

ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Զալքա, 145 քառ. մեթր,  լաւ վիճակի մէջ:

Գին` 160.000$: Հեռ. 01-876689:

————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԵՒ ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏՈՀՄԻԿ ԵՐԵԿՈՅ

2 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019

————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 21 ՆՈՅԵՄԲԵՐ

————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ

60-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՑԿԵՐՈՅԹ

24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019

————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

«ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»-Ի
ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ

29, 30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ ԵՒ 1 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019

————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան
Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբ

5 եւ 6 դեկտեմբեր 2019

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>