ՄԱՀԱԶԴ
ԼՕԽ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղի (Քաղաք) վարչութիւնը կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր անդամին`
ԱՆԱՀԻՏ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2019-ին:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան տնօրէնութիւնը, խնամակալութիւնը եւ տիկնանց օժանդակ յանձնախումբը կը գուժեն տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի երկարամեայ եւ վաստակաւոր ատենապետուհիին`
ԱՆԱՀԻՏ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2019-ին:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Նորայր եւ Թամար Էպլիղաթեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին տոքթ. Ֆիլիփ եւ Սիլվա Էպլիղաթեան-Գարակիւլեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Լենա Էպլիղաթեան- Մանուկեան եւ ընտանիք
Տիկին Անահիտ Գրիգոր Էպլիղաթեան
Տիկին Սոնա Մարութեան եւ ընտանիք
Տիկին Տիթա Մենենտեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Մաթիկ Էպլիղաթեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Մաղաքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութիւն Չաղլասեան եւ զաւակունք
Այվազեան եւ Գարակիւլեան ընտանիքներ
Թիւֆէնքճեան եւ Իրիքեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`
ԱՆԱՀԻՏ ՄԵԼԳՈՆ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆԻ
Ծնեալ` ՏՈԼՊԱՔԵԱՆ, 1927-ին)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, իր բնակարանին մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի կիրակի, 3 նոյեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել ՔԱՀԼ-ին եւ ԼՕԽ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղին:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սիրան Գարակէօզեան
Տէր եւ տիկին Պետրոս եւ Գոհար Գարակէօզեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Մայտա Գարակէօզեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Կիրակոս եւ Նորա Գարակէօզեան
Տէր եւ տիկին Խաժակ եւ Լարա Գարակէօզեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Սեւակ եւ Մարալ Այանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Խաչիկ եւ Նանօր Խաչերեան եւ զաւակունք
Տիկին Ալիք Գարակէօզեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարդիվառ եւ Սիրան Մանուկեան եւ զաւակունք
Գարակէօզեան եւ Մանուկեան ընտանիքներ
Այանեան եւ Խաչերեան ընտանիքներ
Մահտեսեան եւ Թորիկեան ընտանիքներ
Մուրատեան եւ Պաղտասարեան ընտանիքներ
Քէշիշեան եւ Կոկանեան ընտանիքներ
Տեմիրճեան եւ Տարագճեան ընտանիքներ
Գարամանուկեան եւ Չոգաքլեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՄԱՐԻԱՄ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ, 1930-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 28 հոկտեմբեր 2019-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի կիրակի, 3 նոյեմբեր 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00-ը, ինչպէս նաեւ երկուշաբթի, 4 նոյեմբերին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00-ը, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ:
————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԱՐՓԻ ՊԵՏՈՅԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 նոյեմբեր 2019-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
————————————-
ՄԱՐԱՇԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
2019-2020 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
ԿՐԹԱՆՊԱՍՏ
Այսու կը յայտնենք, որ Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութիւնը սկսած է ընդունելու ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ հայրենակիցներուն 2019-2020 տարեշրջանի կրթանպաստի դիմումները:
Կը խնդրուի հայրենակիցներէն անձամբ ներկայանալ վարչութեանս գրասենեակը ամէն երկուշաբթի, չորեքշաբթի կամ ուրբաթ օրերը, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 7:00: Ընդունման վերջին պայմանաժամն է ուրբաթ, 29 նոյեմբեր 2019-ին, որմէ ետք ներկայացուած դիմումները պիտի մերժուին:
Բարի վերամուտ բոլորին:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՐԱՇԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԵՒ ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏՈՀՄԻԿ ԵՐԵԿՈՅ
2 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019
————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 21 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ
60-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՑԿԵՐՈՅԹ
24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019
————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»-Ի
ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
29, 30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ ԵՒ 1 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019
————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան
Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբ
5 եւ 6 դեկտեմբեր 2019
————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐԵՐ
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի
Ծնողական խորհուրդ
ԱՇՆԱՆԱՅԻՆ «BRUNCH»
ուրբաթ, 15 նոյեմբեր 2019
***
ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
Հինգշաբթի, 12 եւ ուրբաթ, 13 դեկտեմբեր 2019-ին:
Տօնավաճառին մասնակցիլ փափաքողները կրնան հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն.
03-905441 – 03-576334 – 70-962747