Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Յայտարարութիւններ (22 Նոյեմբր 2019)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Լուսին Մալճեան
Տէր եւ տիկին Արա եւ Քրիստին Մալճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ռազմիկ եւ Մարիա Մալճեան եւ զաւակունք
Մալճեան եւ Վարդանեան ընտանիքներ
Պայրամեան եւ Յակոբեան ընտանիքներ
Չոպանեան եւ Գայսերեան ընտանիքներ
Գրաճեան եւ Պալապանեան ընտանիքներ
Գորուքեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, քեռայրին եւ հարազատին`

ՓՈԼ ՄԱԼՃԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 21 նոյեմբեր 2019-ի յետմիջօրէին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 23 նոյեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Տըպպաս հրապարակ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նաեւ կիրակի, 24 նոյեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

————————————-

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԱՐԱ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆի մահուան Գ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 24 նոյեմբեր 2019-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի։

ԿԱՐՕ ԱՆՏՈՆԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 24 նոյեմբեր 2019-ին, Այնճարի Հայ կաթողիկէ Ս. Վարդարանի Տիրամայր եկեղեցւոյ մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

————————————-

ԱԶԴԱՐԱՐԱԳԻՐ-ԿՈՉՆԱԳԻՐ

Մեծայա՛րգ
Պրն. Հրանդ Չիլինկիրեան

Յարգելի՛ պարոն,

Լիբանանի հայոց թեմի Դատաստանական խորհուրդս, 8 նոյեմբեր 2019 թուականին կայացուցած իր նիստին, զբաղեցաւ ձեր ընտանեկան հարցով:

Սոյն ազդարարագիրով ձեզ կը հրաւիրենք Դատաստանական խորհուրդի նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 13 դեկտեմբեր 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ` պաշտպանելու համար ձեր դատը անձամբ կամ փոխարինող անձի միջոցով:

Չներկայանալու պարագային, ձեր բացակայութիւնը ներկայութեան համազօր պիտի նկատուի եւ արձակուի համապատասխան վճիռ:

ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

«ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»-Ի
ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ

29, 30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ ԵՒ 1 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019

————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան
Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբ

5 եւ 6 դեկտեմբեր 2019

————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ

10 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019

————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐԵՐ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի
Ծնողական խորհուրդ

ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ

Հինգշաբթի, 12 եւ ուրբաթ, 13 դեկտեմբեր 2019-ին:

Տօնավաճառին մասնակցիլ փափաքողները կրնան հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն.
03-905441 – 03-576334 – 70-962747


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>