ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մայրանուշ Քէշիշեան եւ ընտանիք
Տիկին տոքթ. Արեգնազ Գալայճեան-Գարակէօզեան եւ ընտանիք
Տիկին Ժորժեթ Գալայճեան եւ ընտանիք
Գալայճեան եւ Քէշիշեան ընտանիքներ
Գարակէօզեան եւ Մարտինի ընտանիքներ
Պոյաճեան եւ Տէր Սահակեան ընտանիքներ
Եագուպեան եւ Պարպար ընտանիքներ
Ճըղալեան եւ Գարամանուկեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ՊՕՂՈՍ ՄԻՆԱՍ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1951-ին)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 16 օգոստոս 2019-ին, առաւօտուն, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 17 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղումէն առաջ եւ ետք, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Գրիգոր Սէֆէրեան եւ դուստրը` Մարիա
Տէր եւ տիկին Ներսէս եւ Օֆելա Սէֆէրեան եւ դուստրը
Տիկին Մարի Սէֆէրեան եւ դուստրը` Սիլվա
Տէր եւ տիկին Խաչիկ եւ Լուսին Սէֆէրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սեդրակ եւ Անի Սէֆէրեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Մարիա Սէֆէրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Թորոս եւ Լիզա Սրապոնեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Խաչատուր եւ Շողիկ Խաչատուրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Վալիա Խաչատուրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Մարալ Իշխանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժան եւ Եղիսաբէթ Հաննա եւ զաւակունք
Սէֆէրեան եւ Քեսապլեան ընտանիքներ
Խաչատուրեան եւ Կարապետեան ընտանիքներ
Ասուատ եւ Հաննա ընտանիքներ
Մանուկեան եւ Էլքաս ընտանիքներ
Իշխանեան եւ Գալուստեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, մեծ մօր, հարսին, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԶԵՓԻՒՌ ՍԷՖԷՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 12 օգոստոս 2019-ին, Քուէյթի մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ ուրբաթ, 16 օգոստոսին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Այնճարի գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին շաբաթ, 17 օգոստոսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
————————————-
ՈՒԽՏԻ ՕՐ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ԵՒ
ՏՕՆ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ
ՇԱԲԱԹ, 17 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` առաւօտեան ժամը 7:00-ին:
– Երեկոյեան ժամերգութիւն` երեկոյեան ժամը 5:00-ին:
– Հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ` երեկոյեան ժամը 8:00-ին:
Պիտի պատարագէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Ս. պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը:
Արարողութեանց պիտի նախագահէ եւ հայրապետական իր պատգամը ուղղէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին, տեղի պիտի ունենայ խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան ժամը 6:45-ին, հետեւեալ վայրերէն`
– Անթիլիասի մայրավանք
– Ս. Յարութիւն եկեղեցի (Ճիւնի)
– Ս. Յակոբ եկեղեցի
– Ս. Աստուածածին եկեղեցի
– Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի
– Ս. Գէորգ եկեղեցի
– Ս. Ագնէս վարժարան
– Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոց
– Տպարան Տօնիկեան
…
ԿԻՐԱԿԻ, 18 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019
Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԱԿԱՐ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ
Յաւարտ Ս. պատարագին տեղի պիտի ունենայ խաղողի օրհնութիւն:
…
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 19 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019
ՄԵՌԵԼՈՑ
Ս. Աստուածածնի վանքի համանուն մատրան մէջ պիտի մատուցուի Ս. պատարագ, որուն աւարտին նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգիստ` մեր ազգի բոլոր ննջեցեալներուն հոգիներուն համար:
————————————-
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ`
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 18 օգոստոս 2019-ին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի եւ խաղողօրհնէքի արարողութիւն պիտի կատարուի Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Յընթացս Ս. պատարագի, պիտի կարդացուի ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին սրբատառ կոնդակը եւ առաջնորդ սրբազան հօր ձեռամբ լանջախաչի իրաւունք պիտի շնորհուի եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ
ԱՐԺ. Տ. ԱՌԱՔԵԼ ՔՀՆՅ. ՏՄՏՄԵԱՆԻՆ
Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 9:30-ին
Սիրով հրաւիրուած է հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին եւ խաղողօրհնէքի արարողութեան:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————-
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ`
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ – ՀԱՅԱՇԷՆ
Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով կիրակի, 18 օգոստոս 2019-ին, հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի եւ խաղողօրհնէք կատարուի Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ:
Պիտի պատարագէ, քարոզէ եւ խաղողօրհնէքը կատարէ`
ԳԵՐՊ. Տ. ԱՆԱՆԻԱ Ծ. ՎՐԴ. ԳՈՒՃԱՆԵԱՆ
– Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 7:30-ին |
– Ս. պատարագ` | ժամը 10:00-ին |
– Քարոզ` | ժամը 11:00-ին |
– Խաղողօրհնէք պատարագի աւարտին` եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:
Ուստի կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` մասնակցելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Տորայի հրապարակին մօտ, 124 քառ. մեթր, 2 ննջասենեակ, հիւրասենեակ, ճաշասենեակ, 2 պատշգամ եւ յարակից մասեր: Դիմել` հեռ. 03-335368:
————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ԿԱՄ ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պաուշրիէ, կահաւորուած 150 քառ. մեթր, ամսական 650$: Հեռ. 03-384160:
————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ