Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Յայտարարութիւններ (14 Յունուար 2016)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Օրդ. Լիւսի Ճապրայեան
Տէր եւ տիկին Եփրեմ եւ Շաքէ Նահհաս եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժորժ եւ Անի Ճապրայեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժոզեֆ եւ Արշօ Ճապրայեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մանուէլ եւ Մարիա Խաչիկեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Սօսի Քոնճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ճօ եւ Ժիւլիեթ Քէշիշեան եւ ընտանիք
Տիկին Ժաքլին Կոստանդինեան եւ ընտանիք
Օրդ. Քարոլին Քէշիշեան
Ճապրայեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր, մօրեղբօր, հօրեղբօր որդւոյն եւ հարազատին`

ՏՈՔԹ. ՄԻՍԱՔ ՃԱՊՐԱՅԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ)

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 13 յունուար 2016-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Մար Եուսեֆ հիւանդանոցին մէջ:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 15 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ ետք, հինգշաբթի, 14, ուրբաթ, 15 եւ շաբաթ, 16 յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

—————————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Շահէ եւ Պերճուհի Չալեան
Տէր եւ տիկին Սթաւրօ եւ Ալին Լերիաս
Օրդ. Սալբի Չալեան
Տիկին Սոնա Չալեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արա եւ Նուարդ Չալեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Մարօ Չալեան եւ զաւակունք
Տիկին Եղիսաբէթ Մկրտիչեան եւ զաւակունք
Տիկին Արտեմիս Էզաճեան եւ զաւակունք
Չալեան եւ Լերիաս ընտանիքներ
Մկրտիչեան եւ Էզաճեան ընտանիքներ
Մինասեան եւ Փոլատեան ընտանիքներ
Գէլէճեան եւ Մալիքեան ընտանիքներ
Շամլեան եւ Գարակէօզեան ընտանիքներ
Փելթեքեան եւ Վարդանեան ընտանիքներ
Անտոնեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց որդւոյն, եղբօր, քրոջ որդւոյն եւ հարազատին`

ՓՈԼ ՇԱՀԷ ՉԱԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1968-ին)

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 11 յունուար 2016-ին, արկածի հետեւանքով:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ չորեքշաբթի, 13 յունուար 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին հանգուցեալին բնակարանին մէջ` Մըզհեր, Պսալիմ, «Միտըլ Իսթ» հիւանդանոցին կից, հինգշաբթի, 14 եւ ուրբաթ, 15 յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:

—————————————————————————-

Կազմակերպութեամբ` ՀՅԴ «Զաւարեան»
ուսանողական միութեան

«Պիլկի» համալսարանի պատմագիտութեան բաժանմունքի մագիստրոսի թեկնածու

ՏԱՆԻԷԼ ՕՀԱՆԵԱՆ

Կը ներկայացնէ`

«ՕՍՄԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԵՒ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ
ՊԱՏՄԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԵՐՁԵՑՈՒՄԸ. ՕՐԻՆԱԿ ՄԸ`
ՊՈԼՍԱՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵՆԷՆ» ՆԻՒԹԸ

Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 15 յունուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ:

logo_GulbenkianՏանիէլ Օհանեանի ուսումնասիրութեան ծիրը կ՛ընդգրկէ Օսմանեան կայսրութեան ընկերային-քաղաքական պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ պատմական ընկերաբանական հասկացողութիւնները: Օհանեան ունի օսմանեան շրջանին վերաբերող նիւթերով հրատարակուած ուսումնասիրութիւններ: Անոնցմէ վերջինն է այս ամիս լոյս տեսնելիք յօդուած մը` Հ Յ Դաշնակցութեան Պոլսոյ գրասենեակներէն մէկուն մասին. անիկա գրուած է Վարագ Գեթսեմանեանի հետ: Ներկայիս կ՛ուսումնասիրէ 1850-ականներէն մինչեւ 1909 թուականներուն ընթացքին Պոլսոյ պանդուխտներուն կեանքը, ինչպէս նաեւ` Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանի ժողովրդագրութեան պատկերը, որուն համար Մ. Էրտեմ Քապատայըի հետ միասին ստացած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի ֆոնտը:

—————————————————————————-

Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻ
(Հայաշէն)

ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն, թէ կիրակի, 17 յունուար 2016-ին, ըստ աւանդութեան, հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի եւ մատաղօրհնէք կատարուի Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով:

Պիտի պատարագէ եւ մատաղօրհնէքը կատարէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին

Հրաւիրուած են մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները` մասնակցելու եւ հաղորդուելու սոյն հոգեպարար առիթով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————————————————-

Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի – Հայաշէն

ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի եւ մատաղօրհնէք կատարուի կիրակի, 17 յունուար 2016-ին:

Այն ուխտաւորները եւ ազգայինները, որոնք կը փափաքին ոչխար կամ փոխան ոչխարի նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին կապուիլ թաղականութեան` հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերուն. 01-328474 եւ 01-328487:

ԾԱՆՕԹ.- Ոչխարները պէտք է եկեղեցի հասած ըլլան առաւելագոյնը մինչեւ ուրբաթ, 15 յունուար 2016, կէսօրուան ժամը 12:00:

Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————————————————-

baguèr1

ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԸ

ՃԻՏԱՊՈՒՐ

Գին` 18.000 լիբ. ոսկի

Հեռ. 01-240214
www.badguer.com

—————————————————————————-

ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳ

Հովանաւորութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Առաջնորդ լիբանանի հայոց թեմին

Կազմակերպութեամբ`
Լիբանանի Հայոց Թեմի Կրօնական Ժողովին

Կատարողութեամբ`
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի
«ԱՐՄԱՇ» երգչախումբին

Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 15 յունուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ:

Խմբավար` ՀՈԳՇ. Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ՎՐԴ. ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Դաշնակահար` ՅԱՍՄԻԿ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ

Սիրով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը` ըմբոշխնելու դպրեվանքի սաներուն կողմէ ներկայացուելիք Ս. Ծննդեան յայտագիրը:

—————————————————————————-

 ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի Անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 15 յունուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ակումբին մէջ, Զոքաք էլ Պլաթ:

ԾԱՆՕԹ.- Ներկաներուն թիւը մեծամասնութիւն պիտի նկատուի երեկոյեան ժամը 8:30-ին:

ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

—————————————————————————-

 

ՎԱՐՁՈՒ ՏՈՒՆ`
ԿԱՀԱՒՈՐՈՒԱԾ

Զալքայի մէջ, Grand Park 2:

Հեռ. 78-969090, 70-561953

—————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ Է

Յարկաբաժին մը` Նաքքաշի մէջ, 90 քառ. մեթր, + 50 քառ. մեթր թերաս: Սակ` 130.000 տոլար, կանխիկ կամ դրամատան միջոցով: Հեռ. 79-302473:

—————————————————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Secile հաստատութիւնը` Պուրճ Համուտի մէջ, կարիքը ունի կանացի հագուստ ձեւող եւ կարող փորձառու դերձակներու եւ դերձակուհիներու: Դիմել` հեռ. 03-217831 կամ 01-252251:

—————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ Է

Յարկաբաժին մը, Ամանոսի շրջան, «Թեհլիրեան» ակումբին դիմաց: 3-րդ յարկ: 115 քառ. մեթր: Հեռ. 03-087187:

—————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ՇԷՆՔ

Այնճարի մէջ, 3 յարկանի, հետաքրքրուողները կրնան հեռաձայնել 03-321252 թիւին:

—————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Զալքա, 140 քառ. մեթր, գին` 188.000 ամ. տոլար: Հեռ. 01-876689:

—————————————————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

«Աղասարգիսեան» հաստատութիւնը կարիքը ունի փորձառու եւ սկսնակ հաշուապահ-հաշուապահուհիներու: Դիմել` հեռ. 01-241000:

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԱԶԳԱՅԻՆ Լ. ԵՒ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
ՔՈԼԵՃԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

CHEESE & WINE

ՇԱԲԱԹ, 30 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016   

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016  

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ «Ն. ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

20 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016  

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>