Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (30 Օգոստոս 2019)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Սօսի Թաշճեան
Տէր եւ տիկին տոքթ. Էլի եւ Նանոր Թաշճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մանուէլ եւ Թալին Թորիկեան եւ զաւակունք
Տիկին Ալիս Թաշճեան եւ զաւակունք
Տիկին Թամիցա Թաշճեան եւ զաւակը
Տիար Մեսրոպ Թաշճեան եւ զաւակունք
Տիար Յակոբ Թաշճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Զաւէն Քէհէեան եւ զաւակունք
Տիկին Սալբի Նաճարեան եւ ընտանիք
Տիար Գալուստ Գոչունեան եւ ընտանիք
Տիկին Սալբի Թորիկեան եւ ընտանիք
Թաշճեան եւ Նաճարեան ընտանիքներ
Գոչունեան եւ Թորիկեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին`

ԿԱՅԾԱԿ ԹԱՇՃԵԱՆԻ

անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 29 օգոստոս 2019-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 30 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ շաբաթ, 31 օգոստոսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Արա եւ Թագուհի Թորոսեան եւ զաւակունք
Տեքիրմենճեան եւ Մահսերեճեան ընտանիքներ
Յակոբեան եւ Թորոսեան ընտանիքներ
Ապաճեան եւ Շեքերճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`

ԱՆԱՀԻՏ ՏԵՔԻՐՄԵՆՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԹՈՐՈՍԵԱՆ)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 25 օգոստոս 2019-ին, Թորոնթօ, Քանատա:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Հանգուցեալին հոգւոյն հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 1 սեպտեմբերին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

————————————-

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՍՕՍԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 1 սեպտեմբեր 2019-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ՅԱԿՈԲ ՍԱՉԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 1 սեպտեմբեր 2019-ին, Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

————————————-


Ներսէս Մսըրլեանի մահուան առիթով

«Արցախ ֆոնտ»-ի «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրին`

Ազգային մը 100 ամ. տոլար

————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հայկական հաստատութիւն մը կարիքը ունի քարտուղարուհիի մը: Թեկնածուները պարտին ամբողջացնել հետեւեալ պայմանները.

– Հայերէնի, անգլերէնի եւ արաբերէնի տիրապետում
– Հայերէն եւ անգլերէն գրաշարութեան իմացութիւն
– Գրասենեկային աշխատանքներու հմտութիւն

Հետաքրքրուողները կրնան դիմումներ ներկայացնել հետեւեալ հասցէին`

kachecho@hotmail.com

————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ

60-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՑԿԵՐՈՅԹ

24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>