ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 8 սեպտեմբեր 2019-ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, 5300 White Oak Ave., յաւարտ Ս. պատարագի:
ԵՂԻԿ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 8 սեպտեմբեր 2019-ին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
Յետ հոգեհանգստեան պաշտօնին, հանգուցեալին եղբայրը` Խորէն Ժամկոչեան ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
ԶԵՓԻՒՌ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ-ՍԷՖԷՐԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 8 սեպտեմբեր 2019-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՍԱՐԳԻՍ ՂԱԶԱՐ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆի մահուան Դ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 8 սեպտեմբեր 2019-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
————————————-
ՅԱՐԳԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՏԻՍ ՀԱՐՄԱՆՏԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԸ
ԾԱՂԿԵՊՍԱԿԻ ՓՈԽԱՐԷՆ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԿԱՏԱՐԵԼ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-ԻՆ
Լիբանանահայ հանրածանօթ երգիչ Ատիս Հարմանտեանի հարազատները խնդրած են իր մահկանացուն կնքած երգիչին մահուան առիթով ծաղկեպսակի փոխարէն նուիրատուութիւն կատարել «Թռչնոց բոյն»-ին:
«Թռչնոց բոյն»-ին նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել դրամատնային հետեւեալ հաշիւին.
Name of bank: Credit Libanais
Branch: Bourj Hammoud
Swift code: CLIBLBBX
Account: LB23 0053 00C4 USD0 0120 0871 7007
Address: Birds Nest Armenia street #21, Jbeil Lebanon
Email: armbirds@cyberia.net.lb
Phone: 00961-9540867
00961-9540027
————————————-
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԷՃ
2019-2020 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի 2019-2020 տարեշրջանի արձանագրութիւնները ընթացքի մէջ են: Քոլեճիս գրասենեակները բաց են ամէն օր, առաւօտեան ժամը 8:30-էն կէսօրէ ետք ժամը 1:00:
Թ. եւ ԺԲ. (SE- LS-GS) դասարաններու դասաւանդութիւնը կը սկսի երեքշաբթի, 17 սեպտեմբերին: Մնացեալ բաժիններու` նախակրթարան, միջնակարգ, երկրորդական դասարաններու դասաւանդութիւնը կը սկսի հինգշաբթի, 26 սեպտեմբերին, մանկապարտէզը` երկուշաբթի, 30 սեպտեմբերին:
Մանկամսուրը իր երկու բաժիններով արդէն կը գործէ: Կ՛ուզենք յիշեցնել, որ մանկամսուր կ՛ընդունուին երեք ամսականէն մինչեւ 3 տարեկան մանուկներ:
Նորեկ աշակերտները պարտին իրենց հետ ունենալ`
Անձնաթուղթի լուսապատճէն,
2 լուսանկար,
Նախորդ վարժարանէն վիճակացոյց
Փոխանցման գիր եւ պետական թիւի վաւերացուած հաստատագիր:
Նշենք, որ քոլեճին մէջ յաջորդական 5-րդ տարին ըլլալով կը գործէ Մանկավարժական խորհրդատուութեան բաժանմունքը իր լրիւ կազմով` հոգեբան խորհրդատու, ուղղախօսութեան, հոգեշարժութեան եւ ուղղավարժութեան մասնագէտներով, որոնք պատրաստ են օժանդակելու կրթական դժուարութիւն ունեցող աշակերտներուն:
Նորութիւն
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ քոլեճիս մէջ պիտի գործադրուի կրթական «Օտար ծրագիր» (մանհաժ աժնապի)` հայ օտարահպատակ աշակերտներու համար, որոնք ԺԲ. դասարանը աւարտելէ ետք կը ստանան երկրորդականի (high school) վկայական:
Այդ վկայականով անոնք Լիբանանի մէջ թէ այլուր կրնան իրենց համալսարանական ուսումը շարունակել (freshman):
Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ 2019-2020 տարեշրջանին մեր քոլեճի նախակրթարանի բոլոր դասարաններու մէջ ալ Ֆրանսերէն պիտի դասաւանդուի իբրեւ 4-րդ լեզու:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————-
2019-2020-Ի ՎԵՐԱՄՈՒՏ
ՄԻՇՏ ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏԻՆ ԿՈՂՔԻՆ` ՀՈԳԱԾՈՒ
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՍԵՐՏՈՒԱԾ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿՈՎ
Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը որոշած է շարունակել կրթական իր առաքելութիւնը` հայահոծ շրջաններուն մէջ միացեալ աշխատանքով: Առ այդ` 2019-2020 կրթական տարեշրջանին համար կը միացուին Նոր Ամանոսի Հայ աւետարանական Փ. Եւ Է. Թորոսեան վարժարանի եւ Պուրճ Համուտի Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի աշխատանքները` վերջինիս շրջափակին մէջ:
Ստորեւ Պուրճ Համուտի Հայ աւետարանական վարժարանի 2019-2020 տարուան վերամուտի մանրամասնութիւնները.-
Արձանագրութիւն
Արձանագրութիւնները սկսած են եւ Տէրը կամի պիտի շարունակուին սեպտեմբերին` երկուշաբթիէն ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 9.00-12.00:
ԾԱՆՕԹ.- Կ՛ընդունինք 1 տարեկան եւ 8 ամսու փոքրիկները` ծիլ դասարան:
Արեւելումի Օր
Երեքշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2019, առաւօտեան ժամը 9.00-12.00:
Վերամուտ`
. Միջնակարգ Գ. կարգի (պրէօվէ) դասաւանդութիւնները կը սկսին չորեքշաբթի, 11 սեպտեմբերին:
. 1-10-րդ կարգերու համար տարեշրջանը կը սկսի երեքշաբթի, 24 սեպտեմբերին: Նոյն օրը, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, առաջին պաշտամունքին հրաւիրուած են նաեւ ծնողները:
. Մանկապարտէզի կրթական տարեշրջանը կը սկսի հինգշաբթի, 26 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:
Նորեկ աշակերտներ
Նորեկ աշակերտները վիճակացոյցի եւ վաւերացուած «իֆետէ»-ի կողքին պարտին ներկայացնել բարի վարուց վկայագիր: Մուտքի քննութիւններ նորեկ աշակերտներու` ըստ հարկի:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————-
ՍՐԲՈՒՀԻ ԱԳՆԷՍ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
2019-2020 տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին: Արձանագրուելու համար ներկայանալ վարժարանի քարտուղարութեան, ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:30-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 1:00, բացի շաբաթ օրերէն:
Վերամուտի թուականներն են.
Պրէօվէ դասարան` 17 սեպտեմբեր 2019
Նախակրթարան եւ միջնակարգ` 24 սեպտեմբեր 2019
Մանկապարտէզ` 7 հոկտեմբեր 2019
Հեռ. 01-261139
Facebook: Ecole Sainte Agnes des Soeurs Arméniennes
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————-
ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» պաշտօնաթերթին 2019 տարուան երկրորդ թիւը` Հայ դատին, պոլսահայութեան, համշէնահայութեան եւ ընդհանրապէս Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին ապրող հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ գոյապայքարին նուիրուած:
Ստանալու համար դիմել «Աբրահամ Աշճեան» կեդրոն եւ ՀՅԴ ակումբներ:
————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Լիբանանի մէջ գործող հայկական ճաշարան մը կարիքը ունի լիբանանահայ խոհարարի մը` հայկական եւ լիբանանեան ճաշեր պատրաստելու համար, ինչպէս նաեւ լիբանանցի լիաժամ եւ կիսաժամ սպասարկողներու:
Դիմել հեռ. 03-484184
————————————-
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Խաժակ Խտըշեանի մահուան առիթով`
Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Ալին Օհանեան 100$` ԼՕԽ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղին: