Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ ԷՇՐԵՖԻԷ
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
Ս. ՅԱԿՈԲԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ
Շաբաթ, 14 դեկտեմբեր 2019
– Աղօրհնէք` առաւօտեան ժամը 9:00-ին
մասնակցութեամբ դպրաց դասին եւ ժողովուրդին
– Զենում ոչխարներու` ժամը 9:30-ին
– Մատաղի ծագման եւ իմաստի մասին դասախօսութիւն`
ժամը 10:00-ին, եկեղեցիին մէջ
– Ս. հաղորդութիւն` յետ դասախօսութեան
– Երեկոյեան ժամերգութիւն` ժամը 7:00-ին
Կիրակի, 15 դեկտեմբեր 2019
– Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան, «Բարերարներու օրուան» եւ եկեղեցւոյս կառուցման 65-ամեակի տօնախմբութիւն
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամ 7:30-ին
– Ս. Պատարագ` ժամը 9:30-ին
– Քարոզ` ժամը 11:00-ին
– Հոգեհանգիստ եւ մատաղօրհնէք` ժամը 11:30-ին
– Օրուան բոլոր արարողութիւններուն պիտի հանդիսապետէ, Ս. պատարագը մատուցէ եւ մատաղօրհնէքը կատարէ`
ԳԵՐ. Տ. ՆԱՐԵԿ` ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ
Սիրով կը հրաւիրենք մեր բոլոր հայորդիները ներկայ գտնուելու եւ հաղորդակից դառնալու օրուան հոգեպարար արարողութեան:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————-
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՆ ՈՒ
Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻՆ ՏՕՆԸ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը այս տարի եւս հանդիսաւոր կերպով պիտի նշէ Ս. Ստեփանոս նախավկայ սարկաւագին տօնը, կիրակի, 22 դեկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Պատարագի աւարտին գեղարուեստական յայտագիր պիտի ներկայացուի դպրեվանքի սարկաւագներուն կողմէ` կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ: Սիրով կը հրաւիրենք ժողովուրդի բոլոր զաւակները` տօնակից դառնալու դպրեվանքի սարկաւագաց դասուն:
Դպրեվանքը կը շնորհաւորէ հայ եկեղեցւոյ սպասաւորութեան նուիրուած բոլոր սարկաւագներուն տօնը:
————————————-
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Կիրակի, 15 դեկտեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Պուրճ Համուտի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ անդրանիկ սուրբ պատարագ պիտի մատուցէ եւ քարոզէ`
Նորօծ ԱՐԺ. Տ. ԽՈՐԷՆ ՔՀՆՅ. ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները աղօթելու քահանայ հօր աստուածահաճոյ եւ եկեղեցանուէր առաքելութեան համար:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Նահատակուած եւ մահացած ՀՄԸՄ-ական ննջեցեալներու հոգիներուն համար հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 15 դեկտեմբեր 2019-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԼՈՒՍԻՆ ՈՒՆՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 15 դեկտեմբեր 2019-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի։
ԲԵՆՕ ԹՈՆԴԵԱՆԻ մահուան Ե. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 15 դեկտեմբեր 2019-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————-
ՊԱՇՏՕՆԵԱՅԻ ԿԱՐԻՔ
Հաստատութիւն մը Արեւմտեան Պէյրութի մէջ կարիքը ունի լիբանանահպատակ դռնապանի մը: Հետաքրքրուողները կրնան հեռաձայնել 01-349816 թիւին, երկուշաբթիէն ուրբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00:
————————————-