2020 ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԱՋԻՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Նոր տարուան առաջին օրը` չորեքշաբթի, 1 յունուար 2020, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լիբանանի Հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ սուրբ պատարագ պիտի մատուցուի:
Պուրճ Համուտի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ եկեղեցական արարողութեանց պիտի նախագահէ`
Տ. ԱՆԱՆԻԱ Ծ. ՎՐԴ. ԳՈՒՃԱՆԵԱՆ
Քարոզիչ Լիբանանի հայոց թեմին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` մասնակցելու սուրբ պատարագին եւ Նոր տարին Աստուծոյ գոհութիւն յայտնելով սկսելու:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԱՆԻ ԿԷՕՔՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 29 դեկտեմբեր 2019-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՌՈՒԲԷՆ, ՄԱՐԻ, ՄԻՍԱՔ եւ ՇՈՂԻԿ ԲԱՐԻՔԵԱՆՆԵՐՈՒ հոգիներուն խաղաղութեան համար հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 29 դեկտեմբեր 2019-ին, Ժիպէյլի Ս. Գայեանէ մատրան մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————-
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Կէօքճեան, Բալուլեան, Տեմիրճեան եւ Աբէլեան ընտանիքներ շնորհակալութիւն կը յայտնեն
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, Ազունիէի Ազգային բուժարանի խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, Ազգային առաջնորդարանի Դատաստանական խորհուրդին եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց կնոջ, մօր, քրոջ եւ հարազատին` ԱՆԻ ԿԷՕՔՃԵԱՆի մահուան սուգին:
Մեր յատուկ երախտագիտութիւնը բոլոր այն սրտակից կամաւորներուն, որոնք իրենց արիւնով եւ փլաքեթներով ջանացին փրկել Անիին կեանքը: