ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Անի Էսքիճեան եւ զաւակը` Սագօ
Տէր եւ տիկին Սագօ եւ Նաթալի Տէպլօղեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Թինօ եւ Վիքի Չիֆթճեան եւ զաւակը
Լեւոն, Վիգէն եւ Թալին Էսքիճեաններ
Տիկին Նուէր Գալայճեան
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Գալայճեան
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս Գալայճեան եւ զաւակունք
Տիկին Մարի Գալայճեան եւ զաւակունք
Տիկին Սիլվա Ժուլագեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարդգէս եւ Ռիթա Ազնաւուրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Լենա Քիւրտեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Տիրան եւ Գարոլ Ազնաւուրեան եւ զաւակունք
Էսքիճեան եւ Տէպլօղեան ընտանիքներ
Չիֆթճեան եւ Գալայճեան ընտանիքներ
Դարբինեան եւ Տուրնայեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, քեռայրին եւ հարազատին`
ԳՐԻԳՈՐ ԷՍՔԻՃԵԱՆԻ (ԿՐԷՔ)
(Ծնեալ` 1943-ին)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 17 փետրուար 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի երեքշաբթի, 18 փետրուարին` կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին երեքշաբթի, 18 եւ չորեքշաբթի 19 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել «Ազդակ»-ի ֆոնտին:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Վարուժան Յակոբեան
Տէր եւ տիկին Սագօ եւ Նայիրի Յակոբեան եւ զաւակունք
Օրդ. Սիլվա Յակոբեան
Տէր եւ տիկին Վարդիվառ եւ Թալին Քէշիշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Հերա Թոմաս եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մինաս եւ Թամար Գալուստեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Միշէլ եւ Սօսի Գարամանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մելքոն եւ Սիւզան Պաքքալեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սահակ եւ Ղուզայլա Պաքքալեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Զարեհ եւ Սիւզի Պաքքալեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մանօ եւ Սիւզան Պաքքալեան եւ զաւակունք
Յակոբեան եւ Պաքքալեան ընտանիքներ
Քէշիշեան եւ Թոմաս ընտանիքներ
Գալուստեան եւ Գարամանեան ընտանիքներ
Մեսճեան եւ Գազանճեան ընտանիքներ
Քութուճեան, Ալեքսանեան եւ Սիմոնեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`
ՍՈՆԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՊԱՔՔԱԼԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 16 փետրուար 2020-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 17 փետրուար 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
————————————-
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով, հակառակ Լիբանանի տագնապալի իրավիճակին, հաւատքով եւ յոյսով լեցուած, կը շարունակենք մեր առաքելութիւնը:
Օրհնութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ
Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ
Հինգշաբթի, 20 փետրուար 2020-ին Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնախմբութիւնը պիտի սահմանափակուի Սուրբ պատարագով եւ մատաղի օրհնութեամբ:
Պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՆԱՆԻԱ Ծ. ՎՐԴ. ԳՈՒՃԱՆԵԱՆ
Քարոզիչ Լիբանանի Հայոց թեմի
Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 8:00-ին |
Դիմաւորութիւն` | ժամը 9:30-ին |
Ս. պատարագ` | ժամը 10:00-ին |
Քարոզ` | ժամը 11:00-ին |
Մատաղօրհնէք` | ժամը 12:00-ին |
Սիրով կը հրաւիրենք ձեզ ներկայ գտնուելու այս հոգեպարար արարողութեան, լսելու եւ գօտեպնդուելու Աւարայրի ոգիով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————-
ՆՈՐԱՇԷՆԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ
Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, հինգշաբթի, 20 փետրուար 2020-ին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ պիտի կատարուի աւանդական մատաղօրհնէք:
Այն ուխտաւոր հաւատացեալները, որոնք կը փափաքին մատաղցու ոչխար նուիրել կամ փոխան ոչխարի նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին անձամբ դիմել Թաղական խորհուրդի գրասենեակ քարտուղարութեան եւ կամ հեռաձայնել 01-242593 եւ 03-763769 թիւերուն:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————-
ՏՕՆ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Հինգշաբթի, 20 փետրուար 2020-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Նախագահութեամբ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Կը հրաւիրենք մեր սիրելի ժողովուրդը ներկայ գտնուելու եկեղեցական արարողութեան, որպէսզի Վարդանանց ոգիով լիցքաւորուած` ազգովին շարունակենք մեր եկեղեցանուէր եւ ազգաշէն առաքելութիւնը:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————-
ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ
ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏՕՆ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ
ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ
Պատգամաբեր` ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՓՕԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ
Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ, Նոր Ամանոս, հինգշաբթի, 20 փետրուար 2020-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին:
ՀՐԱՒԷՐ
————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Երեւան Փլազա, 8-րդ յարկ, 2 ննջասենեակ, հիւրասրահ` իր յարակից մասերով: Հեռ. 78-969090:
————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ԿԱՄ ԾԱԽՈՒ
ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Կիլիկիա թաղ, 88 քառ. մեթր` 1 ննջասենեակ, հիւրասենեակ, 1 նստասենեակ, եւ յարակից մասեր, նաեւ` պատշգամ: 3-րդ յարկ: Դիմել հեռ. 79-196931:
————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Ոսկերչատուն մը կարիքը ունի վարպետ ադամանդաշարի մը` մանրադիտակի (microscope)-ի վրայ աշխատելու: Հեռ. 01-266514, 01-268478:
————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ
ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ