ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ` «ՔՈՐՈՆԱ»-Ի ՃԳՆԱԺԱՄԱՅԻՆ ՇՏԱՊԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
«Քորոնա»-ի վտանգը գաղութային տարողութեամբ դիմագրաւելու համար ստեղծուեցաւ «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը, որուն ծանօթանալու համար «Վանայ ձայն» կը կատարէ հարցազրոյց մը` շաբաթ, 21 մարտի կէսօրուան ժամը 12:00-ին:
Հարցազրոյցին հիւրերն են ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի ատենապետ տոքթ. Սահակ Քէշիշեան:
Հարցազրոյցին կարելի է ուղղակի հետեւիլ «Վանայ ձայն»-ի Դիմատետրի էջով (https://www.facebook.com/voiceofvan), կայքով voiceofvan.net եւ բջիջային հեռաձայնի ծրագիրով (voiceofvan:live):
Կրկնութիւնը` նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 6:30-ի լուրերէն ետք:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Վերոնիք Գասպարեան եւ զաւակները` Ոսկան եւ Սարին (Մարսէյ)
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Մարօ Բրուտեան եւ զաւակները` Մկօ եւ Սարօ
Տէր եւ տիկին Սեդօ եւ Շաքէ Պաղտասարեան եւ զաւակները` Գառնիկ եւ Նայիրա
Տէր եւ տիկին Պետրոս Գասպարեան
Տիկին Թագուհի Գասպարեան
Տէր եւ տիկին Սէրուժ եւ Սարին Պաղտասարեան
Տէր եւ տիկին Նարեկ եւ Ալիսիա Գասպարեան (Լիոն)
Տէր եւ տիկին Հայկ Թապագեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Ֆլորա Չէրքէզեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Շողիկ Չուլճեան եւ զաւակունք
Տէմիրճեան եւ Ահարոնեան ընտանիքներ
Քէշիշեան եւ Պետրոսեան ընտանիքներ
Արթինեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, եղբօր, աներհօր, մեծ հօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ՏԷՐ ՎԱՐԴԱՎԱՌ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆԻ
(Աւազանի անունով Կարապետ, ծնեալ` 1929-ին, Պէյրութ)
վախճանումը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 19 մարտ 2020-ին, Մարսէյի Սուրբ Էլիզապէթ հիւանդանոցին մէջ:
Վերջին օծման եւ թաղման կարգը պիտի կատարուի երկուշաբթի, 23 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին (Ֆրանսայի ժամանակացոյցով), Պոմոնի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Ֆրանսա:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ: