Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Յայտարարութիւններ (25 Յունուար 2016)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէն կը գուժէ իր հաւատաւոր ընկերներէն`

ԶԱՔԱՐ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆի

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 25 յունուար 2016-ին:

—————————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Վարդուհի Գալայճեան
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Նայիրի Գալայճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Թալին Եագուպեան եւ զաւակունք
Օրդ. Անի Գալայճեան
Տիկին Մայրանուշ Քէշիշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Եղիսաբէթ Տէր Սահակեան եւ զաւակունք
Տոքթ. Արեգնազ Գարակէօզեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յովսէփ Գալայճեան եւ զաւակունք
Տիար Պօղոս Գալայճեան
Գալայճեան եւ Եագուպեան ընտանիքներ
Քէշիշեան եւ Գարակէօզեան ընտանիքներ
Ճղալեան եւ Գարամանուկեան ընտանիքներ Քրտեան եւ Պոյաճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`

ՎԱՐԴԳԷՍ ՄԻՆԱՍ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1934-ին)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 24 յունուար 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 26 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, հանգուցեալին բնակարանին մէջ, Ամանոս:

—————————————————————————-

ՆՈՐԱՇԷՆԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ
ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, հինգշաբթի, 4 փետրուար 2016-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. եւ անմահ պատարագ եւ պիտի կատարուի աւանդական մատաղօրհէնք:

Այն ուխտաւոր հաւատացեալները, որոնք կը փափաքին մատաղցու ոչխար նուիրել (արու ոչխար) կամ փոխան ոչխարի նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին անձամբ դիմել թաղական խորհուրդի գրասենեակ` քարտուղարութեան եւ կամ հեռաձայնել

01-242593 եւ 03-763769 թիւերուն:

ԾԱՆՕԹ.- Բարեհաճեցէք ոչխարները եկեղեցի հասցնել առաւելագոյնը 1 փետրուարին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————————————————-

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Առողջապահական Յանձնախումբ
«Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի
Նախազգուշական Բաժանմունք

ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՆՈՐ ՇԱՐՔ

Շարքին երրորդ դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 27 յունուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, 4-րդ յարկ:

Նիւթ`

«ԳԼԽԱՑԱՒԵՐՈՒ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ»

Դասախօս`
ՏՈՔԹ. ՊԵՐՃ ՏԱԳԷՍԵԱՆ
(Մանկաբուժ)

—————————————————————————-

ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՄԱՐԱՇԻ ԱՂԷՏԻՆ

Սիրելի՛ հայրենակից,

Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութիւնը պիտի ոգեկոչէ Մարաշի աղէտին 96-րդ տարելիցը:

Նոր Մարաշի հայ երեք յարանուանութեանց եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենան Ս. պատարագ, պաշտամունք եւ հոգեհանգստեան պաշտօններ, կիրակի, 31 յունուար 2016-ին, մարաշցի հին եւ նոր ննջեցեալ հայրենակիցներուն հոգիներուն համար:

Կը հրաւիրենք ձեզ բոլորդ, ներկայ գտնուելու վերոյիշեալ եկեղեցական արարողութիւններուն` յարգելու համար խնկելի յիշատակը մեր ննջեցեալներուն:

Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի Յաւարտ Ս. պատարագի
Ս. Փրկիչ եկեղեցի Ժամը 10:00-ին
Հայ աւետարանական եկեղեցի Ժամը 10:00-ին

Յաւարտ եկեղեցական արարողութեանց, բոլոր հայրենակիցները հրաւիրուած են միութեանս նորակառոյց սրահը` հոգեսուրճ առնելու եւ յարգելու մեր նահատակներուն յիշատակը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՐԱՇԻ
ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

—————————————————————————-

baguèr1

ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԸ

ԳԵՏՆԱԽՆՁՈՐԻ ԼԻՑՔ
+ ԵՂԻՆՁ

Գին` 16.000 լիբ. ոսկի

Հեռ. 01-240214
Հեռ. 70-607548
www.badguer.com

—————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ՇԷՆՔ

Այնճարի մէջ, 3 յարկանի, հետաքրքրուողները կրնան հեռաձայնել 03-321252 թիւին:

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016  

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ «Ն. ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

20 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016  

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՄԻՈՒԹԻՒՆ

10 ՄԱՐՏ 2016

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ
ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

26 ՄԱՐՏ 2016

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՔԱՀԼ-ի
Հայ Տարեցներու Տան
Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբ

Երեքշաբթի, 3 մայիս 2016

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԼՕԽ-Ի «ԱՐՑԱԽ»
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
BRUNCH

5 ՄԱՅԻՍ 2016

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Trending Articles