————————————-
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ԵՒ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ
ՎԱՆՔԻ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԱՏՈՒՑՈՒՄ
Այսու կու գանք ծանուցելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն, թէ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կը շարունակուի եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի համանուն մատրան մէջ սկիզբ կ՚առնէ Ս. եւ Անմահ Պատարագներու մատուցումը։
Արդարեւ, կոչ կ՚ուղղենք մեր սիրելի հայորդիներուն ներկայ գտնուելու եւ մասնակցելու եկեղեցական հոգեպարար արարողութեանց։
Դիւան Կաթողիկոսարանի
————————————-
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան խնամակալութիւնը եւ տնօրէնութիւնը խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեն Ազգային բարերար տիար Երջօ Սամուէլեանին, որ Լիբանանի ներկայի դիմագրաւած տնտեսական տագնապն ու ապրուստի միջոցներու սղաճը նկատի առնելով, գնահատեց ՔԱՀԼ-ի տարած աշխատանքը` հաստատութեան նուիրելով երկու ամսուան սննդամթերքի գումարը:
Տիար Երջօ Սամուէլեանի նման ազգային բարեսիրտ եւ նուիրատու բարերար անձերու գործօն ներկայութիւնը մեր ժողովուրդին համար օրհնութիւն է: Անբացատրելիօրէն մեզ ուրախութեամբ եւ յոյսով լեցուց այս աստուածահաճոյ ծառայութիւնը` ի շահ մեր ծերունի պատսպարեալներուն հոգատարութեան:
ՔԱՀԼ ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ