ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՍՕՍԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆի մահուան առաջին տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 26 յուլիս 2020-ին, Նոր Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————-
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան խնամակալութիւնը եւ տնօրէնութիւնը խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, որ Լիբանանի ներկայիս դիմագրաւած տնտեսական տագնապին ու ապրուստի միջոցներու սղաճին քաջ գիտակցելով, նեցուկ կանգնեցաւ ՔԱՀԼ հաստատութեան` նուիրելով մէկ ամսուան սննդամթերքի գումարը:
Անբացատրելիօրէն մեզ ուրախութեամբ եւ յոյսով լեցուց այս աստուածահաճոյ ծառայութիւնը` ի շահ մեր ծերունի պատսպարեալներուն հոգատարութեան: Լիայոյս ենք, որ բոլորս միասնաբար եւ հաւաքական ջանքերով պիտի կարենանք շրջանցել այս հանգրուանը:
ՔԱՀԼ ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————-
ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Սամուէլ (Սեմ) Խայեաթի մահուան առիթով`
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը 500.000 լիբ. ոսկի կը նուիրէ ԼՕԽ-ի «Վ. Տէկիրմենճեան» խոհանոցին: