ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մատլեն Պեզճեան եւ զաւակը` Շահէ
Տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Զեփիւռ Պեզճեան եւ դստերք
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Էթի Պեզճեան եւ զաւակները` Յովհաննէս, Վահագն եւ Զուլալ
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Նազելի Պեզճեան եւ զաւակը` Սերժ
Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Սօսի Մաքուշեան եւ դուստրը` Մարիթա
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Թագուհի Պեզճեան եւ զաւակունք
Գաթուրճեան եւ Գանթարճեան ընտանիքներ
Շատոյեան եւ Պօղոսեան ընտանիքներ
Քենտինեան եւ Մաքուշեան ընտանիքներ
Ունճեան եւ Փելթեքեան ընտանիքներ
Կոստանեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, մօրեղբօր, աներոջ, քեռայրին եւ հարազատին`
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԵԶՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 31 օգոստոս 2015-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 1 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
- Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
- Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, եկեղեցւոյ` «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ, իսկ չորեքշաբթի, 2 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 հանգուցեալին բանակարանը, Մարաշ թաղ, Ապունայան հաստատութեան կից, 2րդ յարկ,
—————————————————————————-
ՄԱՄԼՈՅ ԼՍԱՐԱՆ ԹԻՒ 107
Նիւթ`
«ԻՆՉՊԷ՞Ս ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ
ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԸ»
Զեկուցող`
ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
(Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի յանձնախումբի նախագահ)
Տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի, 3 սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ:
—————————————————————————-
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Առ ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը յայտնենք, որ ամէն առաւօտ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուի Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 8:00-էն սկսեալ: Իսկ շաբաթ երեկոյեան Կիրակմուտքի ժամերգութիւն` ժամը 5:00-ին:
Ժամերգութիւնները պիտի կատարէ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ`
ԱՐԺ. Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՔՀՆՅ. ԳԸԼԸՆՃԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` մասնակցելու սոյն ժամերգութեանց, աղօթքով զօրանալու եւ փառաւորելու զԱստուած:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————————————————-
100-ամեակ Մուսա Լերան |
75-ամեակ Մուսա Լեռ-Այնճարի Հիմնադրութեան |
Յոբելենական Ձեռնարկներու Շարք
Զ. Շաբաթ
ՅՈՒՇ ԵՐԵԿՈՅ
նուիրուած` Մուսա Լերան հերոսամարտի
կեդրոնական վարչութեան նախագահ` վեր. Տիգրան Անդրէասեանի
Կազմակերպութեամբ`
Այնճարի հայ աւետարանական համայնքին
Խօսք կ՛առնէ` ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան
Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 4 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ:
Մուսալեռցի ականաւոր գրող եւ գրաքննադատ
Պօղոս Սնապեանի Տուն Թանգարանի Բացում
նահատակ Յովհաննէս Լուրջեանի յիշատակին
խօսք կ՛առնեն Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի
եւ
Հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինի նախագահ Եսայի Հաւաթեան
Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 5 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբի Նուագահանդէս
Կազմակերպութեամբ`
ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղին
Տեղի կ՛ունենայ նոյն օրը երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Այնճարի պասքեթպոլի դաշտին վրայ:
Տօնահանդէս Հայոց ցեղասպանութեան եւ
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-ամեակին առիթով
կազմակերպութեամբ` Այնճարի Հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետութեան
նահատակ Միսաք Պայրամեանի յիշատակին
Նախատօնակ «Սրբոց Թարգմանչացն», օրհնութիւն եւ Քողազերծում «Ապրիլեան նահատակներու եօթնվէրք Տիրամայր» խաչքարին (գործ` Աղասիի- Պօղոս Թասլաքեան)` կիրակի, 6 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին:
Ներկայացում` «Էրէբունի» նորաստեղծ ինքնահոսին (գործ` Գրիգոր Սգայեանի)
եւ «Վերածնունդով դէպի յաւերժութիւն» յուշագիրքին (հեղինակ` Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան):
Շնորհահանդէս` «Այնճարի Ս. Վարդարանի Տիրամայր հայ կաթողիկէ համայնքին պատմագրութեան համար» նորատիպին (Հեղինակ` Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան):
—————————————————————————-
ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԸ
ՍԻՆԻ ՔՈՖԹԱ
Գին` 16.000 լիբ. ոսկի
Հեռ. 01-240214
—————————————————————————-
ՄՏՔՈՎ ԹԵՐԱՃ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ
«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ԿԵԴՐՈՆ
2015-2015 տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը սկսին 1 սեպտեմբերէն սկսեալ:
Վերամուտ` երկուշաբթի, 7 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 7:30-ին:
Կեդրոնը կը շարունակէ ընդունիլ հին եւ նոր աշակերտներ` երկսեռ մանուկներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ:
Կեդրոնը ունի աշխատանոցի դրութիւն եւ ինքնաշարժի սպասարկութիւն:
Հասցէ` Պուրճ Համուտ – Թրատ, նախկին Թրատի Հայ աւետարանական վարժարանին մէջ:
Հեռ. 03-420538/03-918444/ Tel-Fax 01-257631 e-mail:zvartnots@hotmail.com
Ծանօթ.- Մասնագիտացած դաստիարակութիւնը առաւել չափով արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ, երբ մանուկներ փոքր հասակին կեդրոն կը ներկայանան:
Բարի վերամուտ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————-
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ՖԱՆԱՐ-Հեռ. 01-891099/68
ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ
2015-2016
Արձանագրութիւնները կը վերսկսին երեքշաբթի, 1 սեպտեմբեր 2015, առաւօտեան ժամը 8:30-12:30, բացի շաբաթ օրերէն:
Ծաղկոցի արձանագրութիւնները եւս տեղի կ՛ունենան վարժարանիս քարտուղարութեան մօտ, նոյն ժամանակացոյցով. իսկ Ծաղկոցը իր դռները կը բանայ 30 սեպտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին, վարժարանիս մօտակայ Kideology-ին մէջ:
Գրենական պիտոյքներու եւ համազգեստի վաճառքը` երկուշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2015-էն սկսեալ, առաւօտեան ժամը 8:30-էն 12:30, բացի շաբաթ օրերէն:
Նորեկ աշակերտներու մուտքի քննութիւնները եւ վերաքննութիւնները տեղի կ՛ունենան երկուշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին:
ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐ
Երեքշաբթի, 15 սեպտեմբեր 2015 – Թ., Ժ., ԺԱ., ԺԲ. դասարաններուն` առաւօտեան ժամը 7:25-12:15
Երկուշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2015 – Նախակրթարանի եւ միջնակարգի բոլոր դասարաններուն` առաւօտեան ժամը 7:25-12:15
Երեքշաբթի, 29 սեպտեմբեր 2015 – Մանկապարտէզի Բողբոջ, Կոկոն, Ծաղիկ դասարաններու` առաւօտեան ժամը 7:25-12:15
Հինգշաբթի, 1 հոկտեմբերէն սկսեալ դասաւանդութիւնը կ՛ըլլայ լիաժամ` առաւօտեան ժամը 7:30-2:30:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Ոսկերչական հաստատութիւն մը կարիքը ունի սկսնակ ոսկերիչ (սետեքեր) գործաւորներու: Դիմել` հեռ. 71-291959:
—————————————————————————-
ՀՅԴ «Ս. ԹԵՀԼԻՐԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
5 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2015