Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (14 Օգոստոս 2020)

$
0
0
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ
ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ՈՒ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ

Այս կիրակի, 16 օգոստոս 2020-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ

Հանդիսապետութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԱԿԱՐ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ

Պատարագի աւարտին, վեհափառ հայրապետին ձեռամբ տեղի պիտի ունենայ խաղողի օրհնութիւն:

Յայտնենք, որ Ս. պատարագ պիտի մատուցուի ու խաղողօրհնէք պիտի կատարուի նաեւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի համանուն մատրան մէջ:

Կարեւորութեամբ նշենք, որ Անթիլիասի մայրավանքի Ս. պատարագը ուղիղ պիտի սփռուի դիմատետրի (Facebook) CILICIA TV էջէն:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

————————————-

ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ
ՎԱՆՔԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն, կիրակի, 16 օգոստոսը Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնն է: Յիշեալ տօնը նաեւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի օրն է: Ամէն տարի, շաբաթ գիշեր, բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեան, Ս. Աստուածածին վանքի բացօթեայ խորանին վրայ կը մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ, խաղողի ու մատաղի օրհնութիւն կը կատարուի եւ ապա ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական պատգամը կ՛ուղղէ ժողովուրդին:

Այս տարի, նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող անբնական պայմանները, բացօթեայ Ս. պատարագ պիտի չմատուցուի հաւատացեալներու ներկայութեամբ, սակայն կիրակի առաւօտ, թէ՛ Անթիլիասի մայր տաճարին եւ թէ՛ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ պիտի մատուցուի Ս. պատարագ եւ պիտի կատարուի խաղողի օրհնութիւն:

Վեհափառ հայրապետին փափաքն է, որ այս առիթով ուխտ կատարելու մեր ժողովուրդին հոգելից աւանդութիւնը յարգուի եւ մեր հաւատացեալներուն առիթ տրուի իրենց ուխտը կատարելու: Այս գծով կ՛ուզենք հետեւեալ տեղեկութիւնները փոխանցել մեր ժողովուրդին.

1) Երկուշաբթի, 10 օգոստոսէն մինչեւ կիրակի, 16 օգոստոս, ամէն օր, առաւօտեան ժամը 7:00-ին եւ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Առաւօտեան ու Երեկոյեան ժամերգութիւնները պիտի շարունակուին տեղի ունենալ Ս. Աստուածածին վանքին մէջ:

2) Երկուշաբթիէն կիրակի երկարող ժամանակահատուածին, Ս. Աստուածածին վանքի մատուռը միշտ բաց պիտի մնայ մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, որպէսզի մեր ժողովուրդին զաւակները առիթը ունենան վանք այցելելու, Ս. Հաղորդութիւն ստանալու, մոմ վառելու եւ իրենց ուխտը կատարելու:

3) Շաբաթ, 15 օգոստոսի գիշերուան ժամը 8:00-ին, Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեւոր համերգ` դպրեվանքին «Արմաշ» երգչախումբին կատարողութեամբ` դարձեալ առանց ժողովուրդի ներկայութեան: Համերգը ուղիղ պիտի սփռուի կաթողիկոսարանի Cilicia TV դիմատետրի (Facebook) էջին ճամբով:

4) Այս առիթով, անոնք, որոնք կ՛ուզեն իրենց ուխտը կատարել (ոչխար, հաւ, խաղող եւ նիւթական նուիրատուութիւն) կրնան դիմել (երկուշաբթիէն մինչեւ կիրակի) Անթիլիասի մայրավանք եւ Ս. Աստուածածին վանք` Հոգշ. Տ. Օշին վրդ. Չուալերթանեանին:

5) Դարձեալ նկատի ունենալով տիրող պայմանները, այս տարի, փոխան մատաղի պատրաստութեան, ուխտի առիթով կատարուած նուիրատուութիւնները պիտի փոխանցուին մեր բարեսիրական հաստատութիւններուն:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

————————————-

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, այսու կը ծանուցենք, որ կիրակի, 16 օգոստոս 2020-ին, Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ պիտի մատուցուի Ս. պատարագ եւ կատարուի աւանդական խաղողի օրհնութիւն:

Սկիզբ արարողութեան` ժամը 9:30-ին:

Նաեւ, երկուշաբթի, 17 օգոստոս 2020-ին, Վերափոխման տօնի մեռելոցին առիթով, Ազգային գերեզմանատուներուն մէջ պիտի կատարուի Հոգեհանգստեան կարգ:

Ուստի, առանց անտեսելու «Քորոնա» համաճարակին վտանգները, կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը ներկայ գտնուլու հոգեպարար արարողութեանց:

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ

————————————-

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ`
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Կիրակի, 16 օգոստոս 2020-ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ իր հայրական պատգամը ուղղէ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ

ԳԵՐՇ. ՏԷՐ ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 9:30-ին:

Սիրով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին ու Խաղողօրհնէքի հոգեպարար արարողութեանց:

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ

————————————-


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>