ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Արսէն եւ Մարինա Սարաֆեան եւ դուստրը` Բերլա
Տէր եւ տիկին տոքթ. Պետրոս եւ Հուրի Գարաճրճեան եւ դստերք
Տիկին Մարի Սարաֆեան եւ զաւակունք
Տիկին Պերճուհի Գույումճեան եւ զաւակունք
Տիկին Շաքէ Սարաֆեան եւ զաւակունք
Սարաֆեան եւ Գարաճրճեան ընտանիքներ
Գույումճեան եւ Քիւրէճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`
ՄԱՐԻ ՍԱՐԱՖԵԱՆ-Ի
(Ծնեալ Գարաճրճեան 1931-ին)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 23 օգոստոս 2020-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 26 օգոստոս 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Պուրճ Համուտ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Փոխան ծաղկեսպակի նուիրատուութիւնները կատարել բարեսիրական միութիւններու: