ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մայտա Բարիլոյսեան եւ զաւակները` Զապէլ եւ Տարօն
Տիար Յակոբ Երջանեան
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Դալար Երջանեան եւ զաւակունք
Տիար Սեպուհ Երջանեան
Երջանեան եւ Բարիլոյսեան ընտանիքներ
Թերզեան եւ Պալեան ընտանիքներ
Դարբինեան եւ Ասչիօղլու ընտանիքներ
Մարտիրոսեան եւ Խէյրէտտին ընտանիքներ
Հալլաճեան եւ Պեքարեան ընտանիքներ
Օհանեան եւ Մկրտիչեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, զաւկին, եղբօր եւ հարազատին`
ԽԱՉԻԿ ԵՐՋԱՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1981-ին)
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2020-ին, Գերմանիոյ մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ստեղծած դժուարութիւնները` հանգուցեալին ընտանիքը ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի հեռաձայնի եւ ընկերային ցանցերու միջոցով:
Րաֆֆի Երջանեան` 70-050027 եւ Սեպուհ Երջանեան` 71-686645:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Անթուան Ապտել Մասիհ
Օրդ. Ժանին Ապտել Մասիհ
Տէր եւ տիկին Պերնարտօ եւ Քլոտին Լոնկօ եւ զաւակունք
Տիար Անտրէ Ապտել Մասիհ
Տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Գարին Եանըգեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արտաշէս եւ Սօսի Եանըգեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Արտա Եանըգեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժոզեֆ եւ Ամալ Ապտել Մասիհ եւ զաւակունք
Ապտել Մասիհ եւ Եանըգեան ընտանիքներ
Լոնկօ եւ Վոլֆ ընտանիքներ
Փանոսեան եւ Ասիլեան ընտանիքներ
Թաննուս եւ Գալինճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին`
ՅԱՍՄԻԿ ՍԱՀԱԿ ԱՊՏԵԼ ՄԱՍԻՀԻ
(Ծնեալ` ԵԱՆԸԳԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 6 սեպտեմբեր 2020-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 10 սեպտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Յոյն կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, Քասլիք, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ծանօթ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել եկեղեցւոյ:
Նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ստեղծած դժուարութիւնները` հանգուցեալին ընտանիքը ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի հեռաձայնի եւ ընկերային ցանցերու միջոցով:
Անթուան` 03-333145, Ժանին` 03-305544, Քլոտին` 03-209226, Կարօ` 03-642299, abdulmassih.j@gmail.com
————————————-
Ս. Պօղոս եկեղեցի
Մուսա Լեռ-Այնճար
Թաղական խորհուրդ
ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 105-ԱՄԵԱԿԻ
ԵՒ ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
81-ԱՄԵԱԿԻ ԶՈՅԳ ԱՌԻԹՆԵՐՈՎ
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Կիրակի, 13 սեպտեմբեր 2020-ին:
Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 10:00-ին:
Մատաղօրհնէք` ժամը 11:30-ին:
Շաբաթ եւ կիրակի օրերու արարողակարգերուն եւ մատաղի պատրաստութեան աշխատանքներուն կրնաք առցանց հետեւիլ եկեղեցւոյս պաշտօնական էջէն` «St. Paul church Anjar»:
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՊՕՂՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ