Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2330

Յայտարարութիւններ (12 Սեպտեմբեր 2020)

ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն կը գուժէ ՀՅԴ ԼԻբանանի Կեդրոնական կոմիտէի նախկին անդամ, «Ազդակ»-ի  նախկին տնօրէն, վաստակաշատ կուսակցական գործիչ
Վարանդ Փափազեանի մահը։
————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Տիմիթրուլա Սարգիսեան
Տիկին Լուսին Կիւլվարդեան եւ զաւակունք` Նար եւ Լար
Տիկին Սեդա Սարգիսեան եւ զաւակը` Փոլ
Տէր եւ տիկին Պօղոս եւ Սուհա Սարգիսեան եւ զաւակունք` Թամար, Սարգիս եւ Վահագն
Տիկին Մարի Գասապեան
Տիկին Սիհամ Սարգիսեան եւ զաւակունք
Տիկին Վերժին Ետալեան եւ զաւակունք
Տիկին Սալբի Նաճարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պօղոս Գասապեան եւ զաւակունք
Սարգիսեան եւ Հատտատ ընտանիքներ
Կիւլվարդեան եւ Գասապեան ընտանիքներ
Մէրմերեան եւ Պոյաճեան ընտանիքներ
Դառլայեան եւ Ետալեան ընտանիքներ
Նաճարեան եւ Աբրահամեան ընտանիքներ
Նանէճեան եւ Զէքեան ընտանիքներ
Ճուլֆայեան եւ Խաչիկեան ընտանիքներ
Գոզանեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`

ՍԱՐԳԻՍ ՊՕՂՈՍ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1923-ին)

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2020-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ ուրբաթ, 11 սեպտեմբեր 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

«Քորոնա»-յի ժահրին պատճառով ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին հեռաձայնով եւ email-ով:

Պօղոս Սարգիսեան 03-434035, Տիմիթրուլա եւ Սեդա Սարգիսեան 01-318453

add.sp.office@gmail.com

setasarkissian60@gmail.com

lucyvart@aol.com

————————————-

ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԸ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 13 սեպտեմբեր 2020-ին, Խաչվերացի տօնին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ:

Հանդիսապետութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն, այս դժուար օրերուն Խաչվերացի օրհնաբեր եւ հոգեպարար արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերելով հաղորդակից դառնալու Քրիստոսի խաչին զօրութեան:

Յայտնենք, թէ ամբողջ արարողութիւնը ուղիղ պիտի սփռուի մեր դիմատետրի (Ֆէյսպուք) CILICIA TV էջէն:

Մեր ժողովուրդի զաւակներուն ֆիզիքական առողջութեան նկատմամբ մեր ունեցած նախանձախնդրութենէն մեկնելով` կը յիշեցնենք, թէ արարողութեան ընթացքին, եկեղեցիին մէջ նախազգուշական եւ ապահովական միջոցները պէտք է յարգուին` օգտագործելով բժշկական դիմակ եւ պահելով ֆիզիքական հեռաւորութիւն:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

————————————-

ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՍՐԲՈՑ ԽԱՉԻ ՄԵՌԵԼՈՑԻ ԱՌԻԹՈՎ
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

Ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը ծանուցենք, թէ յառաջիկայ երկուշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2020-ին, Խաչվերացի տօնի Մեռելոցին առիթով, թեմիս եկեղեցիներուն մէջ պիտի մատուցուի Ս. պատարագ եւ կատարուի հոգեհանգիստ` առաւօտեան ժամը 8:30-ին: Ապա Ազգային գերեզմանատուներուն մէջ պիտի կատարուի հոգեհանգստեան կարգ` առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

Ուստի, առանց անտեսելու «Քորոնա» համաճարակին վտանգները, կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը մասնակից ըլլալու արարողութեանց եւ աղօթք մատուցելու մեր բոլոր ննջեցեալներու հոգիներուն համար:

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ

————————————-

Ս. Պօղոս եկեղեցի
Մուսա Լեռ-Այնճար
Թաղական խորհուրդ

ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 105-ԱՄԵԱԿԻ
ԵՒ ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
81-ԱՄԵԱԿԻ ԶՈՅԳ ԱՌԻԹՆԵՐՈՎ

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Կիրակի, 13 սեպտեմբեր 2020-ին:

Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 10:00-ին:
Մատաղօրհնէք` ժամը 11:30-ին:

Շաբաթ եւ կիրակի օրերու արարողակարգերուն եւ մատաղի պատրաստութեան աշխատանքներուն կրնաք առցանց հետեւիլ եկեղեցւոյս պաշտօնական էջէն` «St. Paul church Anjar»:

ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՊՕՂՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

————————————-


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2330

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>