ԱԶԳԱՅԻՆ ԹԱՂՈՒՄ
ՀՐԱՅՐ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆԻ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովի ատենապետ եւ ազգային բարերար ՀՐԱՅՐ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆի թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2020-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ:
«Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով հանգուցեալի ընտանիքը ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի հեռաձայնով.- +9613513061 եւ + 971507084979 թիւերուն:
Փոխան ծաղկեպսակի կը խնդրուի նուիրատուութիւնները կատարել «Արցախ ֆոնտ»-ին:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ