Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (26 Հոկտեմբեր 2020)

$
0
0

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

Փափազեան, Աւետիսեան, Զոհրապեան, Նազարեան, Մկրտիչեան եւ Աստուրեան ընտանիքներ շնորհակալութիւն կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, ՀՅԴ Բիւրոյին, Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին, Լիբանանի թեմի Ազգային իշխանութիւններուն, Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, «Ազդակ» օրաթերթին, ՀՅԴ Լիբանանի «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէին, Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտից միութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով, յուշագրութեամբ կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց հարազատին` ՎԱՐԱՆԴ ՓԱՓԱԶԵԱՆի մահուան սուգին:

————————————-

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

Րաֆֆի Գատեան եւ զաւակը` Սարօ, տէր եւ տիկին Կարօ եւ Անի Մուրաջանեան եւ զաւակունք շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ կամ հեռաձայնով մասնակից եղան իրենց կնոջ, մօր, զոքանչին եւ մեծ մօր` ԱԶՆԻՒ ԳԱՏԵԱՆԻ մահուան սուգին:

————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին տոքթ. Անդրանիկ եւ Մարիա Կրացիա-Պալեան եւ զաւակունք (Իտալիա)
Տէր եւ տիկին տոքթ. Վրոյր եւ Ֆապիոլա Պալեան եւ զաւակունք (Իտալիա)
Տիկին Սօսի եւ տիար Արմէն Պալեան
Տէր եւ տիկին տոքթ. Արման եւ դոկտ. Արաքս Պալեան-Գրիգորեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Ալեք եւ դոկտ. Շողակ Պալեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Վերոնա Ուրֆալի եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Շարպել եւ Սիլվա Ռատի եւ զաւակը (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Մելիք եւ Փրեսիլա Մելքիսէթեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Նէտ եւ Ճեքի Պալեան-Աթաշ եւ դուստրը (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Մայքըլ եւ Ճենի Պալեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Սիրարփի Պալեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Նիքոլ Պրիեր-Մինասեան (Իտալիա)
Տէր եւ տիկին տոքթ. Քարլօ եւ Ռութ Ագգաչէրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Աւետիս եւ Մոնիք Պասթաճեան եւ զաւակունք
Մինասեան ընտանիք
Թիւթելեան եւ Պարսումեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`

ԱՐԱՄ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱԼԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 24 հոկտեմբեր 2020-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան Վարեզէ-Իտալիա:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 28 հոկտեմբերին, Վարեզէի մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Վահէ եւ Էթի Պէզճեան եւ զաւակունք
Րոպէրթին եւ Նաթալի Պօղոսեան
Յարութ, Վիգէն եւ Յակոբ Չափարեաններ
եւ ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ)
Մարի Մղտէսեան եւ զաւակը` Յովիկ եւ ընտանիք (Կիպրոս)
Փարին Գույումճեան
Պօղոսեան եւ Պէզճեան ընտանիքներ
Գույումճեան եւ Չափարեան ընտանիքներ
Մղտէսեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին, քրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`

ՍՕՍԻ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ)

մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 23 հոկտեմբեր 2020-ին, առաւօտեան ժամը 6:00-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ շաբաթ, 24 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ներկայ պայմաններու բերումով ցաւակցութիւնները յայտնել հեռաձայնով Էթի` 03-129875 եւ Նաթալի` 71-100680:

Կը խնդրուի նուիրատուութիւնները կատարել «Արցախ ֆոնտ»-ին:

————————————-


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>