ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ` ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒՆ
ԵՒ ԵԼԵԿՏՐԱԾԻՆ ՇԱՐԺԱԿՆԵՐՈՒ ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԷՐԵՐՈՒՆ
(2020 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺԱԿԻ
ԱՄՓԵՐԻ ՍՊԱՌՄԱՆ ՍԱԿԵՐՈՒՆ ԳԾՈՎ)
Հիմնուելով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած 2020 հոկտեմբեր ամսուան ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր ամփերի համար ճշդած 589 լ. ոսկի սակին վրայ`
Ա) Պուրճ Համուտի ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերէն կը պահանջուի շրջանի բնակարաններուն եւ վաճառատուներուն համար իրենց հայթայթած 2020-ի հոկտեմբեր ամսուան ելեկտրականութեան մնայուն բաժնեգիներու սակերը գանձել հետեւեալ ձեւով.
Պուրճ Համուտ քաղաքի շրջաններու (հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին ելեկտրածին շարժակի հոսանքի 240 ժամուան սպառում արձանագրուեցաւ).
* Իւրաքանչիւր ամփերի սակը` 18 հազար լ. ո. (տասնութ հազար լ. ոսկի):
* Իւրաքանչիւր երեք ամփերի մնայուն բաժնեգին հաշուել 54 հազար լ. ո. (յիսունչորս հազար լ. ոսկի):
* Իւրաքանչիւր հինգ ամփերի համար գանձել 90 հազար լ. ո. (իննսուն հազար լիբ. ոսկի): Իսկ 5-էն վեր (6, 10®) ամփերի համար նկատի ունենալ 5 ամփերի յատուկ նշեալ մնայուն սակը:
Բ) Ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր սեփականատէր, որ կ՛անտեսէ քաղաքապետութեան այս որոշումը եւ բաժանորդ քաղաքացիները կը զրկէ ելեկտրականութենէ, պիտի ստիպէ, որ քաղաքապետութիւնը գրաւէ իր շարժակը եւ ինք ստանձնէ զայն բանեցնելու ու ելեկտրականութիւն հայթայթելու աշխատանքը` մինչեւ տագնապին եւ ընդհանուր զօրաշարժի աւարտը:
Գ) Պուրճ Համուտի բնակիչները պարտին հեռաձայնել քաղաքապետարանի 01-260155 եւ 01-256403 թէժ թիւերուն` ելեկտրածին շարժակներու ոեւէ սեփականատիրոջ կողմէ նշեալ որոշումներու անտեսման պարագային:
Ծանօթ.-
Հիմնուելով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հաղորդագրութեան վրայ` բաժանորդներու ամսական մնայուն բաժնեգիներուն համար որոշուեցաւ հետեւեալ սակացոյցը.
5 ամփեր` 20 հազար լ. ոսկի: 10 ամփեր` 30 հազար լ. ոսկի: 15 ամփեր` 40 հազար լ. ոսկի: 15 ամփերէն վեր` 5000 լ. ոսկի` իւրաքանչիւր 5 ամփերին համար:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը ամէն ամիս նմանօրինակ հաղորդագրութիւն պիտի հրապարակէ` յայտարարելով իւրաքանչիւր ամփերի սպառողական սակը:
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
———————————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՄԱՐԿՈՍ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 1 նոյեմբեր 2020-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի: