ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան տարեկան աւանդութիւն դարձած հոգեհանգստեան արարողութիւնը՝ միութեան նահատակներուն ու ննջեցեալներու, յատկապէս Արցախեան պատերազմին ինկած հերոսներուն, ՀՄԸՄ-ական նահատակներ՝ Գէորգ Հաճեանին, Գրիգոր Ղազարեանին, Էրիկ Գալստեանին, Արտակ Մարտիրոսեանին, Հայկ Դերիկլեանին, Արտակ Իշխանեանին եւ Արմէն Առուստամեանին յիշատակին տեղի պիտի ունենայ այս կիրակի, 15 նոյեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ պարարագի:
«Քորոնա» ժահրին պատճառով երկրին մէջ տիրող փակ կացութենէն մեկնած՝ եկեղեցական արարողութիւնը պիտի ընթանայ առանց ներկաներու։ Ուստի կը խնդրենք բոլորէն արարողութեան եւ ՀՄԸՄ-ի ննջեցեալներուն յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօնին հետեւիլ այցելելով կաթողիկոսարանի Դիմատետրի Cilicia Tv էջը՝ մեր յարգանքի տուրքը մատուցելու անոնց յիշատակին:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։