ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹԸ ԵՒ Ս. ԶԱՏԻԿԸ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ծաղկազարդի, Աւագ շաբթուան եւ Ս. Զատկուան սրբազան արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ ժամանակացոյցին համաձայն.
ԱՒԱԳ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 30 ՄԱՐՏ 2021
– Յիշատակ Տասն Կուսանաց – Ժամերգութիւն` Երեկոյեան ժամը 4:00-ին
ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 1 ԱՊՐԻԼ 2021
– Կարգ Ապաշխարողաց – Ս. պատարագ` Առաւօտեան ժամը 9:30-ին
– Կարգ Ոտնլուայի` Երեկոյեան ժամը 4:00-ին
– Կարգ Խաւարման` Երեկոյեան ժամը 7:00-ին
ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ, 2 ԱՊՐԻԼ 2021
– Կարգ Թաղման` Երեկոյեան ժամը 4:00-ին
ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ, 3 ԱՊՐԻԼ 2021
– Ճրագալոյցի Ս. պատարագ` Երեկոյեան ժամը 4:00-ին
ՏՕՆ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ, ԿԻՐԱԿԻ, 4 ԱՊՐԻԼ 2021-ԻՆ
– Ս. եւ անմահ պատարագ` Առաւօտեան ժամը 10:00-ին
ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ, ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 5 ԱՊՐԻԼ 2021
– Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ առաւօտեան ժամը 8:00-ին կը մատուցուի Ս. պատարագ եւ կը կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն վասն համօրէն ննջեցելոց ազգիս հայոց: Այնուհետեւ ժամը 10:30-ին, Ազգային գերեզմանատուներուն մէջ եւս կը մատուցուի Ս. պատարագ եւ կը կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն:
ԾԱՆՕԹ.
Թագաժահրի վտանգաւոր պայմաններուն պարտադրանքով, Ծաղկազարդի եւ Թաղման կարգի թափօրները տեղի պիտի չունենան: Մեր եկեղեցւոյ հաւատացեալ զաւակներէն կը խնդրենք տօնական բոլոր առիթներով զգուշ ըլլալ, անտեղի խճողումներ չստեղծել եւ ամէն առիթներով յարգել առողջապահական կանոնները:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ
—————————————
ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՏՕՆԱԿԱՆ ԱՌԻԹՆԵՐՈՎ
Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Պիտի պատարագէ եւ նախագահէ հետեւեալ եկեղեցական արարողութիւններուն.
ՈՏՆԼՈՒԱՅ` Ս. Աստուածածին եկեղեցի
ԽԱՒԱՐՄԱՆ ԳԻՇԵՐ` Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի
ԹԱՂՈՒՄՆ ՏԵԱՌՆ` Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի
ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ` Ս. Սարգիս եկեղեցի
ՏՕՆ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ` Ս. Նշան մայր եկեղեցի
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ
—————————————
ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ
Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ
Տեղի կ՛ունենայ նախագահութեամբ
Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Աւագ շաբաթ, 3 ապրիլ 2021-ին, երեկոյեան ժամ 4:00-ին:
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը:
—————————————
ԶԱՏԿԱԿԱՆ ՏՆՕՐՀՆԷՔ
Նկատի ունենալով ներկայ համաճարակի պայմանները` մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը յիշեցնենք, որ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին Զատկուան տօնին առիթով տնօրհնէք ունենալ, թող բարեհաճին կապուիլ իրենց ծխատէր քահանայ հօր հետ, որպէսզի տնօրհնէքը կատարուի յատուկ ժամադրութեամբ:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԱՊՐՕ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի երկուշաբթի, 5 ապրիլ 2021-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի: