Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (7 Ապրիլ 2021)

$
0
0

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
(ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԵԼԵԿՏՐԱԾԻՆ ՇԱՐԺԱԿՆԵՐՈՒ
ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԷՐԵՐՈՒՆ` ՄԱՐՏ 2021 ԱՄՍՈՒԱՆ
ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎՃԱՐՈՒՄԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ)

Հիմնուելով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած մարտ 2021 ամսուան ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր ամփերի համար ճշդած 882 լիբ. ոսկի սակին վրայ, կը յայտարարենք.

Ա) Պուրճ Համուտի ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերէն կը պահանջուի Արաքս, Մարաշ եւ Լայն պողոտայ շրջաններու բնակարաններուն եւ վաճառատուներուն համար իրենց հայթայթած մարտ 2021 ամսուան ելեկտրականութեան մնայուն բաժնեգիներու սակացոյցերը գանձել հետեւեալ ձեւով.

* Իւրաքանչիւր ամփերի սակը` 40 հազար լ. ո. (քառասուն հազար լիբ. ոսկի):

* Իւրաքանչիւր երեք ամփերի մնայուն բաժնեգին հաշուել 120 հազար լ. ո. (հարիւր քսան հազար լիբ. ոսկի):

* Իւրաքանչիւր հինգ ամփերի համար գանձել 200 հազար լ. ո. (երկու հարիւր հազար լիբ. ոսկի): Իսկ 5-էն վեր (6,10®) ամփերի համար նկատի ունենալ 5 ամփերի յատուկ նշեալ մնայուն սակը:

Պուրճ Համուտի մնացեալ շրջաններուն համար (ուր ելեկտրականութեան ընդհատումը աւելի էր վերեւ նշուած շրջաններէն) շարժակներու սեփականատէրերէն կը պահանջուի բնակարաններուն եւ վաճառատուներուն համար իրենց հայթայթած մարտ 2021 ամսուան ելեկտրականութեան մնայուն բաժնեգիներու սակացոյցերը գանձել հետեւեալ ձեւով.

* Իւրաքանչիւր ամփերի սակը` 46 հազար լ. ո. (քառասունվեց հազար լիբ. ոսկի):

* Իւրաքանչիւր երեք ամփերի մնայուն բաժնեգին հաշուել 138 հազար լ. ո. (հարիւր երեսունութ հազար լիբ. ոսկի):

* Իւրաքանչիւր հինգ ամփերի համար գանձել 230 հազար լ. ո. (երկու հարիւր երեսուն հազար լիբ. ոսկի): Իսկ 5-էն վեր (6, 10®) ամփերի համար նկատի ունենալ 5 ամփերի յատուկ նշեալ մնայուն սակը:

Բ) Ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր սեփականատէր, որ կ՛անտեսէ քաղաքապետութեան այս որոշումը եւ բաժանորդ քաղաքացիները կը զրկէ ելեկտրականութենէ, պիտի ստիպէ, որ քաղաքապետութիւնը գրաւէ իր շարժակը եւ ինք ստանձնէ զայն բանեցնելու ու ելեկտրականութիւն հայթայթելու աշխատանքը` մինչեւ տագնապին եւ ընդհանուր զօրաշարժին աւարտը:

Գ) Պուրճ Համուտի բնակիչները պարտին հեռաձայնել քաղաքապետարանի 01-260155 եւ 01-256403 թէժ թիւերուն` ելեկտրածին շարժակներու ոեւէ սեփականատիրոջ կողմէ նշեալ որոշումներու անտեսման պարագային:

Ծանօթ.-

Հիմնուելով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հաղորդագրութեան վրայ` բաժանորդներու ամսական մնայուն բաժնեգիներուն համար որոշուեցաւ հետեւեալ սակացոյցը.

5 ամփեր` 20 հազար լիբ. ոսկի: 10 ամփեր` 30 հազար լիբ. ոսկի: 15 ամփեր` 40 հազար լիբ. ոսկի: 15 ամփերէն վեր` 5000 լիբ. ոսկի` իւրաքանչիւր 5 ամփերին համար:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը ամէն ամիս նմանօրինակ հաղորդագրութիւն պիտի հրապարակէ` յայտարարելով իւրաքանչիւր ամփերի սպառողական սակը:

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն

ԳԱՍՊԱՐ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 5 ապրիլ 2021-ին:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Լիզա Մկրտիչեան-Մանտալեան եւ զաւակները` Ժաք, Կալի եւ Մարիա
Տէր եւ տիկին Ժաք եւ Մարի Մանտալեան
Տէր եւ տիկին Կարէն եւ Թամար Աբրահամեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Դալար Ռսթեքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարդան եւ Լուսի Վարդանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ղազար եւ Քարմէն Մկրտիչեան
Տէր եւ տիկին Ալեքս եւ Կրէյս Էլմայեան
Տիկին Ծովակ Մկրտիչեան եւ զաւակունք
Մանտալեան եւ Մկրտիչեան ընտանիքներ
Թոպի եւ Աբրահամեան ընտանիքներ
Ռսթեքեան եւ Վարդանեան ընտանիքներ
Գալօղլեան եւ Էլմայեան ընտանիքներ
Շահինեան եւ Մնայարժի ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, զաւկին, եղբօր եւ հարազատին`

ԴՐՕ ԺԱՔ ՄԱՆՏԱԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1973-ին)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 4 ապրիլ 2021-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երկուշաբթի, 5 ապրիլ 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւններուն համար հեռաձայնել` հետեւեալ թիւերուն.
Լիզա` 03-651803, Ժաք` 04-404107:

—————————————

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

Սոմունճեան, Մելիքսէթեան եւ Եսայեան ընտանիքներ շնորհակալութիւն կը յայտնեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին, ԱՖՀԻԼ-ին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով, ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց հարազատին` ԱՊՐՕ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆի մահուան սուգին:

—————————————

«ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՓՐԿԵՆՔ» ՖՈՆՏԻՆ

ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ

Արմէն Թագւորեանի մահուան առիթով փոխան ծաղկեպսակի «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտին կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.

– Տիկին Հուրի Թագւորեան 500.000 լ. ո.
– Տիար Հրաչ Հասըրճեան եւ ընտանիք 500.000 լ. ո.
– Սիլվա Սաղըրեան եւ ընտանիք 500.000 լ. ո.
– ԱՖԷՏ-ի անձնակազմ 200.000 լ. ո.
– Սարօ եւ Ալին Թորիկեան 200.000 լ. ո.
– Տիկին Մարգրիտ Ֆրենկիւլեան 150.000 լ. ո.
– Տէր եւ տիկին Քարլօ Ֆրենկիւլեան 150.000 լ. ո.
– Տէր եւ տիկին Միսաք Պզտիկեան 150.000 լ. ո.
– Տէր եւ տիկին Մոսիկ Պարսումեան 150.000 լ. ո.
– Տիար Պետրոս Դերձակեան 100.000 լ. ո.
– Տէր եւ տիկին Յովիկ Դերձակեան 100.000 լ . ո.
– Օրդ. Եսթեր Գաբրիէլեան 100.000 լ. ո.
– Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Սանան Կարապետեան 100.000 լ. ո.
– Սագօ եւ Սիլվա Խտըրեան 100.000 լ. ո.
– Օրդ. Ռոզին Գապատայեան 100.000 լ. ո.
– Տիար Փոլ Չըլտըրեան 100.000 լ. ո.
– Տէր եւ տիկին Գէորգ Հարմանտեան 100.000 լ. ո.
– Տէր եւ տիկին Խաչիկ Խաչատուրեան 100.000 լ. ո.
– Տէր եւ տիկին Վանիկ Անմահունի 100.000 լ. ո.
– Տէր եւ տիկին Շանթ Յարութիւնեան 50.000 լ. ո.
– Տէր եւ տիկին Շանթ Սաղպազարեան 50.000 լ. ո.
– Զարեհ եւ Թամար Սաղտըճեան 50.000 լ. ո.

—————————————

ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ

Դրօ Մանտալեանի մահուան առիթով, փոխան ծաղկեպսակի`
Ազգային առաջնորդարանի «Հայ աշակերտ հովանաւորելու» ծրագիրին`

– Կարին Յակոբեան 250.000 լ. ո.
– Ռազմիկ Յակոբեան 250.000 լ. ո.
– Գրիգոր Կէօզիւպէօյիւքեան 250.000 լ. ո.
– Յովիկ Կէօզիւպէօյիւքեան 250.000 լ. ո.

—————————————

ԶԱՏԿԱԿԱՆ ՏՆՕՐՀՆԷՔ

Նկատի ունենալով ներկայ համաճարակի պայմանները` մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը յիշեցնենք, որ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին Զատկուան տօնին առիթով տնօրհնէք ունենալ, թող բարեհաճին կապուիլ իրենց ծխատէր քահանայ հօր հետ, որպէսզի տնօրհնէքը կատարուի յատուկ ժամադրութեամբ:

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>