ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Արամ Մալեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Մալեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Էլի եւ Անի Հարիքա եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Սիլվա Ֆըրընքեչեան եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Ալպեր Մալեանի ընտանիք
Տէր եւ տիկին Սամօ Սարգիսեան եւ զաւակունք
Տիկին Զարուհի Պաճաքսըզեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մանուէլ Սամալեան եւ զաւակունք
Մալեան եւ Սարգիսեան ընտանիքներ
Քէշիշեան եւ Թոսունեան ընտանիքներ
Հարիքա եւ Ֆըրընքեչեան ընտանիքներ
Պաճաքսըզեան եւ Սամալեան ընտանիքներ
Մաշրիքի եւ Տէմիրճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր եւ հարազատին`
ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍ ՄԱԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 11 օգոստոս 2021-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 12 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նոր Հաճընի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին հեռաձայնի եւ ընկերային ցանցի միջոցով:
Արամ` 03-666088, Րաֆֆի` 03-738185, Անի` 71-677179, Սիլվա 71-527664:
—————————————
ՏՕՆ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ
ԵՒ
ՈՒԽՏԻ ՕՐ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ
ՇԱԲԱԹ, 14 ՕՈՍՏՈՍ 2021
Հոգեկան գոհունակութեամբ այսու կու գանք մեր ժողովուրդի զաւակներուն յայտնելու, որ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը եւ Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի օրը պիտի նշուին շաբաթ, 14 օգոստոս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի համալիրին մէջ:
Սուրբ եւ անմահ պատարագին պիտի նախագահէ
եւ հայրապետական իր պատգամը ուղղէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Պիտի պատարագէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Կարեւորութեամբ կ՛ուզենք նշել հետեւեալ կէտերը.-
1) Նկատի առնելով Լիբանանի մէջ ստեղծուած ընկերային ու տնտեսական ծանր պայմանները, այս տարի մատաղ (հերիսա) պիտի չպատրաստուի, այլ միայն խաղողի օրհնութեան կարգ տեղի պիտի ունենայ:
2) Փոխան մատաղցու ոչխարի, ուխտաւորները իրենց ուխտի ընծաները կրնան կատարել բարեսիրական հաստատութիւններու:
3) Անհրաժեշտ է, որ մեր ժողովուրդի զաւակները դիմակ գործածեն արարողութիւններուն մասնակցելու ժամանակ:
ԿԻՐԱԿԻ, 15 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021
Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Յաւարտ Ս. պատարագին տեղի պիտի ունենայ խաղողի օրհնութիւն:
…
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 16 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021
(ՄԵՌԵԼՈՑ)
Պիքֆայայի Ս. Աստուածածնի մատրան մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ, որու աւարտին, նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգիստ` ազգիս համօրէն ննջեցելոց հոգիներուն ի հանգիստ:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԻՑ ՄՈՌԱՑՈՒԱԾՆԵՐԸ»
Հեղինակ` ՏԻԳՐԱՆ ԵԿԱՒԵԱՆ
Ֆրանսերէնէ թարգմանութիւն` ԳՐԻԳՈՐ ՋԱՆԻԿԵԱՆ
Հրատարակութիւն` «Ակտուալ Արուեստ» մշակութային միութիւն
Երեւան, 2021