Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2330

Յայտարարութիւններ ( 18 Սեպտեմպեր 2021)

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Վարդուկ Տուտագլեան եւ դուստրը` Սարին
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Պերճուկ Շէմմէսեան եւ զաւակը` Կանդ
Տէր եւ տիկին Միսաք եւ Աշխէն Աբրահամեան եւ դուստրերը
Տէր եւ տիկին Վրէժ եւ Անի Ղուկասեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Էնճըլօ եւ Գառնի Տի Կրաւինա եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Եղիկ եւ Մարալ Իսքենտէրեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Ալին Պոշնաքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Պերնօ Հաճընեան եւ զաւակունք
Օրդ. Մարօ Աթմաճեան
Տուտագլեան եւ Շեմմէսեան ընտանիքներ
Աբրահամեան եւ Ղուկասեան ընտանիքներ
Տի Կրաւինա եւ Իսքենտերեան ընտանիքներ
Պոշնաքեան եւ Հաճընեան ընտանիքներ
Կէօքճեան եւ Զաքարեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, մօրաքրոջ եւ հարազատին` վաղամեռիկ Պարոյր Տուտագլեանի մօր`

ԱՆԱՀԻՏ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՄԱՏԱՂՃԵԱՆ)

մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 17 սեպտեմբեր 2021-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 18 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ, նաեւ` «Քորոնա» ժահրին պատճառով, ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին հեռաձայնով: Յովիկ` 03/413070, Սարին` 70/007586, տուն` 04/413070:

—————————————

ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ`
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԵՐԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 19 սեպտեմբեր 2021-ին, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:

Պատարագը ուղիղ պիտի սփռուի կաթողիկոսարանիս Cilicia TV-ի Դիմատետրի եւ «Եութիուպ»-ի էջերէն:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

—————————————

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՎԱՐԱՆԴ ՓԱՓԱԶԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 19 սեպտեմբեր 2021-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ԱՒԵՏԻՍ (ՊՈՂՊԱՏ) ՀԱՃԸՆԼԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 19 սեպտեմբեր 2021-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ՄԱՐԻ (ՄԱՐՕ) ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆի (մահացած` Միացեալ Նահանգներ) մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 19 սեպտեմբեր 2021-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

—————————————

«ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՓՐԿԵՆՔ ՖՈՆՏ»-ԻՆ

Լուսին Գալուստեանի մահուան քառասունքին առիթով եւ փոխան հոգեճաշի`

– Տագէսեան ընտանիք 3.000.000 լ. ո.

—————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հաստատութիւն մը կարիքը ունի քարտուղարուհիի մը: Դիմել` հեռ. 03-412442 թիւին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2330

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>