ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սիրանուշ Եսայեան-Աբրահամեան եւ դուստրը` Լուսինէ (Լոս Անճելըս)
Տիար Յովհաննէս Աբրահամեան եւ դուստրը` Լիլիանա (Լոս Անճելըս)
Տէր եւ տիկին Սամուէլ Աբրահամեան եւ զաւակները` Աբրահամ, Անժելինա եւ Ատրիանա (Լոս Անճելըս)
Տէր եւ տիկին Վարդան Աբրահամեան (Լոս Անճելըս)
Տէր եւ տիկին Համլեթ եւ Նուրիձա Մինասեան եւ զաւակունք (Հայաստան)
Տէր եւ տիկին Արամ եւ Եուլիա Աբրահամեան եւ զաւակունք (Լոս Անճելըս)
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Անժելա Աբրահամեան եւ զաւակունք (Լոս Անճելըս)
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս Արթինեան եւ զաւակը` Արմէն (Լոս Անճելըս)
Տէր եւ տիկին Գէորգ Արթինեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մինաս Արթինեան եւ զաւակները` Մարիան եւ Արմէն
Տէր եւ տիկին Վիթոր եւ Տաթեւիկ Քէօքճեան եւ զաւակունք (Պրազիլ)
Տէր եւ տիկին Բենօ եւ Դալար Արթինեան եւ զաւակունք (Լոս Անճելըս)
Եսայեան ընտանիք
Տէր եւ տիկին Շմաւոն Թորոսեան եւ զաւակունք (Լոս Անճելըս)
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ԱԲՐԱՀԱՄ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Հայաստան, 1951-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 15 սեպտեմբեր 2021-ին, իր բնակարանին մէջ, Լոս Անճելըս:
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 30 սեպտեմբերին, «Ֆորեսթ Լոն» Հոլիվուտ հիլզ գերեզմանատան մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ: