ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Ի գիտութիւն մեր ժողովուրդի զաւակներուն, այսու կարեւորութեամբ կը տեղեկացնենք, որ արդէն իսկ պիտի սկսինք կաթողիկոսարանին ճամբով, շրջան առ շրջան բաժնել վեհափառ հայրապետին կողմէ լիբանանահայութեան օժանդակութեան համար յայտարարուած դրամական նպաստը:
Հետեւաբար, ջերմապէս կը թելադրենք բոլորին, որ առանց անհարկի խճողումներ ստեղծելու, ամէն մարդ համբերութեամբ սպասէ Ազգային առաջնորդարանի հեռաձայնին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
—————————————
ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԴ
Լիբանանի հայոց թեմի Դատաստանական խորհուրդը 24 սեպտեմբեր 2021 թուականին արձակեց պարոն Վարդան Մանուէլ Փանոսի եւ Ովսաննա Տաուտ Ղազարեանի ամուսնալուծման դիմումին վերաբերեալ թիւ 35/21 վճիռը:
Սոյն կոչնագիրը համազօր է վճիռի հաղորդման, որով այս թուականէն սկսեալ ենթակաները ունին 40 օր` իբրեւ վերադատ ատեանին դիմելու ժամանակամիջոց:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ ստանալու համար կը խնդրուի դիմել Ազգային առաջնորդարանի Դատաստանական խորհուրդի գրասենեակ:
Ի դիմաց`
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ
—————————————
ՕԳՆԱԿԱՆ ԲՈՒԺՔՈՅՐԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Ազգային առաջնորդարանիս Ընկերային ծառայութիւն բաժանմունքը կու գայ կարեւորութեամբ տեղեկացնելու, որ բաժանմունքիս գործակցութեամբ, Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամը կը նախաձեռնէ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի Մասնագէտներու վերապատրաստութեան կեդրոնին հետ կազմակերպել օգնական բուժքոյրերու պատրաստութեան մասնաւոր դասընթացք մը, որուն նպատակն է առողջապահական ոլորտին մէջ պատրաստել երիտասարդ մասնագէտներ, որոնք Լիբանանի ներկայ իրավիճակի պայմաններուն մէջ կրնան կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ մեր կեանքին մէջ:
Դասընթացքները, որոնք պիտի տեւեն երեք ամիս, պիտի իրականանան Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ` արաբերէնով: Ծրագիրի առաջին մասը պիտի ընդգրկէ ուսուցում, իսկ երկրորդ մասը` աշխատանքային մարզին մէջ փորձարկումներ, որոնք պիտի իրականացուին Hotel Dieu De France-ի մէջ եւ Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ գտնուող բուժարանի մը մէջ:
Դասընթացքի աւարտին, ծրագիրին մասնակցողները պիտի ստանան Սեն Ժոզեֆ համալսարանին կողմէ համապատասխան վկայական-հաստատագիր: Նաեւ, աշխատանքին առնչակից կառոյցները պիտի օգնեն, որ վկայեալները իրենց մասնագիտութեան համապատասխանող աշխատանք գտնեն:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեանց համար, հաճեցէ՛ք դիմել Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունք (նախկին Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի շէնքի 3-րդ յարկ), առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:30, եւ ընկերային ծառայողէն ստանալ անհրաժեշտ ցուցմունքներ:
Բաժանմունքին հետ նաեւ կարելի է կապուիլ հեռաձայնի 01-261117 թիւով:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ