Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2324

Յայտարարութիւններ (31 Յունուար 2022)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Ծովինար Մարկարոսեան եւ զաւակները` Յակոբ եւ Կարինէ
Տիկին Սալբի Մարկարոսեան եւ զաւակները` Աքասիա եւ Ալեքսիա
Տիկին Սիրվարդ Համպոյեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Տիկին Էլիզ Գերեմեթլեան եւ զաւակունք
Տիկին Մոնիք Չէրքէզեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Տիար Գրիգոր Աթիքեան եւ զաւակունք
Տիար Լեւոն Ակոբեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժան եւ Նորա Պալեքճի (Միացեալ Նահանգներ)
Տիար Յարութ Տէր Գէորգեան եւ զաւակունք (Հոլանտա)
Մարկարոսեան եւ Վարդավառեան ընտանիքներ
Համպոյեան եւ Գերեմեթլեան ընտանիքներ
Չէրքէզեան եւ Աթիքեան ընտանիքներ
Ակոբեան եւ Պալեքճի ընտանիքներ
Փանոսեան եւ Արսլանեան ընտանիքներ
Տէր Գէորգեան եւ Պէրպէրեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին`

ՄԻՀՐԱՆ ՄԱՐԿԱՐՈՍԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1934-ին)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 30 յունուար 2022-ին: Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 31 յունուար-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Զայքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

—————————————

ԲԱԽՏԱՒՈՐՈՒԱԾ

Տէր եւ տիկին Դաւիթ եւ Արփա Գազանճեան բախտաւորուած են առջինեկ մանչ զաւակով`

ՀԱՅԿ-ԱՐԱՄ

27 յունուար 2022
Պէյրութ

—————————————

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

Աբրահամեան, Քիւսպէկեան, Շէմմէսեան, Գալաճեան, Մուրատեան, Նոխուտեան, Գույումճեան եւ Տումանեան ընտանիքներ շնորհակալութիւն կը յայտնեն գերշ. Տ. Վարուժան արք. Հերկելեանին, հոգշ. Տ. Փարէն ծ. վրդ. Վարդանեանին, «Ազդակ» օրաթերթին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, յուշագրութեամբ կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց քրոջ, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին` ՔՆԱՐ Փ. ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆի մահուան սուգին:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2324

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>