Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2322

Յայտարարութիւններ (7 Փետրուար 2022)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Գօգօ եւ Մարալ Խտըրլարեան
Տիար Աշոտ Խտըրլարեան
Տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Մարինա Գարապաճագեան եւ զաւակունք
Տիկին Երան Խտըրլարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարդգէս եւ Արաքսի Խտըրլարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Համօ եւ Անգինէ Թորոս եւ զաւակունք
Տիկին Սիրուն Կիւլեան
Տէր եւ տիկին Խաչիկ եւ Շուշիկ Կիւլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Զարեհ եւ Պայծառ Կիւլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սագօ եւ Թալին Կիւլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Նարին Կիւլեան եւ զաւակունք
Խտըրլարեան եւ Կիւլեան ընտանիքներ
Գարապաճագեան եւ Ճենանեան ընտանիքներ
Փիլաւճեան եւ Թորոս ընտանիքներ
Սարեան եւ Աւետանեան ընտանիքներ
Ղազարեան եւ Կարապետեան ընտանիքներ
Երէցեան եւ Աբգարեան ընտանիքներ
Մարգարեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց զաւկին, եղբօր, թոռնիկին եւ հարազատին`

ՅՈՎԻԿ ՇԱՆԹ ԽՏԸՐԼԱՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1992-ին)

անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 4 փետրուար 2022-ին, արկածի հետեւանքով:

Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 7 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Երկրին մէջ տիրող «Քորոնա» ժահրի համավարակի սահմանափակումներուն պատճառով, ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին նոյն օրը միայն, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, յետ յուղարկաւորութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

ԾԱՆՕԹ.- Կը խնդրուի պահպանել «Քորոնա»-ի նախազգուշական պայմանները:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

ԼՕԽ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղը կը գուժէ իր շրջանի նախկին ատենապետուհի, տարիներու անխոնջ աշխատանքի վաստակ ունեցող

ԱՐՇԱԼՈՅՍ (ԱՐՇՕ) ԳՈՆՏԱՅԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 6 փետրուար 2022-ին, Զոքաք Էլ Պլաթի մէջ, Պէյրութ:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Օրդ. Ազգանուշ Գոնտայեան
Տէր եւ տիկին Պերճ եւ Նանոր Սահակեան եւ զաւակը` Տիգրան
Տէր եւ տիկին Դաւիթ եւ Ալին Արոյեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Աբիկ եւ Թամար Աբրահամեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Արա եւ Սանան Սահակեան եւ դուստրը
Փափազեան եւ Տօնիկեան ընտանիքներ
Տասնապետեան եւ Մուրատեան ընտանիքներ
Քլընճեան եւ Լօշխաճեան ընտանիքներ
Մանուկեան եւ Զաքարեան ընտանիքներ
Մելքոնեան եւ Գալօղլեան ընտանիքներ
Թումայեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`

ԱՐՇԱԼՈՅՍ ԳՈՆՏԱՅԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 6 փետրուարին յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 7 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբռեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել ԼՕԽ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղին:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին տոքթ. Աւօ եւ Էվա Տաքէսեան եւ դուստրը` Մեղրի
Տէր եւ տիկին Երուանդ եւ Մարօ Ժամկոչեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Լուսինէ Չէօլմեքեան եւ դուստրը` Կալի
Տէր եւ տիկին Նորայր Տէր Վարդանեան եւ զաւակունք
Տիկին Անայիս Սողոմոնեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գէորգ Սողոմոնեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ Տաքէսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սեդրակ Տաքէսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Շաքէ Գարագաշեան եւ զաւակունք
Տէր Վարդանեան եւ Սողոմոնեան ընտանիքներ
Տաքէսեան եւ Ժամկոչեան ընտանիքներ
Գարագաշեան եւ Չէօլմեքեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, աներոջ, եղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`

ՆԱԶԱՐԷԹ ՏԷՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Երուսաղէմ)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 6 փետրուար 2022-ին, իր բնակարանին մէջ:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 7 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

—————————————

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

«Զ. ՄՈՒՔԱՀԱԼ ՀԻՄՆԱՐԿԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՋԱԿՑԻԼ
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ԿՐԹԱՆՊԱՍՏ ՅԱՏԿԱՑՆԵԼՈՎ 250 ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ

«Զ. Մուքահալ հիմնարկ»-ի եւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ 2016-էն ի վեր գործող «ՌԱՖԻՔ» կրթական աջակցութեան ծրագիրի հիմնադիր պարոն Ուիսամ Մուքահալ վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը Մեսրոպեան վարժարանին հանդէպ եւ յայտարարեց, որ պիտի շարունակէ աջակցիլ վարժարանին` ընթացիկ տարեշրջանին համար կրթանպաստ տրամադրելով միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու 250 աշակերտներու:

Պարոն Մուքահալ յայտնեց, որ աջակցութեան շարունակութիւնը կ՛արտայայտէ իր խոր գնահատանքը` հանդէպ Մեսրոպեանին եւ անոր կրթական ծառայութիւններուն:

Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնը իր աշակերտներուն հետ միասին խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ յարգարժան բարերարին, այնքան անհրաժեշտ այս օգնութեան համար: Տնօրէնութիւնը կը հաստատէ, որ այս աջակցութիւնը պիտի օգնէ Մեսրոպեանին հետամուտ մնալու իր կրթական առաքելութեան ներկայ դժուարին ժամանակներուն եւ շարունակելու առաջարկել լաւագոյն ծառայութիւնները կրթութեան մէջ:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

—————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

AZAD Travel ճամբորդական հաստատութիւնը կարիքը ունի Ticketing & Reservation officer փորձառու պաշտօնեայի մը: Դիմել` հեռ. 71-166011, 01-242411 թիւերուն եւ «Սի. Վի.»-ն ղրկել info@azadtravel.com

Հասցէ` Պուրճ Համուտ, «Սանթըր BH 1920», Ա. յարկ:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2322

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>