ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Հրաչ Գուրույեան
Տիկին Յասմիկ Սամուէլեան
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Անի Բագրատունի
Տէր եւ տիկին Սամուէլ եւ Լիլիթ Սամուէլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ռազմիկ եւ Էլսա Սամուէլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Աշոտ եւ Կալիա Բագրատունի
Տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Լալէ Սէբեան (Միացեալ Նահանգներ)
Հայկօ եւ Յարութ Գուրույեան
Տիկին Հայկօ Տինկճեան եւ զաւակները` Սիլվի եւ Րաֆֆի
Տիկին Քնարիկ Խանճեան եւ դստերք` Իրմա եւ Քարլա (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Ատոմ եւ Արսինէ Էկոյեան (Քանատա)
Այտա Խանճեան (Քանատա)
Տիկին Նարօ Խանճեան եւ դուստրը` Սարինէ (Միացեալ Նահանգներ)
Գուրույեան եւ Բագրատունի ընտանիքներ
Սամուէլեան եւ Թորգոմեան ընտանիքներ
Փիլիպոսեան եւ Ֆէնէրճեան ընտանիքներ
Քիւփէլեան եւ Պապողլանեան ընտանիքներ
Բէյնէրճեան եւ Խանճեան ընտանիքներ
Տինկճեան եւ Ուրֆալեան ընտանիքներ
Իշխանեան եւ Յակոբեան ընտանիքներ
Սէրայտարեան եւ Սէբեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, քրոջ, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ, զարմիկին եւ հարազատին`
ՍԵԴԱ ԳՈՒՐՈՒՅԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 10 փետրուար 2022-ի առաւօտեան, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 11 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութեան համար հեռաձայնել.
Հրաչ` 70-950213
Յասմիկ` 03-377604
Յակոբ` 03-397766
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Արտակարգ իրավիճակներու մարմինին-«ԿԱՄՔ»:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդը, Դպրաց դասը եւ Աղքատախնամ մարմինը կը գուժեն իրենց վաստակաշատ եւ երկար տարիներու տիկնանց միութեան նախկին անդամուհիին`
ՍԵԴԱ ԳՈՒՐՈՒՅԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 10 փետրուար 2022-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ Տիկնանց միութիւնը կը գուժէ իր վաստակաշատ եւ երկար տարիներու նախկին անդամուհիին`
ՍԵԴԱ ԳՈՒՐՈՒՅԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 10 փետրուար 2022-ին:
—————————————
Լիբանանի Տիգրանակերտցիներու միութեան վարչութիւնը կը գուժէ վարչութեան նախկին անդամ
ՍԵԴԱ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ-ԳՈՒՐՈՒՅԵԱՆի
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 10 փետրուար 2022-ին:
—————————————
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Հայրապետական Օրհնաբեր Այցելութեամբ
Կը ժամանէ Նոր Սիս
Կիրակի, 13 փետրուար 2022-ին
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
օրհնաբեր այցելութիւն մը պիտի շնորհէ Նոր Սիս շրջանին եւ իր հայրական պատգամը փոխանցելով մեր ժողովուրդին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարէ աւանդական մատաղի օրհնութիւն:
Եզակի այս առիթով, սիրով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը, առաւօտեան ժամը 10:15-ին, ժողովրդային միահամուռ մասնակցութեամբ դիմաւորելու վեհափառ հայրապետը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ
—————————————
ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԸ
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 13 փետրուար 2022-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Տեառնընդառաջի նախատօնակ:
Արարողութեան պիտի հանդիսապետէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմին
Յետեկեղեցական արարողութեան, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ պիտի վառուի աւանդական խարոյկը: Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՍԵՒԱՆ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 13 փետրուար 2022-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, (Զոքաք Էլ Պլաթ), յաւարտ Ս. պատարագի:
ԱՊՐՕ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 13 փետրուար 2022-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՌԻՉԸՐՏ ԵՒ ԹԻՆԱ ԳԱՐՕԼԱՆ
ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ
Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան հրատարակչական հիմնադրամի դատակազմը կը յայտնէ, թէ բացուած է 2022-ի համար նոր գործեր ներկայացնելու շրջանը:
Հիմնադրամը կ՛ընդունի սփիւռքահայ երիտասարդ գրողներու գրական թէ ուսումնասիրական որեւէ նոր, անտիպ կամ գիրքի ձեւին տակ ցարդ չհրատարակուած գործեր` դատակազմին կողմէ գնահատուելու եւ ըստ այնմ հրատարակուելու համար:
Գրական, պատմական, բանասիրական, եկեղեցագիտական եւ հայ մշակոյթի այլ կալուածները շօշափող հայերէն թէ օտար լեզուներով գրուած գործերը պէտք է դատակազմին ներկայացուած ըլլան ամէնէն ուշը մինչեւ 30 յունիս 2022:
Առաքուած գործերը պէտք է ըլլան ա) մեքենագրուած, բ) երեք օրինակով, գ) խտասալիկի վրայ արձանագրուած: Անոնք պէտք է ներկայացուին A4 թուղթի չափով եւ բաղկանան նուազագոյնը 9 պրակէ (144 էջ):
Դատակազմին կողմէ գնահատուած գործերը կ՛արժանանան հրատարակութեան:
Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան հրատարակչական հիմնադրամի նախագահն է ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ: Դատակազմի անդամներն են` դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան (ատենապետ), դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, Տեարք Համբիկ Պիլալեան, Յարութիւն Իսկահատեան, Յակոբ Լատոյեան եւ տիկին Իրմա Տէտէեան:
ԴԻՒԱՆ` Ռ. ԵՒ Թ. ԳԱՐՕԼԱՆ
ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԴԱՏԱԿԱԶՄԻ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
AZAD Travel ճամբորդական հաստատութիւնը կարիքը ունի Ticketing & Reservation officer փորձառու պաշտօնեայի մը: Դիմել` հեռ. 71-166011, 01-242411 թիւերուն եւ «Սի. Վի.»-ն ղրկել info@azadtravel.com
Հասցէ` Պուրճ Համուտ, «Սանթըր BH 1920», Ա. յարկ: