Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (9 Մարտ 2022)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն

ԺԻՐԱՅՐ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 7 մարտ 2022-ին:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը գուժէ վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական, շրջանային ֆութպոլի յանձնախումբի նախկին անդամ, Ծառայութեան շքանշանակիր

ԺԻՐԱՅՐ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 7 մարտ 2022-ին:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր բազմավաստակ նախկին վարչական անդամին`

ԺԻՐԱՅՐ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 7 մարտ 2022-ին:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը կը գուժէ իր երկարամեայ նախկին պաշտօնեաներէն

ԺԻՐԱՅՐ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 7 մարտ 2022-ին:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Զարեհ Նալպանտեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տկիկին Ժաք Նալպանտեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժոզեֆ եւ Մարօ Մաթար եւ զաւակը
Նալպանտեան եւ Չափարեան ընտանիքներ
Ժըպէյլի եւ Զորեան ընտանիքներ
Սուրէնեան եւ Մաթար ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր, կեսրայրին, քեռայրին, խնամիին եւ հարազատին`

ԺԻՐԱՅՐ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1931-ին)

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 7 մարտ 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 9 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղումէն առաջ եւ ետք, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

—————————————

365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ

ԼՕԽ-ի բարերարուհի Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեանի յիշատակին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը կը ստանձնէ օրուան մը ճաշի ծախսը` 3.500.000 լիբ. ոսկիով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>