Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (17 Մարտ 2016)

$
0
0

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

«ԱՍԱՏՈՒՐ. ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ
ՇԱՐԺՈՒՄԻ ՄԷՋ»

Սըրսոք թանգարանը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ «Ասատուր. Բնութիւնը շարժումի մէջ» խորագիրը կրող իր յառաջիկայ ցուցահանդէսին մասին,  որուն բացումը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 17 մարտին, երեկոյեան ժամը 6:00-էն մինչեւ 9:00-ը:

Բացման հանդիսութեան հրաւիրուած են արուեստասէրները, բոլորին ներկայութիւնը ողջունելի է:

Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ 30 մայիս 2016, յատուկ ցուցահանդէսներու սրահ, երկրորդ յարկ:

«Ասատուր. Բնութիւնը շարժումի մէջ»-ը  կ՛ուրուագծէ գործունէութիւնը արուեսագէտ Ասատուրին, որ առանցքային տիպար մըն է Լիբանանի արուեստի պատմութեան մէջ, 1960-ական թուականներէն մինչեւ այսօր:

Ցուցահանդէսին կը ներկայացուին աւելի քան 100 գործեր` թուղթի վրայ կատարուած, ինչպէս նաեւ գեղանկարներ եւ արուեստագէտին գիրքերը, որոնք կը կազմեն արուեստագէտին վերջին 50 տարիներու աշխատանքը:

Ասատուրի անհատական առաջին հիմնական ցուցահանդէսը Լիբանանի մէջ կը մէկտեղէ առաջին անգամն ըլլալով ցուցադրուող ստեղծագործութիւններ, նոր գեղանկարներ, ժանտագրութիւններ (etching) եւ անցեալի գործեր, որոնք կը գտնուին թանգարանի հաւաքածոյին մէջ, եւ որոնք յատկացուած են  Փիեռ Քարտահիի կողմէ, 1996-ին: Քարտահի Ասատուրի վաղեմի բարեկամն էր եւ անոր գործերուն անյագ հաւաքորդը, յաճախ այցելած է Ասատուրի փարիզեան աշխատանոցը` ընտրելու անոր գործերէն: Քարտահի իր կեանքին ընթացքին  հաւաքած է Ասատուրի աւելի քան 100 ստեղծագործութիւնները, որոնց մեծամասնութիւնը հոս կը ցուցադրուի առաջին անգամն ըլլալով:

Ասատուրի գործը հետազօտութիւնն է ժամանակակից վիճակին, օտարացման եւ արմատազրկութեան: Անոր ստեղծագործութիւնները մանրամասնօրէն կը պատկերեն մարմիններ, որոնք վերափոխուած են, փոխակերպուած եւ ձեւափոխուած ճարտարապետական եւ տիեզերաբանական իրերով: Արհեստագիտութեան նկատմամբ անոր կանուխ հմայքը` բնավայրերուն եւ մարդկային մարմնին նկատմամբ, շարունակուեցաւ անոր հետագայ ասպարէզին մէջ:

1980-ականներուն Ասատուրի գործը կեդրոնացաւ վերացական տեսարանին վրայ, ուր երկրաչափական ձեւեր եւ գոյներ ստեղծեցին փոխուող քաղաքներու տեսլականը` երեւութապէս անջատուած եւ վերակազմուած վարպետ պատումով: Անոր գործերը 1990-ականներէն սկսեալ կը վերադառնան տիեզերքի մէջ մարդկային մարմնի ուսումնասիրութեան:

Ազդուելով ճափոնական ժանտագրութենէն մինչեւ պուտտայական պատկերագրութիւն եւ ափրիկեան տոհմանական դիմակներէն մինչեւ Վերածննունդի նկարներ, Ասատուրի մարմնի աշխատանքը հարցականի տակ կը դնէ մեր տեղը աշխարհին մէջ, ինքնութեան կազմութիւնը եւ ճակատագիրի, ժամանակի եւ պատմութեան դերը:

Շաբաթ, 19 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-էն մինչեւ 5:30, Ասատուր պիտի զրուցէ հիւր համադրող Ժոզէֆ Թարապի հետ: Զրոյցը տեղի պիտի ունենայ Սըրսոք թանգարանի սրահին մէջ:

ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԸ

Ասատուր ծնած է Պէյրութ, 1943-ին, ուր աշակերտած է Փոլ Կիրակոսեանին եւ դասարանակից եղած է գեղանկարիչ Կիւվտերի ու Ժան Խալիֆէի, իտալական մշակութային հիմնարկին մէջ: Հետագային ուսումը շարունակած է Պել Արթի Փիեթրօ Վանուչի ակադեմիայի մէջ (Փերուկիա, Իտալիա), գեղեցիկ արուեստներու բարձրագոյն դպրոցին մէջ, Փարիզ, Ֆրանսա (Քութօ աշխատանոց): Անդամակցած է Փարիզի «Մայիսեան Սալոն»-ին(1974-1977), «Ժիւն Կրաւիւր Քոնթամփորէն»-ին (1975-1979) եւ 1975-էն սկսեալ անդամ է ֆրանսացի Գեղանկարիչներու-փորագրիչներու(graveurs) միութեան:

ԺՈԶԷՖ ԹԱՐԱՊ

Ժոզէֆ Թարապ լիբանանցի լրագրող եւ արուեստի քննադատ է: Մասնագիտանալէ ետք տնտեսագիտութեան, ընկերաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան ճիւղերուն մէջ, ան նախընտրեց մշակութային լրագրութիւնը եւ դարձաւ արուեստի քննադատ 1970-ականներու սկիզբը: Ան հրատարակած է աւելի քան 150 նախափորձեր, գիրքեր, որոնց շարքին մենագիրներ Փոլ Կիրակոսեանի, Հուսեյն Մատիի եւ Ժամիլ Մուլաիպի մասին:

ՍԸՐՍՈՔ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Սըրսոք թանգարանը Կեդրոնական Պէյրութի մէջ տեղակայուած արդի եւ ժամանակակից արուեստի թանգարան մըն է, որ բացուեցաւ 1961-ին: Անոր առաքելութիւնն է հաւաքել, պահպանել եւ ցուցադրել տեղական եւ միջազգային արուեստի ստեղծագործութիւններ:

Մեր հաւաքածոյին, արխիւներուն, ցուցահանդէսներուն եւ հանրային ծրագիրներուն ընդմէջէն կը նպատակադրենք շրջանին մէջ իրազեկել արուեստի մասին եւ ուսումնասիրել գործեր, որոնք կ՛արտացոլացնեն մեր ժամանակը: Մեր նպատակն է աջակցիլ տեղական արուեստի ստեղծման, ապահովել հարթակ` հանդիպումներու, արուեստի եւ գաղափարներու փորձարկումներու, եւ քննարկումի հրաւիրել տարբեր հանդիսատեսներ` նոր եւ անկանխատեսելի ձեւերով:

Ցուցահանդէսի ժամերը

Ամէն օր առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, իսկ հինգշաբթի օրերը կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00:

Փակ է երեքշաբթի օրերը:

Սըրսոք թանգարանի մուտքը ազատ է:

Հասցէ

Սըրսոք թանգարան
Յոյն ուղղափառներու պատրիարքարանի փողոց
Էշրեֆիէ 2071 5509
Պէյրութ, Լիբանան

Հ. +961 1 202 001

www.sursock.museum

info@sursock.museum

—————————————————————————-

HamazkayinԿարճ Տեւողութեամբ
Շարժապատկերի Մրցանք

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն
                          Երեւանի Թատրոնի եւ Շարժապատկերի Պետական Հիմնարկ

Նպատակ

Մրցանքի նպատակներն են խթանել ժամանակակից հայ ֆիլմարուեստը, բացայայտել այդ մարզին մէջ ստեղծագործող նոր անուններ եւ աջակցիլ ուսանող եւ երիտասարդ հեղինակներու ու բեմադրիչներու անդրանիկ աշխատանքներուն:

Նիւթ-Խորագիր

Մրցանքի խորագիրն է «Հայրերի հող»-ը, նիւթը` հայրենիքը այսօր եւ վաղը, անոր մարդիկը:

Գնահատման չափանիշներ

Գեղարուեստական եւ կառուցուածքային ամբողջականութիւն, նորարարութիւն, ինքնատպութիւն:

Մրցանակային Ֆոնտ

350 000 դրամ (80 000 ստեղծագործութեան-բովանդակութեան համար, 270 000` իրականացման):

  • Մրցանքի պայմաններու եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.hamazkayin.com

—————————————————————————-

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԹԱՓՕՐ

Կիրակի, 20 մարտ 2016, Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ պիտի պատարագէ`

ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 10:30-ին
Մանուկներու թափօր ժամը 11:00-ին

Ծաղկազարդի տօնին առիթով մայրավանքի շրջափակին մէջ հաւաքուած հայ մանուկներուն ու պատանիներուն իր հայրական խօսքը պիտի ուղղէ եւ ապա վեհարանին մէջ զիրենք պիտի ընդունի`

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ

ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Դռնբացէքի արարողութիւն, նախագահութեամբ`

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Պիտի քարոզէ`

ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու առաւօտեան մատուցուելիք Ս. եւ անմահ պատարագին, մանուկներու թափօրին եւ յետմիջօրէի Դռնբացէքի արարողութեան, լեցուելու համար Քրիստոսի գալստեան խորհուրդով:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

—————————————————————————-

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻՆ ԵՒ ԴՌՆԲԱՑԷՔԻՆ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ուրախութեամբ կու գանք յայտնելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ կիրակի, 20 մարտ 2016-ին կը զուգադիպի Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը` Ծաղկազարդի տօնը:

Այս առիթով, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ օրուան պատգամը փոխանցէ`

ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմի

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 7:30-ին
Սուրբ պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ`
Մանուկներու թափօր`
ժամը 11:00-ին
ժամը 12:00-ին

 

Նոյն օրը, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին տեղի պիտի ունենայ    ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ արարողութիւնը, դարձեալ նախագահութեամբ`

ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմի

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ Դռնբացէքի արարողութեան, լսելու առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

ԾԱՆՕԹ.- Մանուկներու թափօրէն ետք ներկայ մանուկներուն փոքրիկ անակնկալ մը պատրաստուած է:

—————————————————————————-

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ`
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 20 մարտ 2016-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`

ՀՈԳՇ. Տ. ՆՇԱՆ ՎՐԴ. ԼԱԽՈՅԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 7:30-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ եւ թափօր` ժամը 11:00-ին

 

ԴՌՆԲԱՑԷՔ

Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Դռնբացէքի արարողութիւնը, զոր յաւուր պատշաճի պիտի կատարէ եւ քարոզէ`

ՀՈԳՇ. Տ. ՆՇԱՆ ՎՐԴ. ԼԱԽՈՅԵԱՆ

Հրաւիրուած է մեր հաւատացեալ ժողովուրդը:

Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————————————————-

Logo-Voice-of-van.gif«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»              

ՃԻՇԴ ՀՆՉԵՆՔ

«Վանայ Ձայն»-էն ունկնդրեցէք «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրը, ամէն կիրակի կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին:

Այս շաբթուան մասնակից դպրոցներն են`

Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան
Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան
Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան
Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան

Յայտագիրը կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ:

—————————————————————————-

ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ
ԳԻՐ ՊԻՏԻ ՇՆՈՐՀԷ
ՀՐԱՅՐ ԾԵՐՈՒՆԵԱՆԻ

Հինգշաբթի, 17 մարտ 2016, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————————————————-

Նախաձեռնութեամբ`
Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Հայկական տարազներու եւ
ասեղնագործութեան մասին

Կը ներկայացնէ`
ԱՆԻ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
(Երեւանի «Տէրեան մշակութային կեդրոն»-ի պատասխանատու)

Հայկական տարազներու եւ ասեղնագործերու ցուցադրութիւն

Տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի, 17 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգային Ս. Մ. Ռուբինեան վարժարանի սրահին մէջ:

ՀՐԱՒԷՐ

—————————————————————————-

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆԵՐԸ`
ԺՈՒՆԻԷԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, թէ ուրբաթ, 18 մարտ 2016-ին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ հսկումի արարողութեան երգեցողութիւնը պիտի կատարեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաները:

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 6:00-ին: Կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը, որ ներկայ գտնուի սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուի օրուան պատգամով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԺՈՒՆԻԷԻ, ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ, ԶԱԼՔԱՅԻ ԵՒ
ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————————————————-

ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 18 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ֆանարի մատրան մէջ:

Արարողութիւնը պիտի կատարէ եւ պատգամէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՆՇԱՆ ՎՐԴ. ԼԱԽՈՅԵԱՆ

—————————————————————————-

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ       
«ԽՕՍՆԱԿ» ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ

ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՌՋԵՒ
ԾԱՌԱՑԱԾ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ

Կը բանախօսէ
ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Պետական երեսփոխան

Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 18 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Ահրամճեան» կեդրոնին մէջ:

  • Գեղարուեստական յայտագիր
  • ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

ՀՐԱՒԷՐ

—————————————————————————-

Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ Եկեղեցի

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Տիրամայր` Ժոզեֆին Հապիպ Թահհանի
(Գերապատիւ Հ. Պերճ վրդ. Սապեհի մայրը)
մահուան առիթով

Կը պատարագէ եւ հոգեհանգստեան պաշտօնը կը կատարէ`
ԳԵՐՅ. Հ. ԳԷՈՐԳ Ծ. ՎՐԴ. ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Աւագ Ժողովրդապետ Հայ կաթողիկէ
Ս. Գրիգոր – Ս. Եղիա եկեղեցւոյ

Շաբաթ, 19 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ: Յաւարտ Ս. պատարագին ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին ՀԿՄ-ի սրահին մէջ:

—————————————————————————-

Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ԽԹՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ – ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

Հովանաւորութեամբ`
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան

Կազմակերպութեամբ`
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ

Մասնակցութեամբ` սիրուած երգիչ` ՅՈՎՍԷՓ-ի

Ընկերակցութեամբ` ԿՈՄԻՏԱՍ նուագախումբին

ՇԱԲԱԹ, 26 ՄԱՐՏ 2016-ԻՆ

«Le Royal» պանդոկի «Pearl» շքեղ սրահին մէջ, Տըպպայէ

Տոմսերը ստանալու համար դիմել Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոն, հեռ. 01-265899 կամ 01-249375, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր, հեռ. 04-715491, նաեւ` 71-132822:

—————————————————————————-

ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
(1926-2016)

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

Նախագահութեամբ` ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՆԱԶԱՐԷԹ ԱՅԱՆԵԱՆի

Մասնակցութեամբ` սիրուած երգիչներ
ՀՐԱՉ ԿԱՅԾԱԿԵԱՆի եւ ՇԱՔԷ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆի

Ընկերակցութեամբ` ՍԵԴՕ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆի

Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 27 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, «Լը Ռոյալ» պանդոկի «Ազուրէա» սրահին մէջ:

Տոմսերը ապահովելու համար դիմել հեռ. 03/627728, 01/264750:

—————————————————————————-

baguèr1

ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԸ

ՀԵՐԻՍԱ
+
ԱՂՑԱՆ

Գին՝ 17.000 լիբ. ոսկի

Հեռ. 01-240214
Հեռ. 70-607548
www.badguer.com

—————————————————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հաստատութիւն մը կարիքը ունի երիտասարդ աշխատողի մը` CNC մեքենայի վրայ: Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի Whatsapp-ով միայն կապուիլ 03/714935 թիւին եւ անպայման նշել անունն ու մականունը:

Առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

—————————————————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հաստատութիւն մը կարիքը ունի հայ քարտուղարուհիի մը:

Թեկնածուները պէտք է`

– Լաւ տիրապետեն հայոց լեզուին
– Գիտնան մեքենագրութիւն` հայերէն եւ օտար լեզուներով

Նախապատուութիւնը պիտի տրուի նորաւարտ համալսարանականներու:

Կը խնդրուի դիմել`

haykardogharouhi@gmail.com

—————————————————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Էշրեֆիէի շրջանին մէջ ձեւագիտութեան հաստատութիւն մը կարիքը ունի դերձակի կամ դերձակուհիի մը, նուազագոյնը` 5 տարուան փորձառութեամբ: Դիմել` «Սի. Վի.»-ները յղելով beirutjobs@hotmail.com  հասցէին կամ հեռաձայնելով 03-883875 թիւին:

—————————————————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Ձեւագիտութեան հաստատութիւն մը կարիքը ունի իգական կամ արական սեռի պատկանող պատասխանատուի մը, նուազագոյնը` 5 տարուան փորձառութեամբ, ինչպէս նաեւ ան պէտք է տիրապետէ արաբերէնին, անգլերէնին եւ ֆրանսերէնին: Դիմելու համար «Սի. Վի.»-ները յղել beirutjobs@hotmail.com

—————————————————————————-

 

 

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ

ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

19 ՄԱՐՏ 2016

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՔՍՈՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ
ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ

ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ – ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

19 ՄԱՐՏ 2016

—————————————————————————-

Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ԽԹՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ – ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

Կազմակերպութեամբ`
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ
ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ

Մասնակցութեամբ` սիրուած երգիչ`
ԿՈՄԻՏԱՍի եւ իր նուագախումբին

ՇԱԲԱԹ, 26 ՄԱՐՏ 2016-ԻՆ

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ

ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

ՕԹԵԼ ՌՈՅԱԼ

ՇԱԲԱԹ, 26 ՄԱՐՏ 2016

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ «ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ» ԿՈՄԻՏԷ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ԿԻՐԱԿԻ, 10 ԱՊՐԻԼ 2016

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՔԱՀԼ-ի
Հայ Տարեցներու Տան
Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբ

Երեքշաբթի, 3 մայիս 2016

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԼՕԽ-Ի «ԱՐՑԱԽ»
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
BRUNCH

5 ՄԱՅԻՍ 2016

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ»
ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ

ՏԱՐԵԿԱՆ ԵԼՈՅԹ

24-25 ՅՈՒՆԻՍ 2016

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>