Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (4 Յունիս 2022)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, թաղական խորհուրդը, տիկնանց յանձնախումբը, դպրաց դասը եւ պաշտօնէութիւնը կը գուժեն իրենց թաղական խորհուրդի նախկին ատենապետ

ԳԷՈՐԳ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 3 յունիս 2022-ին:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերական մասնագիտական մասնաճիւղի թատերախումբն ու վարչութիւնը կը գուժեն մասնաճիւղի նախկին վարչական, թատերախումբի անդամ, ինչպէս նաեւ այլ թատերախումբերու մաս կազմած դերասան

ԳԷՈՐԳ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 3 յունիս 2022-ին:

Խորին ցաւակցութիւն անոր ընտանիքին եւ հարազատներուն:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Ուրֆայի հայրենակցական միութեան վարչութիւնը կը գուժէ իր վաստակաշատ նախկին ատենապետին`

ԳԷՈՐԳ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 3 յունիս 2022-ին:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Էմմա Նալպանտեան եւ զաւակները` Անահիտ եւ Սարին
Տէր եւ տիկին Միքայէլ եւ Թամար Նալպանտեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Ալեն եւ Ռոզալին Էղօ եւ զաւակը
Տիկին Սեդա Նալպանտեան եւ զաւակը` Յակոբ
Տէր եւ տիկին Վազգէն եւ Լենա Նալպանտեան եւ զաւակունք
Տիար Յակոբ Տօնիկեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Զոհրապ եւ Օսան Նալպանտեան
Նալպանտեան եւ Գիզիրեան ընտանիքներ
Էղօ եւ Ճուլֆայեան ընտանիքներ
Գրտեան եւ Օհաննէսեան ընտանիքներ
Շիքլանեան եւ Հազարվարդեան ընտանիքներ
Ժանոյեան եւ Թաշճեան ընտանիքներ
Եղիայեան եւ Փանոսեան ընտանիքներ
Չոպանեան եւ Գազանճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին`

ԳԷՈՐԳ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1955-ին)

մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 3 յունիս 2022-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 4 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ կիրակի, 5 յունիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տիար Սարգիս Վարժապետեան եւ զաւակը` Էմմանուէլ
Տիկին Պէաթրիս Պէրպէրեան
Տիկին Մարիամ Վարժապետեան
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Թալին Պէրպէրեան եւ զաւակունք
Տիկին Աստղիկ Սէֆէրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ֆրետի եւ Թալին Քրէյըմ եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Ներսէս եւ Սօսէ Պէրպէրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պօղոս եւ Ռահէլ Սերոբեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Փոլ եւ Մակի Խաչատուրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մելքոն եւ Տալիտա Ճուլֆայեան
Վարժապետեան եւ Պէրպէրեան ընտանիքներ
Սէֆէրեան եւ Քրէյըմ ընտանիքներ
Փիլաւճեան եւ Քէօֆթէեան ընտանիքներ
Եագուպ եւ Յարութիւնեան ընտանիքներ
Չափրազեան եւ Գուլաճեան ընտանիքներ
Լոշխաճեան եւ Գանտահարեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, զաւկին, հարսին, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`

ՄԱՐԻՆԱ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ, 1973-ին)

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 2 յունիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 10:00-ին, «Էլ Արզ» հիւանդանոցին մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 4 յունիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, ինչպէս նաեւ կիրակի, 5 յունիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:

—————————————

ԴՊՐԱՑ ԵՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ
ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Կիրակի, 5 յունիս 2022-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին, դպրեվանքի դպիրներուն եւ կիսասարկաւագներուն ձեռնադրութիւնը պիտի կատարուի:

Ձեռնադրիչ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ

Ս. պատարագ`   ժամը 9:30-ին
Ձեռնադրութիւն`   ժամը 10:30-ին
Քարոզ`               ժամը 11:00-ին

Ձեռնադրութենէն ետք Ս. սեղանին սպասարկութիւնը պիտի կատարեն նորոգ ձեռնադրեալ դպիրներն ու կիսասարկաւագները. իսկ Ս. պատարագի աւարտին վեհափառ հայրապետը իր օրհնութիւնը պիտի փոխանցէ անոնց:

ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ

—————————————

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Սիրելի՛ հայրենակիցներ եւ բարեկամներ.

1 յուլիս 2023-ին Հայ ազգային բուժարանը կը նշէ իր 100-ամեակը` ի սպաս մարդկութեան: Այս առիթով կազմակերպուելիք տօնակատարութիւնները եւ ձեռնարկները ձեզի պիտի տեղեկացնենք ատենին:

Մեր ծրագիրներէն մէկն է պատրաստել փաստածրար մը, որ ճշգրտօրէն պիտի պատմէ ազգային այս հաստատութեան 100-ամեայ պատմութիւնը: Ուստի, կը խնդրենք մեր բոլոր հայրենակիցներէն եւ բարեկամներէն, որոնք Բուժարանին վերաբերող որեւէ փաստաթուղթ կամ նկար ունին, կապ հաստատել մեզի հետ հետեւեալ հասցէով.

vahe.kambourian@armeniansanatorium.org

Սոյն փաստաթուղթերն ու նկարները պիտի նկարուին եւ վերադարձուին իրենց տէրերուն, իսկ անոնց օգտագործման պարագային աղբիւրը պիտի նշուի:

ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ

—————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հաստատութիւն մը կարիք ունի`

  • Հաշուապահուհիի մը,
  • Դերձակուհիի մը:

Դիմել` հեռ. 03-412442:

—————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Առեւտրական հաստատութիւն մը կարիք ունի երիտասարդ տղամարդ պաշտօնեայի մը` 20-էն 25 տարեկան.

Դիմել` հեռ. 03-628076, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-4:00:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>