ՄԱՀԱԶԴ
Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային իշխանութիւնները կը գուժեն Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամ
ԿԱՐՕ ՃՂԸԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 25 մարտ 2016-ին:
—————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
ANITEX ընկերութեան անձնակազմը կը գուժէ ընկերութեան սեփականատէր եւ ընդհանուր տնօրէն
ԿԱՐՕ ՃՂԸԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 25 մարտ 2016-ին:
—————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Շրջանակային յանձնաժողովը եւ յամայն անդամակցութիւնը, սրտի խոր կսկիծով կը գոյժեն իրենց նախկին վարչական անդամին
ԿԱՐՕ ՃՂԸԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 25 մարտ 2016-ին:
—————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
ՀԲԸՄ-ի Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնն ու համայն անդամակցութիւնը սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն իրենց երկարամեայ ատենապետին`
ԿԱՐՕ ՃՂԸԼԵԱՆԻ
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 25 մարտ 2016-ին:
—————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սեդա Ճղըլեան եւ զաւակները` Յակոբ եւ Անի
Տիար Յակոբ Մոմճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Նազօ Մոմճեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Էտի Զաքարեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Տիկին Ռուպինա եւ Մելինա Ճղըլեաններ
Տէր եւ տիկին Էտմոն Սաուտ (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Ժորժ Սաուտ (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Արմէն Տագեսեան եւ զաւակունք
Ճղըլեան եւ Մոմճեան ընտանիքներ
Զաքարեան եւ Սաուտ ընտանիքներ
Տագեսեան եւ Գիզիրեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր եւ հարազատին`
ԿԱՐՕ ՃՂԸԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 25 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, սրտի կաթուածի հետեւանքով:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի երեքշաբթի, 29 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, երկուշաբթի, 28 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, երեքշաբթի, 29 մարտին, թաղման արարողութենէն առաջ եւ ետք, իսկ չորեքշաբթի, 30 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ին:
—————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Եղիսաբէթ Կիւլեսերեան
Տէր եւ տիկին Յակոբ Կիւլեսերեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հրաչ Կիւլեսերեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յովիկ Գույումճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մարտիկ Արսլանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գէորգ Կիւլեսերեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժոզեֆ Կիւլեսերեան
Տէր եւ տիկին Կարապետ Թահմիզեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յովսէփ Ճերմակեան եւ զաւակունք
Տիկին Հայկանուշ Կարապետեան եւ զաւակունք
Տիար Յարութիւն Արուշեան եւ զաւակունք
Խաչատուրեան եւ Մելքոնեան ընտանիքներ
Ռիշա եւ Այվազեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր, քեռայրին եւ հարազատին`
ԶԱՏԻԿ ԿԻՒԼԵՍԵՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1936-ին)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 25 մարտ 2016-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ ուրբաթ, 25 մարտին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին եկեղեցւոյ սրահին մէջ, շաբաթ, 26 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
—————————————————————————-
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ`
Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Կիրակի, 27 մարտ 2016-ին, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առիթով, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ պիտի պատարագէ եւ իր հայրապետական պատգամը փոխանցէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Ս. պատարագի քառաձայն երգեցողութիւնը պիտի կատարուի կաթողիկոսարանիս «Շնորհալի» երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ` Հոգշ. Տ. Գարեգին վրդ. Շխրտըմեանի:
Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 8:00-ին |
Սկիզբ Ս. պատարագի` | ժամը 10:00-ին |
Հայրապետական պատգամ` | ժամը 11:00-ին |
Սիրով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները` ներկայ գտնուելու սուրբ եւ անմահ պատարագին, լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը եւ վերանորոգուելու Ս. Յարութեան հրաշազարդ խորհուրդով:
Վեհափառ հայրապետը Ս. Զատկուան շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի Ս. եւ անմահ պատարագէն ետք, մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:30, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————————————————-
Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը
Հայրապետական սուրբ եւ անմահ պատարագը պիտի մատուցէ եւ Ս. Յարութեան պատգամը պիտի փոխանցէ
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի, 27 մարտ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
Յաւարտ Ս. պատարագին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը պիտի ընդունի շնորհաւորութիւնները եկեղեցւոյ մէջ, իսկ յետմիջօրէի ժամը 4:00-7:00, պատրիարքարանի դահլիճին մէջ:
—————————————————————————-
Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ԽԹՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ – ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
Հովանաւորութեամբ`
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան
Կազմակերպութեամբ`
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ
Մասնակցութեամբ` սիրուած երգիչ` ՅՈՎՍԷՓ-ի
Ընկերակցութեամբ` ԿՈՄԻՏԱՍ նուագախումբին
ՇԱԲԱԹ, 26 ՄԱՐՏ 2016-ԻՆ
«Le Royal» պանդոկի «Pearl» շքեղ սրահին մէջ, Տըպպայէ
Տոմսերը ստանալու համար դիմել Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոն, հեռ. 01-265899 կամ 01-249375, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր, հեռ. 04-715491, նաեւ` 71-132822:
—————————————————————————-
ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
(1926-2016)
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
Նախագահութեամբ` ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՆԱԶԱՐԷԹ ԱՅԱՆԵԱՆի
Մասնակցութեամբ` սիրուած երգիչներ
ՀՐԱՉ ԿԱՅԾԱԿԵԱՆի եւ ՇԱՔԷ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆի
Ընկերակցութեամբ` ՍԵԴՕ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆի
Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 27 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, «Լը Ռոյալ» պանդոկի «Ազուրէա» սրահին մէջ:
Տոմսերը ապահովելու համար դիմել հեռ. 03/627728, 01/264750:
—————————————————————————-
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Պուլղուրճեան, Սիմիթեան, Տէր Գալուստեան, Մարկոսեան եւ Խտըշեան ընտանիքներ շնորհակալութիւն կը յայտնեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանին, Լիբանանի պետական ներկայ եւ նախկին երեսփոխաններուն, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, ե-նամակով, հեռաձայնով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց հարազատին` ԱՆԱՀԻՏ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————————————————-
ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԸ
ԽԱՇ (ՓԱՉԱ)
Գին՝ 18.000 լիբ. ոսկի
Հեռ. 01-240214
Հեռ. 70-607548
www.badguer.com
—————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը կարիքը ունի ընկերային ծառայողի մը` BA վկայականով:
Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի ներկայանալ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական կեդրոն, առաւօտեան ժամը 8:00-4:00:
Հեռ. 01/253793/4/5
Ե-նամակ.- arcl-absmc@hotmail.com
—————————————————————————-
ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՆՁՆԱԿԱՆ
ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐ
(Վկայեալ եւ մասնագէտ ուսուցչուհիի հսկողութեամբ)
Ձայնամարզութիւն (դասական, ժողովրդական եւ էսթրատային) Սոլֆեժ դաշնակ,
Թատերական արուեստի ուսուցում (բոլոր տարիքներու)
Կը ստանձնենք նաեւ վարժարաններու եւ միութիւններու երգի, պարի եւ թատերական ձեռնարկներու կազմակերպում:
Դիմել` հեռ.- 71-472802 եւ 71-399356
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, «Պիկ Սէյլ»-ի դիմացի թաղ, 65 քառ. մեթր, 3 սենեակ եւ մեծ պատշգամ, 2-րդ յարկ: Գին 100.000$: Հեռ. 01-254528:
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ Է
«Մարինա Քլապի» բաժնետոմս, Տըպպայէ: Հեռ. 03-282033:
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Անթիլիասի մէջ, 180 քառ. մեթր: Դիմել` հեռ. 03-834899 (յետմիջօրէի ժամը 3:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00):
—————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Printkom ընկերութիւնը կարիքը ունի Business Administration/Accounting մասնագիտութիւնը աւարտած օրիորդի մը: Հետաքրքրուողները իրենց «Սի. Վի.»-ն կրնան ուղարկել հետեւեալ ե-նամակին. kanekour@dm.net.lb
—————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի երիտասարդ աշխատողի մը` CNC մեքենայի վրայ: Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի Whatsapp-ով միայն կապուիլ 03/714935 թիւին եւ անպայման նշել անունն ու մականունը:
Առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
—————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի հայ քարտուղարուհիի մը:
Թեկնածուները պէտք է`
– Լաւ տիրապետեն հայոց լեզուին
– Գիտնան մեքենագրութիւն` հայերէն եւ օտար լեզուներով
Նախապատուութիւնը պիտի տրուի նորաւարտ համալսարանականներու:
Կը խնդրուի դիմել`
—————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Էշրեֆիէի շրջանին մէջ ձեւագիտութեան հաստատութիւն մը կարիքը ունի դերձակի կամ դերձակուհիի մը, նուազագոյնը` 5 տարուան փորձառութեամբ: Դիմել` «Սի. Վի.»-ները յղելով beirutjobs@hotmail.com հասցէին կամ հեռաձայնելով 03-883875 թիւին:
—————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Ձեւագիտութեան հաստատութիւն մը կարիքը ունի իգական կամ արական սեռի պատկանող պատասխանատուի մը, նուազագոյնը` 5 տարուան փորձառութեամբ, ինչպէս նաեւ ան պէտք է տիրապետէ արաբերէնին, անգլերէնին եւ ֆրանսերէնին: Դիմելու համար «Սի. Վի.»-ները յղել beirutjobs@hotmail.com
—————————————————————————-
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Անահիտ Պուլղուրճեանի մահուան առիթով`
– Տէր եւ տիկին Ստեփան եւ Նանօր Սապունճեան 100.000 լ. ո.` ԼՕԽ-ի «Վ. Տեքիրմենճեան» խոհանոցին:
– Անահիտ Պուլղուրճեանի մահուան առիթով`
Տէր եւ տիկին Շմաւոն եւ Սրբուհի Քելեշեան 100.000 լ. ո.` ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան կեդրոնին:
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ
ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
19 ՄԱՐՏ 2016
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՔՍՈՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ
ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ
ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ – ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
19 ՄԱՐՏ 2016
—————————————————————————-
Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ԽԹՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ – ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
Կազմակերպութեամբ`
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ
ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ
Մասնակցութեամբ` սիրուած երգիչ`
ԿՈՄԻՏԱՍի եւ իր նուագախումբին
ՇԱԲԱԹ, 26 ՄԱՐՏ 2016-ԻՆ
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ
ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
ՕԹԵԼ ՌՈՅԱԼ
ՇԱԲԱԹ, 26 ՄԱՐՏ 2016
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ» ԿՈՄԻՏԷ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ԿԻՐԱԿԻ, 10 ԱՊՐԻԼ 2016
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-ի
Հայ Տարեցներու Տան
Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբ
Երեքշաբթի, 3 մայիս 2016
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԼՕԽ-Ի «ԱՐՑԱԽ»
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
BRUNCH
5 ՄԱՅԻՍ 2016
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՇՈՒՇԻ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
21 ՄԱՅԻՍ 2016
—————————————————————————-
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
ՇԱԲԱԹ, 28 ՄԱՅԻՍ 2016
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ»
ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ
ՏԱՐԵԿԱՆ ԵԼՈՅԹ
24-25 ՅՈՒՆԻՍ 2016