ՏՕՆ ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ
ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Հայ եկեղեցին հինգ տաղաւար տօներէն երրորդը` մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան (Պայծառակերպութեան) տօնը այս տարի կը նշէ կիրակի, 24 յուլիս 2022-ին:
Արդարեւ, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ:
Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Առաջնորդ Յունաստանի հայոց թեմին
Կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու Աստուածորդւոյն` Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան յիշատակութեան եկեղեցական հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու Քրիստոսի` մեզի փոխանցած պատգամով ու հոգեւոր արժէքներով:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՆՈՐ ՄԻՒՌՈՆԻ ԸՆԾԱՅՈՒՄ
ՆՈՐԱՇԷՆԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԿԻՐԱԿԻ, 24 ՅՈՒԼԻՍ 2022
ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ սրբալոյս նոր միւռոնով ջրօրհնէք կատարէ
Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Սկիզբ սուրբ պատարագի` ժամը 9:30-ին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդը:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
—————————————
ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՆՈՐ ՄԻՒՌՈՆԻ ԸՆԾԱՅՈՒՄ ԵՒ ՋՐՕՐՀՆԷՔ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
ԿԻՐԱԿԻ, 24 ՅՈՒԼԻՍ, 2022
Այսու կարեւորութեամբ կը տեղեկացնենք, որ Վարդավառի տօնին առիթով` կիրակի, 24 յուլիս 2022-ին, Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ սրբալոյս նոր միւռոնը հանդիսաւորապէս պիտի ընծայուի Ս. խորան, եւ ի մխիթարութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կատարուի ջրօրհնէք:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ
—————————————
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը կարիքը ունի տնօրէնի օգնական քարտուղարուհիի մը:
Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի իրենց «Սի. Վի.»-ները ղրկել հետեւեալ հասցէին` recruitment.78@outlook.com.
—————————————
ԱԶԴ
Լիբանանի հայոց թեմի Դատաստանական խորհուրդը, 27 մայիս 2022-ին արձակեց պարոն Արտաւազդ Վիգէն Ժիրայր Ռշտունիի եւ Ժաքլին Մանուկ Հալլաճեանի ամուսնալուծման դիմումին վերաբերեալ թիւ 29/22 վճիռը:
Սոյն կոչնագիրը համազօր է վճիռի հաղորդման, որով այս թուականէն սկսեալ ենթակաները ունին 40 օր` իբրեւ վերադատ ատեանին դիմելու ժամանակամիջոց:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ ստանալու համար կը խնդրուի դիմել Ազգային առաջնորդարանի Դատաստանական խորհուրդի գրասենեակ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ