ՍՏԱՑԱՆՔ
«ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐԸ»
Հեղինակ` ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ
«Արամ Մանուկեան» մատենաշար, թիւ 6
Հրատարակութիւն` «Զաւէն եւ որդիք» տպարանի
Պէյրութ, 2022
«ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ
ԽՄԲԱԳԻՐԸ, ԳՈՐԾԻՉԸ, ՂԵԿԱՎԱՐԸ»
Հեղինակ` ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ
«Արամ Մանուկեան» մատենաշար, թիւ 7
Հրատարակութիւն` «Զաւէն եւ որդիք» տպարանի
Պէյրութ, 2022
—————————————
ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
2022-2023 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէնութիւնը կը յայտնէ, թէ 2022-2023 տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին բոլոր դասարաններուն համար, մանկապարտէզէն ԺԲ. կարգեր, իրենց զոյգ մասնագիտութիւններով` Life Science եւ Socio-Economics, առաւել` BT վարչագիտութիւն (Administration), սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին, երկուշաբթի, երեքշաբթի, չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը` առաւօտեան ժամը 9:00-12:00:
Պուրճ Համուտի եւ Ֆանարի շրջաններու աշակերտութեան համար փոխադրակառքերը անվճար են:
Նորութիւն. տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ նաեւ, թէ պատրաստ է ընդունելու 2 տարեկանէն սկսեալ փոքրիկներ մանկապարտէզի Ծիլ դասարան:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել քարտուղարութեան կամ հեռաձայնել
01-241541 թիւին:
Դէպի լուսաւոր ապագայի միակ հասցէն` Ազգային Միացեալ վարժարան:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
2022-2023 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէնութիւնը կը յայտնէ, թէ արձանագրութիւնները կը շարունակուին «Օսի Քեսմէեան» մանկամսուրի վեց
ամսականէն սկսեալ փոքրիկներէն մինչեւ ԺԲ. կարգերը` ընդգրկելով երեք բաժանմունքները`
Ընկերատնտեսական SE
Կենսաբանական LS
Ընդհանուր Գիտութիւններ GS
2022-2023 տարեշրջանի արձանագրութիւններուն համար գրասենեակները բաց պիտի ըլլան երկուշաբթի, երեքշաբթի, չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը` առաւօտեան ժամը 8:00-12:00:
Ուշադրութիւն: «Օսի Քեսմէեան» մանկամսուրը օժտուած է մանուկներու փոխադրութեան յարմար նոր հանրակառքով:
Սեպտեմբերին կրթաթոշակը ամբողջութեամբ վճարուելու պարագային կը տրամադրուի 5% զեղչ:
Բարձրորակ ուսմամբ եւ հարազատ հայկական մթնոլորտով ապագայ կերտելու համար դիմեցէ՛ք Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, հեռաձայն` 04-542037:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻՆ
Առեւտրական հաստատութիւն մը կարիք ունի երիտասարդ տղամարդ պաշտօնեայի մը` 20-էն 25 տարեկան:
Դիմել հեռ. 03-628077, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-4:00: