—————————————
ՄԵԾԱՀԱՆԴԷՍ ԹԱՓՕՐ`
Ս. ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ սիրելի ժողովուրդին, թէ կիրակի, 11 սեպտեմբեր 2022-ին նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ Խաչվերացի տօնին առիթով մեծահանդէս թափօր, անդաստան եւ երեկոյեան ժամերգութիւն պիտի կատարուի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին:
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու եւ հաղորդակից դառնալու սոյն հոգեպարար արարողութեանց:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ՃԻՆԻՇԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿ
ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏՆՕՐԷՆԻ ԿԱՐԻՔ
Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկը, որ կը տանի խնամատարական եւ ընկերային բարգաւաճման գործունէութիւն, կարիքը ունի տնօրէն/տնօրէնուհիի մը:
Ենթական պէտք է ըլլայ համալսարանաւարտ, մասնագիտացած` վարչական-հաշուապահական գործառնութիւններու (Administration, Business and Management) աշխատանքներու մարզին մէջ:
Թեկնածուն պէտք է`
ա.- ըլլայ նախընտրաբար լիբանանահպատակ,
բ.- ունենայ առնուազն հինգ տարուան վարչագիտական-հաշուապահական աշխատանքային փորձառութիւն եւ ծանօթութիւն ու հետաքրքրութիւն` ընկերային-բարեսիրական կառոյցներով,
գ.- ըլլայ քաջածանօթ անգլերէն, հայերէն եւ արաբերէն լեզուներուն,
դ.- ըլլայ հաղորդական եւ հետաքրքրուած` հանրային բարօրութեան ձգտող ծրագիրներով:
Ամբողջական պաշտօնական գործի սահմանումը եւ դիմում ղրկելու տեղեկութիւնը անգլերէնով կարելի է ներբեռնել/իջեցնել` գործածելով հետեւեալ յղումը`
https://www.jinishian-lb.org/vacancies/
Յարմարագոյն թեկնածուներուն հետ հանդիպումները տեղի պիտի ունենան նախապէս ճշդուած ժամադրութեամբ:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԾԱԽՈՒ Է
520 քառ. մեթր հողաշերտ, Երեւանի մէջ` Նոր Կիւրինի շրջան, գեղատեսիլ դիրք, դիմել` պրն. Վաչէին: Հեռ. 71-306026:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻՆ
Առեւտրական հաստատութիւն մը կարիք ունի երիտասարդ տղամարդ պաշտօնեայի մը` 20-էն 25 տարեկան:
Դիմել հեռ. 03-628077, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-4:00: