ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ
Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած զինուորական լայնածաւալ գործողութիւններուն պատճառով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կազմակերպած` «Դիմադրութիւն» շարժումին այսօր տեղի ունենալիք զօրակցական հաւաքը յետաձգուած է:
—————————————
ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ` ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԷՄ
Ուրբաթ, 16 սեպտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին,
Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց, Այն Աար:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Քրիստին Ունճեան եւ զաւակները` Նոյեմի եւ Մերուժան
Ունճեան ընտանիք
կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր եւ հարազատին`
ՄԻՀՐԱՆ (ՄԻՐՕ) ՈՒՆՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 9 սեպտեմբեր 2022-ին, Քաանի Կրաս շրջանի մէջ, Ֆրանսա:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 14 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին, Նիս քաղաքի Ս. Ֆիլիփ-Մերի եկեղեցւոյ մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւններ կատարել www.fondsarmenien.org կամ www.fondationfrance.org/fr/
—————————————
Image may be NSFW.
Clik here to view.
ՏՕՆ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՍՐԲՈՅ ԽԱՉԻ,
ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 107-ԱՄԵԱԿ ԵՒ
ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 83-ԱՄԵԱԿ
Կազմակերպութեամբ`
Ս. ՊՕՂՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ
- ՈՒՐԲԱԹ, 16 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022-ԻՆ, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Այնճարի գերեզմանատան մէջ տեղի պիտի ունենայ ԽԱՉՔԱՐԻ ԶԵՏԵՂՈՒՄ, ի յիշատակ Այնճարի հիմնադրութեան համար նահատակուած հայորդիներուն:
- ՇԱԲԱԹ, 17 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022-ԻՆ, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, աղի օրհնութիւն եւ ոչխարներու զենում, երեկոյեան ժամը 5:30-ին` Խաչվերացի նախատօնակ եւ երեկոյեան ժամերգութիւն:
- ԿԻՐԱԿԻ, 18 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022-ԻՆ,
առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ սուրբ եւ անմահ պատարագ, հոգեհանգստեան արարողութիւն Մուսա լերան հերոսամարտի 18 նահատակներու յիշատակին, մատաղի օրհնութիւն եւ բաշխում:
Պատարագը պիտի մատուցէ յաւուր պատշաճի քարոզէ եւ մատաղօրհնէքը կատարէ`
Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
մասնակցութեամբ կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» երգչախումբին:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————
Image may be NSFW.
Clik here to view.
—————————————
ԾԱԽՈՒ Է
520 քառ. մեթր հողաշերտ, Երեւանի մէջ` Նոր Կիւրինի շրջան, գեղատեսիլ դիրք, դիմել` պրն. Վաչէին: Հեռ. 71-306026: